ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ազատութիւնը չեն տար, ազատութիւնը կը խլուի – Եթէ կ՚ուզէք, որ փրթին ձեր բոլոր շղթաները, ընկճեցէ՛ք այն բռնակալը, որ կը տիրէ ձեզմէ ամէն մէկուն կուրծքին տակ – Մեռցուցէք ձե՛ր մէջի բռնակալը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Ազատութիւնը չեն տար, ազատութիւնը կը խլուի։
– Եթէ կ՚ուզէք, որ փրթին ձեր բոլոր շղթաները, ընկճեցէ՛ք այն բռնակալը, որ կը տիրէ ձեզմէ ամէն մէկուն կուրծքին տակ.
Մեռցուցէք ձե՛ր մէջի բռնակալը»։
6 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ազգային ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ կատարելագործումը ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ուղիով յառաջ մղելու ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ լծուած դրօշակիրներուն, որոնց ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ յառաջապահն է ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԵՍի բիւրեղացումին ու կատարելագործումին ամենայն նախանձախնդրութեամբ, խստապահանջութեամբ ու ջերմեռանդութեամբ հաւատալու եւ անսակարկ նուիրուելու Լեւոն Շանթի ՈԳԵՇՆՉՈՂ ԿՏԱԿին։
Ապրիլ 6ի ծնունդ է հայ թատերական գրականութեան մեծ վարպետը, որ հայ ժողովուրդի «Հին Աստուածներ»ուն, «Կայսր»ին, «Շղթայուած»ին եւ «Ինկած Բերդի Իշխանուհիին» հոգեմտաւոր ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ամենայն պարզութեամբ ու խորութեամբ վերծանեց եւ, այդ ներշնչումով, հայոց սերունդներուն ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ ԱՒԱՆԴ յանձնեց ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ճամբով ԻՆՔՆԱԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ հասնելու ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄը։
Բարի լոյս՝ հայաշխարհի չորս ծագերէն լսելի դարձող ազգային սթափումի եւ զգաստացման այն բոլոր ղօղանջներուն, որոնք ահազանգ կը հնչեցնեն Արցախի նախագահական ընտրութեան հարցով բաժակ մը ջուրի մէջ խեղդուելու հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ խարխափումներուն դէմ։
Երբ ամբողջ երկրագունդը զարհուրանքով մտապաշարուած է Քորոնավարակի յաճախանքով՝ Արցախը Լուսնի վրայ գտնուող կտոր մը հողի երանութեամբ ոչ միայն կ՚արհամարհէ մեկուսացման եւ պաշտպանուածութեան ամէն նախազգուշութիւն, այլեւ անօրինակ համաճարակի օրհասական պայմաններու մէջ անձնատուր եղած է իշխանութեան աթոռակռուի․․․
Վա՜յ քեզ քաղաք, որ թագաւորդ մանուկ է։
Բարի լոյս՝ Լեւոն Շանթի ներշնչումով Ազգի եւ Հայրենիքի անպատասխանատու բոլոր պատասխանատուներուն արդարօրէ՛ն ահազանգողներուն, թէ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄի բոլոր պայքարներու պարագային ալ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ անհրաժեշտ է մեր ներսիդին տիրող ՆԵՐՔԻՆ ԲՌՆԱԿԱԼը ընկճել, մեռցնել։
Արցախի եւ ընդհանրապէս հանուր հայութեան անվտանգութեան ու նոյնինքն ապագային սպառնացող ներքին բռնակալը այլ բան չէ, եթէ ոչ իշխանութեան հաշիւը ամէն բանէ վեր դասելու աթոռամոլներու ընչաքաղցութիւնը։
Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին։
Բարի լոյս՝ բոլոր անոնց, որոնք մանաւանդ այսօր ի վիճակի են Շանթի հետ խարանելու բոլոր անպատասխանատուներու ճակտին, թէ՝
«Արդի ու անցեալ մեր ամբողջ հալածանքը, մեր ամբողջ տառապանքը, մեր մարդկային արժանապատուութեան այս ամբողջ լեղին եթէ մենք կը խմենք, կը խմենք միայն մէկ նպատակով, որ դիմադրենք, մաքառինք, յանձն առնենք ամէն ինչ, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր բոլոր իրաւունքներուն, իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ