ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ․- Աշխարհում մայրն է միակ Աստուածը, որն ուրացող չունի – ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ․- Մայրերի ափի մէջ պիտի փնտռել ազգերի ճակատագիրը

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ․- Աշխարհում մայրն է միակ Աստուածը, որն ուրացող չունի – ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ․- Մայրերի ափի մէջ պիտի փնտռել ազգերի ճակատագիրը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ․- Աշխարհում մայրն է միակ Աստուածը, որն ուրացող չունի:
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ․- Մայրերի ափի մէջ պիտի փնտռել ազգերի ճակատագիրը:

7 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ Մարդուն եւ Բնութեան, Կեանքին ու Յաւերժութեան համ ու հոտ ջամբող ՄԱՅՐԱԿԱՆ ԱՆՍՊԱՌ ԽԱՆԴԱՂԱՏԱՆՔԻՆ։
Բարի լոյս՝ «քանի մայրը կայ` խիղճը չի մեռնի, քանի խիղճը կայ` Աստուած կը յառնի» աղօթելով իրենց օրը իմաստաւորողներուն։

Բարի լոյս՝ մարդկութեան դիմագրաւած համաճարակային զարհուրանքի եւ մղձաւանջի ամէնէն դժուարին պահերուն անգամ ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԵԱՆ ու ՕՐՀՆԱՆՔԻՆ մէջ իրենց ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՈՒԺը յայտնագործողներուն։

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցը Ապրիլ 7ին կը նշէ Սուրբ Աստուածածնի Աւետման օրը։ Իսկ 1995 թուականէն ասդին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան որդեգրած տօնացոյցով՝ Ապրիլի 7ն ներառուած է ազգային-պետական տօներու շարքին, իբրեւ Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օր։

Յուշատետրը ներկայացուցած է օրուան խորհուրդը՝ լուսարձակի տակ առնելով մեր Մայրերուն եւ ընդհանրապէս Մայրութեան նուիրուած իմաստասիրական եւ բանաստեղծական խոհերն ու յոյզերը։

Իսկ այսօրուան խոկումի կիզակէտին ՄՕՐ ԿՈՉՈՒՄԻՆ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄն է՝ հայոց անմահներէն Յովհաննէս Շիրազի եւ Գարեգին Նժդեհի կողմէ։

Բարի լոյս՝ դժուարին փորձութեանց ժամանակ իսկ ամէն կարգի ՈՒՐԱՑՄԱՆ բոլոր դռները փակելու ՎԵՀՈԳՈՒԹԵԱՆ, որուն ներշնչման անսպառ աղբիւրն է ՄՕՐ ՍԷՐը։

Մայր Բնութեան նկատմամբ ՈՒՐԱՑՄԱՆ հետեւանքով է, որ ամբողջ քաղաքակրթութեամբ ահա յայտնուած ենք ԻՆՔՆԱԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ԱՌՋԵՒ։

Բարի լոյս՝ հայոց Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՊԱԳԱՆ, այլեւ հանուր Մարդկութեան եւ Երկրագունդի ԳԱԼԻՔը նուաճելու ընդունակ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ իրենց ԱՐԴԱՐ ՇՈՒՆՉով կազմաւորող բոլոր մայրերուն։

Ինչպէս որ մեծն Պարոյր Սեւակ պատգամած է՝ «ՄԱՅՐԸ ՄԻ՛ՇՏ ՄԱՅՐ Է, ՈՐԴԻՔՆ ԵՆ ՏԱՐԲԵՐ»։

Մեր ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆ ԵՆՔ ինչպէս Հայաստանն ու Հայութիւնը, նոյնպէս եւ Երկրագունդն ու Քաղաքակրթութիւնը ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍով հունաւորելու ՈՐԴԻԱԿԱՆ անփոխարինելի ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆը։

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail