ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան»

5 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ միանգամայն թէ՛ տունը ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ Քորոնավարակի դէմ պայքարելու, թէ՛ համացանցով Արցախի ընտրութեանց ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԵԱՆ հետեւելու դատապարտուած ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒՆ, որ այլապէս կրնար այս պահուն հանգիստ նստած՝ ներքին անդորրութեամբ ըմբոշխնել անկորնչելի ԳՈՀԱՐՆԵՐը հայ քնարերգութեան անմահ վարպետներէն ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆի։

Ապրիլ 4ի օրը, 75 տարի առաջ, այս աշխարհին առյաւէտ հրաժեշտ տուաւ արդի հայ գրականութեան ԽՈՀՈՒՆ ՍԻՐԵՐԳԱԿը, որ իր ՄԵԾ ՍՐՏՈՎ մեր սերունդները ՎԱՐԱԿԵՑ Հայաստանի եւ Հայ Լեզուի, այլեւ ԲԱԶՄԱՉԱՐՉԱՐ ու ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ հայ ժողովուրդի անհուն պաշտամունքով։

Յուշատետրի փոստով կարելի է կարճ «պտոյտ մը» կատարել Թէքէեանի բանաստեղծական անդաստանին մէջ։

Իսկ խոկումի այս պահը կը հրաւիրէ ընթերցողը՝ վայելելու, Վահան Թէքէեանի ոգեղինութեամբ յագեցած, «ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ»ի պահը։
Բարի լոյս՝ հաշուեյարդարի օրակարգին, որովհետեւ բնութեան եւ երկրագունդին նկատմամբ ՄԱՐԴՈՒՆ անպատասխանատու, ՔՄԱՅՔՈՏ ՎԱՐՔը այլեւս չի կրնար շարունակուիլ, եթէ կ՚ուզենք առաջքը առնել ողջ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ կործանումին։
Ինչպէ՞ս։

Ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ հաշիւ տալու եւ հաշիւ պահանջելու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ ամէն կարգի կապանքներէ եւ ստրկական շղթաներէ ԱԶԱՏԱԳՐԵԼՈՎ։
Ինչպէ՞ս։

Ուժի եւ իշխանութեան ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄի քաղաքակրթական մոլորանքէն ետ դարձ կատարելով՝ դէպի ուղղակի ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱԿԱԿՇԻՌՆԵՐՈՎ հասարակական կեանքը հունաւորելու ԱՐԴԱՐ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳը։

Բարի լոյս՝ բոլոր ՅՈՒՍԱՎԱՌ ՄՏՔԵՐՈՒՆ, որոնք ի վիճակի են Թէքէեանի հետ ԽՈՍՏՈՎԱՆԵԼՈՒ․-

ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ
(Վահան Թէքէեան)

Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն…:

Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան.
Ինչ որ տարաւ Սէրն ինծմէ՝ չկորսնցուց զայն Աստուած,
Տուաւ ինձ ետ ու ըրաւ կեանքս անով միշտ բուրեան…:

Եւ այժմ, ո՛վ Տէր, հակառակ իմ տանջանքիս, հակառակ
Ինծի համար սա՛ չորցած երջանկութեան աղբիւրին.
Հին գինիով յորդաբուխ ես կ’արբենա՜մ տակաւին…:

Ու չեմ ըսեր «ի՞նչ մնաց…»: Ի՞նչ մնաց հողին տակ
Եղէգներէն դիւրաթէք, կաղնիներէն հաստաբուն,
Արեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն:

Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail