ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայ Ազատամարտիկը ձեզ է ժառանգել Մեր յաղթած երկրի հողն ու բարիքը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Հայ Ազատամարտիկը ձեզ է ժառանգել
Մեր յաղթած երկրի հողն ու բարիքը»
9 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂ ԱԶԱՏԱԳՐԱԾ եւ հայ ժողովուրդին մէջքը շտկած Արցախեան Պայքարի քաջարի ազատամարտիկներուն, որոնք Ապրիլ 9ի այս օրը, 1994 թուականին, Արեգասարի երկօրեայ Գործողութեամբ Արցախեան Ազատամարտը պսակեցին վճռորոշ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ։
Յուշատետրի փոստը ամփոփ ներկայացումը կատարած է Արցախեան Պատերազմի յաղթական զինադուլը հնարաւոր դարձուցած Արեգասարի Գրոհին՝ ականատեսի եւ ժամանակակիցի վկայութեան մէջբերումով։
Բարի լոյս՝ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳի պահերուն ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՄՔ ԵՒ ԲՌՈՒՆՑՔ շղթայազերծելու հայ ժողովուրդի անընկճելի ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ, որուն փառահեղ դափնեպսակը կը հանդիսանայ Հայոց Արցախի ԻՐՈՂԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄը ատրպէյճանական անարգ լուծէն։
Բարի լոյս՝ արտաքին վտանգներու դիմագրաւումէն եւ անարգ թշնամիներու դէմ յաղթանակներէն ետք, ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՍՈՒՐԲ ԱՐԵԱՄԲ ձեռքբերուած նուաճումներուն ՏԷՐ ԿԱՆԳՆՈՂ եւ ամէն կարգի ՑԵՑԵՐԷ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ։
Քսանվեց տարի անցած է ԱՐԵԳԱՍԱՐԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԷՆ ասդին եւ աշխարհով մէկ սփռուած հայ մարդոց ՍԻՐՏԸ Կ՚ԱՐԻՒՆԻ ամէն անգամ, որ Արցախեան Հերոսամարտին նուիրուած եւ համացանցով բոլորին մատչելի երգերու շարքին կը հանդիպի հետագայ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԾԱՆՐԱՑԱԾ ղօղանջի․-
Աղետականչ զանգեր ղօղանջէք – ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
«․․․Մեծ Աւարայրում մենք ըմբոստացանք,
Սարդարապատում` յաղթանակ տարանք,
Ղարաբաղեան այս գոյապաքարում`
Եղեռնագործին օտար, նուաճող,
Քթները կոտրինք մենք կռուի դաշտում,
Ու ազատամարտի քաջ հերոսներդ`
Յաղթական փառքով վերադարձան տուն:
Իսկ հիմա ահա մեր իսկ օջախում,
Երկրիդ դաւաճան այրերն են վխտում:
Եւ քո թշնամին այրերդ են այսօր,
Որ ուրանալով գաղափարը մեր,
Արիւնով անմեղ իշխան են դարձել,
Որ անգամ այսօր պատառը հացի
Որբ դարձած մանկան բերնից են խլում:
Այն որբ մանուկի, որի հայրը քաջ`
Արեգասարի մարտերում ընկաւ:
Ա՜խ, թէ ողջ մնա՜ր… Կը խելագարուէր,
Կը կոմիտասուէ՛ր երկրիդ ցաւերից`
Երկրիդ իշխաններն ինչե՞ր են արել.
Յաղթած քաջերին` զնդանը նետած…
Դաւաճանութի՜ւն… Դաւադի՛ր այրե՛ր,
Այդ ե՞րբ ենք այսպէս հնազանդ եղել…»։
26/04/2012 թ. Վ .Յովհաննիսեան
https://ok.ru/group57400006475808/topic/66160709735712
Կարեւոր չէ, որ ի՜նչ աստիճանի կամ ի՜նչ տարողութեամբ ԽՈՑՈՒԱԾ ու ՏԿԱՐԱՑԱԾ Է Հայաստանի եւ ՀայութեաՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄՐՈՑը։
Կարեւորը ա՛յն դաժան ու դառն իրողութիւնն է, որ Արեգասարի կռուին ինկած հերոսին որբ զաւկին բերնէն պատառ մը հացն անգամ խլելու անխղճութեան մասին պնդումը երգի կը վերածուի․․․ հայ մարդոց կողմէ։
Աւելի կարեւորը այն ՏԽՈՒՐ իրականութիւնն է, որ մինչ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ միեւնոյն ԽՐԱՄին մէջ իրարու կը միացնէր «Էջմիածնի Մանուէլ»ն ու «Շուն Շահէն»ը, ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆը ոչ միայն իրարմէ հեռացուց, այլեւ իրարու հակադրեց երէկուան ԶԷՆՔԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐը։
Բարի լոյս՝ հայաշխարհին վրայ ամէն օր ծագող արեգակին հետ մեր ժողովուրդի յաղթական հերոսներու ՓԱՌԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴին պահապան կանգնելու եւ, միաժամանակ, ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ՈՒԺը կրծող ներքին ցեցերու ՋԼԱՏԻՉ ՉԱՐԻՔին դէմ միասնաբար ծառանալու ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ։
Արեգասարի յաղթանակը կերտած մեր ազատամարտիկներուն պարտական ենք առնուազն ԱՆԱՂԱՐՏ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄը իրենց արեան գնով նուաճուած «մեր յաղթած երկրի հողին ու բարիքին»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ