ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մեզ՝ հայերիս համար, շատ դժուար է պատմել մեր ցաւի մասին

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մեզ՝ հայերիս համար, շատ դժուար է պատմել մեր ցաւի մասին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մեզ՝ հայերիս համար, շատ դժուար է պատմել մեր ցաւի մասին

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Մեզ՝ հայերիս համար, շատ դժուար է պատմել մեր ցաւի մասին»

10 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ թշնամիի ՄԱՀԱՑՈՒ ՀԱՐՈՒԱԾին տակ ծանր զոհեր տալով եւ անփոխարինելի կորուստներ ունենալով ու ԸՆԿՐԿԵԼՈՎ հանդերձ, միշտ գոյատեւելու կենսունակութեամբ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՂ եւ դէպի Ազատութիւն ու Արդարութիւն հաստատակամ իր երթը ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԹԱՓՈՎ յառաջ մղող Հայաստանին եւ Հայութեան։

Ապրիլ 10ի այս օրը, 1992 թուականին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ցեղասպանական սպանդ մը եւս գործեցին հայոց Արցախ աշխարհի խաղաղ ու անզէն ժողովուրդին դէմ՝ ռազմավարական կարեւոր դիրք ունեցող Մարաղա գիւղին վրայ օր ցերեկով գրոհելով եւ կոտորած, աւեր ու թալան սփռելով աջ ու ձախ։

Ինչպէս որ Յուշատետրի փոստով ներկայացուած է՝ թշնամին ամենայն վայրագութեամբ պղծեց ու յօշոտեց իր կրակին կամ կացինին տակ ինկած տասնեակներով անպաշտպան հայեր․․․

մինչեւ որ ազատամարտիկ հայորդիներու հակագրոհին տակ ստիպուեցաւ փախուստի դիմելու՝ իր շարքերէն զոհեր տալով։
Բարի լոյս՝ արդար դատերու պաշտպանութիւնը ԿՈՉՈՒՄի վերածած ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՆԵՐուն, որոնց ԱՆՎԵՀԵՐ ՁԱՅՆը՝ Մարաղայի կոտորածին եւ ընդհանրապէս Արցախեան Ազատամարտի պարագային հանդիսացաւ, օրին, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին փոխ-խօսնակը՝ Պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը։

Ինչպէս հայկական, այնպէս եւ անկախ լրատուական միջոցները մինչեւ այսօր կը նշեն, որ չնայած իր դաժանութեան՝ Մարաղայի կոտորածը գրեթէ չէ լուսաբանուած միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ եւ անյայտ մնացած է լայն հանրութեան համար:

Պարոնուհի Քոքս կը յայտնէ, որ «Տէյլի Թելեկրաֆ» բրիտանական թերթը սկիզբը համաձայնութիւն տուած էր վաւերագրական լուսանկարներով թղթակցութիւն տպելու Մարաղայի կոտորածին մասին, բայց յետոյ հրաժարած էր այդ մտադրութեանէն։

Ահա Քոքսի վկայութիւնը․-

«Տէյլի Թելեկրաֆ» հետս պայմանաւորուեցաւ բացառիկ թղթակցութիւն հրատարակելու մասին՝ օգտագործելով իմ տրամադրած նկար-նիւթերը, ուստի ես չդիմեցի այլ թերթերու: Բայց ժամանակ անցաւ եւ որեւէ հրապարակում չեղաւ: Ես զանգահարեցի գլխաւոր խմբագիրին, բայց ան ըսաւ, թէ որոշած է չտպագրել նիւթը: «Բայց Դուք մի քանի շաբաթ առաջ հրապարակած էիք թղթակցութիւն Խոջալուի դէպքերուն մասին, ինչո՞ւ չէք ուզեր ճշմարտութիւնը տպագրել Մարաղայի մասին»,- հարցուցի ես: Ան պատասխանեց.- «Ես չեմ կարծեր, որ մենք պէտք է զբաղուինք ողբերգութիւններու առեւտուրով՝ պահելու համար հաւասարակշռութիւնը»: Եւ կախեց լսափողը»:

Քոքս կը վկայէ նաեւ այն մասին, թէ ինչո՛ւ Մարաղայի մէջ այդ ժամանակ Զ․Լ․Մ․ներու ներկայացուցիչներ չկային.- «Այդ օրերուն ես շատ մարդ չէի բերած Մարաղա, որովհետև անվտանգ չէր: Այդ այցի ժամանակ ինձ հետ լրագրող կար, որ ցաւօք հետս չեկաւ Մարաղա, այլ գնաց շփման գիծ:

«Նոյն երեկոյեան մենք հանդիպում ունեցանք Արցախի այդ ժամանակուան ղեկավար Արթուր Մկրտչեանի հետ: Ես կը փորձէի յուսադրել զինք՝ Զ․Լ․Մ․ներուն պատմելու Մարաղայի ողբերգութեան մասին: Բայց ան պատասխանեց.- «Ես չեմ կարող: Մեզ՝ հայերիս համար շատ դժուար է պատմել մեր ցաւի մասին»։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅՈՒՆ ՑԱՒը «պատմելու դժուարութեան» գիտակցող եւ այդ ոգիով իրենց պատասխանատուութեան տէր կանգնող Ազգի եւ Հայրենիքի ԻՐԱ՛Ւ ղեկավարներուն, որովհետեւ միայն անոնց ներգործութեամբ եւ միայն այդ լրջախոհութեամբ ի վիճակի ենք ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ, այլեւ՝ ձեռնարկելու մեր ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄՐՈՑԸ ԱՄՐԱՊՆԴՈՂ Ինքնաքննարկման, Հաշուեյարդարի եւ Ինքնամաքրման հաստատ քայլերու։

Հայաստանի եւ Հայութեան ՑԱՒը պատմելը դժուար է, որովհետեւ մեր ներքին վրիպումներուն, կաղացումներուն եւ սահմանափակումներուն հետեւանքով է, որ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկայիս ու գալիքին՝ խոցելի եղած ենք ու խոցելի պիտի մնանք արտաքին թշնամիներու սադրանքներուն եւ հարուածներուն դիմաց։

Մարաղայի կոտորածը ո՛չ առաջինն է, ո՛չ ալ վերջին պարագան է թշնամիին առջեւ հայութեան յանպատրաստի եւ անպաշտպան յայտնուելու դառն ու դաժան իրողութեան։

Եւ ինքզինք յարգող ՀԱՅ ՂԵԿԱՎԱՐը ամէն բանէ առաջ պէտք է երաշխաւորէ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆը հայոց Ազգին ու Հայրենիքին, որպէսզի բարոյական իրաւունքը ունենայ պատմելու ՀԱՅՈՒ ՑԱՒԻՆ մասին։

Մանաւանդ՝ Աշխարհի մը մէջ, ուր նաւթի հաշիւները եւ համաթրքական հայատեացութիւնը ամէն քայլափոխի կը համընկնին՝ ի վնաս եւ ընդդէմ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մեզ՝ հայերիս համար, շատ դժուար է պատմել մեր ցաւի մասին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail