ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Նա է իսկական ազնիւ անձ, որ դէպի ժողովուրդը ունեցած սիրոյ մէջ է փնտռում իւր փառքը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Նա է իսկական ազնիւ անձ, որ դէպի ժողովուրդը ունեցած սիրոյ մէջ է փնտռում իւր փառքը»
4 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու ուղին իրենց հոգեմտաւոր ճառագայթումով լուսաւորած ՄԵՐ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ յատկապէս ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿի խոհականութեամբ եւ իմաստութեամբ հայոց ՔԱՋ ՀՈՎԻՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ, որոնք մէկ ձեռքով ՈԳԵՂԷՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԻ ԽԱՉԸ բարձր պահեցին, իսկ միւս ձեռքով Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ հարթող ԵՐԿԱԹԷ ՇԵՐԵՓը ամուր բռնեցին։
Ապրիլ 4ի ծնունդ է Հայոց Հայրիկը՝ Մկրտիչ Ա․ Խրիմեան Կաթողիկոսը, որու Կեանքին, Գործքին եւ Ժառանգութեան նուիրուած է Յուշատետրի այսօրուան փոստը։
ՄԵԾ ու ԱՆՄԱՀ է Խրիմեան Հայրիկ, որովհետեւ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԻՐ ԴՐՈՇՄով յատկորոշած է հայ ժողովուրդի ներկայ ժամանակներ մուտքի ամբողջ դարաշրջանը։
ԽՐԻՄԵԱՆԻ ՇՈՒՆՉՆ ՈՒ ՈԳԻՆ կը թեւածեն թէ՛ Վարագայ վանքի կրթական հնոցին մէջ թրծուած մեր ժողովուրդի ՍԵՐՆԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԵՐԹԻՆ, թէ՛ «Արծիւ Վասպուրական»ով թափ առած Հայ Մամուլի ԱՌԱՔԵԼԱՇՈՒՆՉ ոգորումին, թէ՛ արեւմտահայ աշխարհաբարի ու ազգային եկեղեցւոյ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆԱՑՆԱՆ ԶԱՐԹՕՆՔԻՆ, թէ՛ Պերլինի Դաշնագրով ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՄԱՆ եւ թէ՛, մանաւանդ, Հայ Յեղափոխական Շարժման հետ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՍՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱԿԱԶՄԻԿ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻՆ վրայ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅՐԻԿի այնքան ողջմիտ յորդորներուն, որոնցմէ փունջ մը արտատպուած է ստորեւ՝ աղբիւրին յղումով։
*
* *
– Մարդիկ հաւասար ծնւում են, անհաւասար ապրում, հաւասար էլ մեռնում են:
– Ներքին անհամերաշխութիւնը աւելի շատ է Հայրենիքը կորստեան մատնում, քան եկած թշնամին:
– Մարդու ազնուութեան ամենափայլուն փաստը նրա մեծահոգութիւնն է եւ ոչ թէ՝ ունեցած հարստութիւնը:
– Նա է իսկական ազնիւ անձ, որ դէպի ժողովուրդը ունեցած սիրոյ մէջ է փնտռում իւր փառքը:
– Տէրը իւր իշխանական կահոյքը դնելով երկնքում, ամբողջ տիեզերքը կառավարում է բնական եւ յաւիտենական օրէնքներով: Նրանք անքակտելի եւ անփոփոխ են, ոչ ոք չի կարող քանդել կամ փոխել՝ նման աշխարհական կանոնների, որոնք մի ձեռքով գրւում են, իսկ միւսով՝ ջնջւում:
– Միթէ՞ կարելի է մերձաւորից խլած հացով կշտանալ: Ո՛չ, գողացուած եւ ուժի զօրութեամբ ձեռք բերած հացը շուտ է վերջանում: Անհատնելի եւ արդար է այն հացը, որ ձեռք է բերւում ճակատի քրտինքով։ Ով այս սկզբունքը ոտնատակ տալով է հաց ուտում, նա քանդում է Աստծու պատուիրանը։
*
* *
Բարի լոյս՝ իրենց ժողովուրդը պաշտելու աստիճան սիրող եւ այդ անսակարկ սիրոյ մէջ իրենց ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆ ՈՒ ՓԱՌՔԸ գտնող հայոց իմաստուն ՕՐՀՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։
Եւ որքա՜ն ԱՆԱՐԺԱՆ պէտք է ըլլան սեփական ժողովուրդը առաջնորդելու եւ ղեկավարելու կոչուած ԱԶԳԸՆՏԻՐ այն ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐը – պետական, հասարակական թէ հոգեւորական -, որոնք հազիւ ԱԹՈՌԻ ԲԱԶՄԱԾ՝ կը մոռնան, այլեւ կ՚արհամարհեն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ իրենց ԿՈՉՈՒՄը՝ բռնանալով ԱԶԱՏ ու ԱՐԴԱՐ ԿԱՄՔին վրայ նոյնինքն իրե՛նց իշխանութիւն վստահած ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ Քորոնավարակի համաճարակը դիմագրաւող ՄԱՐԴՈՒՆ, որ ի վիճակի է ԸՆԿԱԼԵԼՈՒ պատգամն ու յորդորը Հայոց Հայրիկին՝ ամբողջ տիեզերքը կառավարող ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԵԱՆ բնական եւ յաւիտենական օրէնքները յարգելու եւ կիրարկելու ուղղութեամբ․․․
Բարի լոյս՝ մանաւանդ ՈԳԵՂԷՆ ներդաշնակութեամբ ՆԻՒԹԵՂԷՆ կեանքը ԲՆՈՒԹԵԱՆ դէմ չլարող, այլ՝ Խրիմեան Հայրիկի ոգեշնչումով աշխարհակարգը աստուածահաճո՛յ իր հունին վերադարձնելու ՊԱՏՈՒԻՐԱՆԻՆ, որովհետեւ՝
«․․․Գողացուած եւ ուժի զօրութեամբ ձեռք բերուած հացը շուտ է վերջանում: Անհատնելի եւ արդար է այն հացը, որ ձեռք է բերւում ճակատի քրտինքով»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ