ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի միայն ազգային-քաղաքական յեղափոխութեամբ

Spirituel home of armenians, Adiyaman, Western Armenia

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի միայն ազգային-քաղաքական յեղափոխութեամբ

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի միայն ազգային-քաղաքական յեղափոխութեամբ»

8 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ հայութեան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ տեսլականը իրենց սեւեռակէտին պահած եւ անոր ՄՂԻՉ ՈՒԺՈՎ պայքարի իրենց երթը յառաջ մղող ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր կ՚ոգեկոչեն անմեռ յիշատակը հայ յեղափոխական շարժման արժանաւոր դրօշակիրներէն ԳԱՌՆԻԿ ԳԻՒԶԱԼԵԱՆի։

Ապրիլ 8ի այս օրը, 1958 թուին, մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ Հայաստանի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴի յառաջապահ այս ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄՇԱԿը, որ Ազգի ու Հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան իտէալը անխոնջ ՍԵՐՄԱՆԵՑ իր դաստիարակութեան յանձնուած իրերայաջորդ սերունդներու հոգիներուն մէջ՝ տարագիր կողմն հայաշխարհի։

Յուշատետրով ամփոփ ներկայացուած են ծառայութիւնն ու վաստակը Գառնիկ Գիւզալեանի։ Խոկումի այս գրառումը նուիրուած է Գիւզալեանի ՊԱՏԳԱՄԻՆ, որ նաեւ մեր օրերուն կը լուսաւորէ ՊԱՀԱՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ պայքարի ուղին՝ Հայ Դատի արդար լուծման ազգային ռազմավարութեան արմատները ջրդեղելով հայոց սերունդներու հաւաքական յիշողութեան մէջ։

Բարի լոյս՝ հայոց Ազգի եւ Հայրենիքի ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔը «ազգային-քաղաքական յեղափոխութեան» մէջ գտնելու եւ ամրապնդելու Գառնիկ Գիւզալեանի ԿՏԱԿին։

Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան, այլեւ հայ անհատին թէ հանրութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, նուաճած ձեռքբերումներն ու արձանագրած յաղթանակները միեւնոյն պրիսկակով՝ հայ «ազգային-քաղաքական յեղափոխութեան» արժեչափով հաշուեյարդարի ենթարկող հայ քաղաքական մտքի ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք անձնուիրաբար կ՚աշխատին իշխանութեան ու փառքի վաշխառուներու պատեհապաշտ հաշիւներէն վեր պահելու ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՄԵԶԻ ԱՒԱՆԴ ՀԱՍԱԾ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՆԿՈՐՆՉԵԼԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐը, որոնց շնորհիւ միայն ազգովին կրնանք ՅԱՂԹԱԿԱՆ դուրս գալ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ՈՍՈԽին հետ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ՈՒԺԵՐՈՎ մեր գօտեմարտէն։

Բարի լոյս՝ քաղաքական թէ հասարակական ամէն ոգորում հայոց «ազգային-քաղաքական յեղափոխութեան» արմատներուն կառչած պահելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ, որ միակ ուղին է Ազգի եւ Հայրենիքի ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ՝ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ նուաճելու պայքարի դժուարին ճանապարհին։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 8 Ապրիլ 2020 – Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 8 Ապրիլ 2020 – Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail