ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Իւրաքանչիւր հայ անհատ որոշակի պարտականութիւններ ունի ազգի հանդէպ, ինչպէս եւ ազգը՝ ամէն մի անհատի
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Իւրաքանչիւր հայ անհատ որոշակի պարտականութիւններ ունի ազգի հանդէպ, ինչպէս եւ ազգը՝ ամէն մի անհատի»
30 Մարտ 2020
Բարի լոյս՝ որեւէ իշխանութեան ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ժողովուրդէն ստանալու եւ ամէն իշխանութեան ՀԱԿԱԿՇԻՌ ժողովուրդին յանձնելու ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴին։
Բարի լոյս՝ ժողովուրդի իշխանութիւնը ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ երկար ու դժուարին ճանապարհին միշտ ժողովուրդին ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՆԱԼՈՒ եւ ըստ այնմ յառաջանալու ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ ի հարկին ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ, այլեւ նախընտրաբար ԱՆԱՐԻՒՆ՝ ԹԱՒՇԵԱՅ յեղափոխութեան միջոցաւ իշխանութիւնը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ՅԱՓՇՏԱԿՈՂ ցեցերը վատնելու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ զօրաշարժին։
Մարտ 30ի այս օրը, 157 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը նուաճեց՝ արդի ժամանակներու մէջ եւ յանուն ժողովրդական իշխանութեան հաստատման, իր առաջին սահմանադրական ու ժողովրդավարական ոստումը՝ Հայոց ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ սուլթանական վաւերացումը պարտադրելով Օսմանեան Կայսրութեան։
Յուշատետրը պատմական ընդհանուր արժեւորումը կատարած է 1860ին հաստատուած Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան սուլթանական պաշտօնական ճանաչումին։ Այդ սահմանադրութիւնը թէեւ առկախուեցաւ Կարմիր Սուլթանին կողմէ, իսկ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն ետք ընդհանրապէս փոխարինուեցաւ քեմալական «հանրապետութեան» օրէնքներով, այդուհանդերձ՝ հայկական սփիւռքի ազգային-եկեղեցական կեանքի ղեկավարման ՀԻՄՔը դարձաւ՝ որոշապէս ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆը ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ վրայ խարսխելով։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄԷՆ ետք, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ նուիրագործման միեւնոյն արդարագոյն հիմունքով, հայոց ՊԵՏԱԿԱՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔը ժողովրդավարական եւ սահմանադրական սրբագործուած հունով յառաջ մղելու ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ մերօրեայ ԶԱՐԹՕՆՔին։
Սահմանադրութիւն՝ որ չի մշակուիր կամ չի վերանայուիր այս կամ այն իշխանաւորի քմայքին ու աթոռամոլութեան ծառայելու ստրկամտութեամբ, այլ շարունակ կը կատարելագործուի՝ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԼԾԱԿՆԵՐը հետեւողականօրէն ժողովուրդին հակակշռին տակ պահելու խստապահանջութեամբ։
Բարի լոյս՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆը ամրագրելու մշտանորոգ ոգորումին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ