ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 30 Մարտ 1863 Օսմանեան սուլթանը ստիպուեցաւ վաւերացնելու Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 30 Մարտ 1863 Օսմանեան սուլթանը ստիպուեցաւ վաւերացնելու Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

30 Մարտ 1863.
Օսմանեան սուլթանը ստիպուեցաւ վաւերացնելու
Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 30ի այս օրը, 1863 թուականին, Օսմանեան Կայսրութեան օրուան գահակալին «սուլթանական հրովարտակով»՝ պաշտօնական վաւերացումի արժանացաւ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։

Հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի ազգային ինքնահաստատման եւ ինքնակազմակերպման երկա՜ր ու դժուարին ճամբուն վրայ, Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը կը հանդիսանայ կարեւորագոյն նուաճում մը եւ միանգամայն առաջին հիմնարար անկիւնաքարերէն մէկը ազգային ինքնորոշման մեր իրաւունքին նուիրագործման։

Դիւրին չեղաւ ձեռքբերումը սուլթանական «վաւերացում»ին, որովհետեւ ինչպէս որ «կայսերական հրովարտակին» վերաբերեալ Օրմանեան Պատրիարք նշած է իր «Ազգապատում»ին մէջ, սուլթանը ամբողջ 34 ամիս ձգձգեց օսմանեան պետութեան անունով պաշտօնական վաւերացումը Թուրքիոյ Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան, որ Հայոց Պատրիարքութեան օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովին կողմէ որդեգրուած էր 1860ի Մայիս 24ին։

Այո՛, հայոց Զարթօնքի Սերունդին մղած անվհատ պայքարին շնորհիւ էր, որ արեւմտահայութիւնը յաջողեցաւ ազգային իր կեանքի ժողովրդավարական կազմակերպման հիմերը դնել ու ամրապնդել, ի հեճուկս թրքական պետութեան կողմէ յաճախակի, պատեհ թէ անպատեհ ամէն առիթով տարածուած այն ստայօդ քարոզչութեան, թէ Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակներէն իսկ թուրք քաղաքական միտքը, իբր թէ «ամենայն լայնախոհութեամբ ու հանդուրժողականութեամբ», յարգած է եղեր կրօնքը եւ համայնքային կառոյցներն ու ազատութիւնները իր իշխանութեան տակ ապրող ժողովուրդներուն։

Պատմութիւնը, սակայն, որ իրողութեանց եւ ճշմարտութեանց միակ վստահելի արձանագրողն է, ըստ ամենայնի կը յորդի հակառակը փաստող ապացոյցներով։

Իրողութիւնն ու ճշմարտութիւնը այն են, որ բուռն պայքարներու գնով հայ ժողովուրդը կրցաւ իր ազգային-կրօնական իրաւունքները պահպանել թրքական պետութեան բռնակալ ճնշումներուն եւ ոտնակոխումներուն դէմ։

Այդ առումով մեծապէս ուսանելի է պատմութիւնը Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին, որդեգրումին եւ, ի վերջոյ, սուլթանական վաւերացումին։

Գաղտնիք չէ, որ օսմանցի թուրքը իր լուծին տակ ինկած հայ ժողովուրդին «ինքնուրոյն համայնք»ի կարգավիճակ տուաւ պարզապէս մաքիաւելական այն տրամաբանութեամբ, որ Սուլթանի հպատակները հարկ էր բաժան-բաժան ընել՝ անոնց տիրապետելու համար…

Բիւզանդական Կայսրութեան կործանումէն վերապրած Յոյն Ուղղադաւան Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը տկարացնելու նպատակին կը ծառայէր, առաջին հերթին, Հայոց Պատրիարքութեան ստեղծումը, որպէսզի նորաստեղծ թրքական կայսրութիւնը կարենար քրիստոնեայ հպատակները իրարմէ բաժնել եւ իրարու դէմ լարել, այլեւ ու մանաւանդ սեպ խրել հայեւյոյն գործակցութեան մէջ եւ իր բռնակալ կամքին ենթարկել բոլորը…

Թուրք պետական-քաղաքական միտքը մինչեւ այսօր միեւնոյն մաքիաւելականութեամբ կը շարունակէ խաղարկել իր լուծին տակ ինկած ժողովուրդներուն կրօնական իրաւունքները «յարգելու» կեղծիքի լարին վրայ։

Աւելի՛ն. 1860ականներուն, Օսմանեան Կայսրութեան գահակալը, ընդհանրապէս իր բռնատիրական իշխանութիւնը պահպանելու մտասեւեռումով, չէր կրնար ընդունիլ, որ սահմանադրական կարգերու հաստատման փորձ կատարուի իր տիրակալութեան սահմաններէն ներս, նոյնիսկ եթէ խօսքը կը վերաբերէր «միլլէթ»ի մը՝ ազգային-կրօնական փոքրամասնութեան մը ներ-համայնքային կեանքի կազմակերպման մէջ ժողովրդավարական տարրական կանոններու կիրարկումին։

Իսկ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը սոսկ ներ-համայնքային կեանքի կազմակերպման հետամուտ կանոնադրութիւն մը չէր, նոյնիսկ եթէ պաշտօնական անուանումը այդպիսին էր՝ կանոնագրութիւն էր (Նիզամնամէ) օսմաներէնով։

Արեւելեան կողմն Հայաստանի, ուր Ցարական Կայսրութիւնը հաստատած էր իր տիրակալութիւնը՝ իբրեւ «քրիստոնեայ» եւ հայոց «ազատարար» պետութիւն, ռուս միապետական իշխանութիւնը փութացած էր մշակելու եւ պարտադրելու իր լուծը ամրագրող կանոնագրութիւն մը՝ Պոլոժենիան, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կառոյցն ու կազմակերպական կեանքը ամբողջապէս Ցարի հակակշռին տակ առնելով։

Փաստօրէն, Պոլոժենիան՝ Հայաստանեայց Եկեղեցին ղեկավարելէ աւելի, զայն ցարական վարչամեքենայի հսկողութեան տակ պահելու կոչուած կանոնադրութիւն մըն էր։

*
* *

Մինչդեռ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ թէ արեւելեան՝ հայկակա՛ն նահանգներուն մէջ, 1850ականներուն արդէն, բուռն պայքար ծաւալած էր յանուն հայութեան կեանքը ժողովրդավարական մասնակցութեան սկզբունքներով ղեկավարելու իրաւունքին։

Առաջացած էին հակադիր երկու ճակատներ. մէկ կողմը կղերամիտ եւ պահպանողական հոգեւորականներն ու ազգային ջոջերն էին՝ ամիրաներու եւ սեղանաւորներու ներկայացուցիչներով, իսկ միւս ճակատին վրայ խմբուած էին ազատախոհ մտաւորականները, որոնց աջակից էին նաեւ լուսամիտ հոգեւորականները եւ նոր կազմաւորուող քաղքենի խաւի, արհեստաւորներու (էսնաֆ) յառաջդիմական տարրերը։

Աշխարհաբարի որդեգրման եւ համընդհանուր ազգային զարթօնքի ժամանակաշրջանն էր արեւմտահայոց համար։ Եւրոպա ուսանած, Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր 1848ին Եւրոպայի տարածքին յեղափոխական բուռն պոռթկումներուն ականատես ու մասնակից դարձած խումբ մը հայ երիտասարդ մտաւորականներ, վերադառնալով Երկիր՝ յառաջդիմական իրենց գաղափարներով արթնցուցած էին Պոլսոյ թէ գաւառներու հայութիւնը։

Նոյնինքն Օսմանեան Կայսրութիւնը ընդհանրապէս յայտնուած էր Եւրոպայէն տարածուող ժողովրդավարական գաղափարներու ուժեղ հոսանքին տակ, մանաւա՛նդ Պոլսոյ մէջ, ուր մամուլը հսկայաքայլ զարգացում կ՚ապրէր եւ կ՚ընդարձակէր ժողովրդային լայն բազմութիւններուն հասնելու իր ազդեցութեան շրջագիծը։

Քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ձեռքբերման համար տակաւ սաստկացող համընդհանուր այդ պայքարի մթնոլորտին մէջ, արեւմտահայ զարթօնքի շարժումը կեդրոնացած էր Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան վարչական-ժողովական կեանքի բարեկարգման եւ ժողովրդավարացման վրայ, որովհետեւ օսմանեան օրէնքով իսկ Հայոց Պատրիարքութեան փոխանցուած էր կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն ոչ միայն հոգեմտաւոր կեանքի, այլեւ քաղաքացիական իրավիճակին առընչուող բոլոր հարցերու կարգաւորման լիազօրութիւնը, անշուշտ միշտ սուլթանական կառավարութեան բռնակալ հակակշռին տակ։

Պատրիարքարանի ղեկավարման եւ այդ ճամբով հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքացիական կեանքի կարգաւորման ամբողջ գործունէութիւնը կղերի ու պահպանողական իշխանաւորներու մենաշնորհէն, կամայականութենէն եւ սուլթաններու ստրկամիտ ծառայութենէն դուրս բերելու, այլեւ ժողովուրդի լայն խաւերուն ներգործօն մասնակցութեամբ հակակշռելու Զարթօնքի Շարժումը յաղթական մակընթացութեան փուլ թեւակոխեց 1853ին։

Պատրիարքութեան Ազգային Հոգեւոր եւ Գերագոյն Ժողովներու միացեալ նիստը, այդ տարի, տեղի տալով համաժողովրդային թափ ստացած ազատախոհ ճակատի ճնշման առջեւ, որոշեց կեանքի կոչել հայութեան կրթական կեանքի ղեկավարման յատուկ մարմին մը՝ «Ուսումնական Խորհուրդ» անունով, որուն պէտք է փոխանցուէր հայոց ազգային թէ մասնաւոր վարժարաններու եւ կրթական հաստատութեանց մատակարարման եւ մանկավարժական գործունէութեան հունաւորման ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։

Յատկանշականը այն էր, որ նորաստեղծ «Ուսումնական Խորհուրդ»ին անդամ նշանակուեցան Եւրոպայէն ուսումնաւարտ խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներ։ Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Ն. Պալեան, Ս. Վիչէնեան (Սերվիչէն), Կարապետ Իւթիւճեան, Մկրտիչ Աղաթոն եւ Գրիգոր Աղաթոն անունով այդ երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ եւ նուիրումով լծուեցան հայեցի ուսումնական ծրագիրներու բարեկարգման եւ ընդհանրապէս հայոց կրթական կառոյցներու ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմերու վրայ դնելու աշխոյժ աշխատանքին։

Բնականաբար անոնք բախեցան իշխող մտայնութեանց յարուցած բազմատեսակ խոչընդոտներուն, բայց ոչ միայն տեղի չտուին, այլեւ բարեկարգչական եւ ժողովրդավարացման իրենց պայքարի ծիրը ընդլայնեցին՝ ամբողջ Պատրիարքարանի գործունէութիւնը կանոնակարգելու մարտահրաւէրին ընդառաջ երթալով։

Տարիներու վրայ երկարեցաւ անոնց պայքարը, բայց այդ ժամանակամիջոցին մշակուեցաւ եւ բուռն հակազդեցութիւններու մթնոլորտին մէջ բիւրեղացաւ սահմանադրական ու կանոնադրական սկզբունքներու ամբողջ շարք մը, որ Հայոց Պատրիարքի ընտրութենէն եւ հրաժարեցումէն մինչեւ ազգային իշխանութեանց տարբեր օղակներու կազմաւորման, իրաւասութեանց յստակեցման ու զատորոշման հարցերը օրէնսդրական ու ժողովրդավարական կարգաւորումի ենթարկեց։

Սահմանադրական սկզբունքներու, օրէնքներու եւ կանոններու այդ ամբողջութեան առանցքն ու առաջատար գաղափարը եղաւ հայ ժողովուրդին լիարժէք մասնակցութեան ապահովումը եւ ժողովրդային հակակշռի գերակայութեան հաստատումը Ազգի Գործերու յանձանձման ու ղեկավարման մէջ։

Ահա այդ բարեկարգումներու ամբողջութիւնն էր, որ ստացաւ Ազգային Սահմանադրութիւն անուանումը եւ, յետ երկարատեւ բախումներու եւ ազատախոհական տրամադրութիւններու յաղթական տարածումին, 1860ի Մայիս 24ին ի վերջոյ որդեգրուեցաւ Հայոց Պատրիարքութեան Ազգային Ժողովին կողմէ։

Եւ Ազգային Սահմանադրութեան այդ տարազումով որդեգրումին ընդդիմացող միեւնոյն պահպանողական շրջանակներն էին, որ ամէն միջոցի դիմեցին, որպէսզի այս անգամ խափանեն անոր վաւերացումը սուլթանական կառավարութեան կողմէ։

Ներքին օրինական կարգով հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան կիրարկումը Հայոց Պատրիարքին կողմէ առկախուեցաւ հաստատումէն տարի մը ետք, 1861ի Օգոստոս 26ին։ Բայց Սահմանադրութեան կողմնակիցները տեղի չտուին եւ սաստկացուցին սուլթանական վաւերացումը արագացնելու պայքարը։ 1862ին նոյնիսկ ժողովրդային ցոյցեր կազմակերպուեցան Պոլսոյ հայութեան կողմէ՝ հաստատուած Ազգային Սահմանադրութեան պետական-սուլթանական վաւերացումը պահանջելով։

Ահա՛ ժողովրդային այդ ուժեղ ճնշումը, նոյնպէս եւ եւրոպական արժէքներուն հետ քայլ պահելու Օսմանեան Կայսրութեան բարեկարգումի ընդհանուր հրամայականը ստիպեցին սուլթանին, որ 30 Մարտ 1863ին պաշտօնապէս վաւերացնէ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը։

Անշուշտ սուլթանական վաւերացման արժանացած Կանոնագրութիւնը կարեւոր չափով կրտեց 1860ին հաստատուած Սահմանադրութիւնը։ Անոր 150 յօդուածները զեղչելով նուազեցուց 99ի՝ դուրս ձգելով Պատրիարքութեան հիմնական որոշումներուն կայացման մէջ ժողովրդային ու աշխարհական մասնակցութեան իրաւունքն ու գերակշռութիւնը ամրագրող կարեւոր կէտերը։

Այսուհանդերձ՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմք ծառայեց արեւմտահայոց ազգային կեանքի կազմակերպական վերակառուցումին՝ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու կիրարկման ուղղութեամբ։

30 Մարտ 1863 Օսմանեան սուլթանը ստիպուեցաւ վաւերացնելու Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը

*
* *

Ազգային Սահմանադրութիւնը գործեց մինչեւ 1896, երբ սուլթան Համիտ առկախեց անոր կիրարկումը։ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք անիկա վերստին կեանքի կոչուեցաւ, բայց 1915ի ցեղասպանական մեծ ոճիրէն ետք եւ քեմալական կարգերու հաստատումով՝ ենթարկուեցաւ պետական հիմնովին նոր կաշկանդումներու։

Աւելի քան մէկուկէս դար անցած է այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։
19րդ դարու երկրորդ կէսը հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ամէնէն բուռն դարձակէտը կազմեց։

Հայկական Յեղափոխութեան բռնկումն ու բոցավառումը ուղղակիօրէն արագացուցին հայ կեանքի ղեկավարումը ժողովրդավարական հիմքի վրայ հաստատելու եւ ամրապնդելու Ազգային Զարթօնքի շարժումը։

Այսօր չկայ Օսմանեան Կայսրութիւնը։ 1915էն 1923 հայ ժողովուրդը մեծ մասով ջարդուեցաւ եւ իր հայրենի բնօրրանէն արմատախիլ եղաւ ու աշխարհացրիւ դարձաւ։

Արեւելեան կողմն հայաշխարհի, մեր ժողովուրդը հերոսական իր արեան գնով անկախ հայրենիք կերտեց եւ ազգային պետականութիւն հիմնեց։

Քսաներորդ դարու ողջ ընթացքին հայ ժողովուրդը արդի դարաշրջան մուտք գործեց տարահուն երկու ուղղութիւններով։

Պատմակշիռ այդ ներհակ զարգացումներու բովին մէջ իր կեանքը շարունակեց Ազգային Սահմանադրութիւնը, պատշաճեցաւ հայութեան սփիւռքեան կեանքի պայմաններուն եւ մասնակի փոփոխութիւններով շարունակեց հիմքը կազմել սփիւռքահայ հայօճախներու ազգային կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարումին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցներն ու թեմերը համապատասխան հունի մէջ պահելով եւ առաջնորդելով։

Ազգային Սահմանադրութիւնը հայ ժողովուրդի մերօրեայ իրականութեան լիարժէք համապատասխանեցնելու պահանջը շատոնց հասունցած է։

Յատկապէս Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով՝ նաեւ այժմէական ու հրատապ կարեւորութիւն ստացած է այդ պահանջը։

Եկած է ժամանակը, եթէ ուշացած չէ արդէն, որպէսզի նոյնինքն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն սկսելով եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքը հունաւորող բոլոր Նուիրապետական Աթոռներուն եւ եկեղեցիներուն վրայ տարածուելով՝ 21րդ դարու ժողովրդավարացման ընդհանուր հունին մէջ վերամշակուի, ամբողջացուի ու վերահաստատուի հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը՝ համահունչ մեր ժամանակներու հայ կեանքի առանձնայատկութեանց եւ առաջնահերթութեանց։

Հայաստանի երեսնամեայ անկախութեան բարիքներէն մէկն ալ եղաւ այն, որ նաեւ հայրենի հողի վրայ սկսան աւելի ազատ եւ բարձրաձայն հնչել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը Ազգային Սահմանադրութեան ոգիով եւ տառով վերակազմակերպելու, ազգային-կրօնական մեր կեանքն ու կառոյցները նորովի ժողովրդականացնելու եւ, ի վերջոյ, ժողովրդավար հիմքով վերաթարմացնելու պահանջները։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail