ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՆԵՄԵՍԻՍը – չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր – Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց այն յանցագործները, որոնք․․․

ՆԵՄԵՍԻՍը - չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր - Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց այն յանցագործները, որոնք․․․ դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՆԵՄԵՍԻՍը – չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր – Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց այն յանցագործները, որոնք․․․ դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

ՆԵՄԵՍԻՍը «չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր։ Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց այն յանցագործները, որոնք․․․ դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին»

12 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի հանդէպ ՊԱՐՏՔը կատարած մարդու ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ իր ապրած կեանքը իմաստաւորող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։

Ապրիլ 12ի այս օրը, 1973ին, իր բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑ ԱՆՄԱՀՆԵՐԷՆ ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ, որ հերոսական ամբողջ ՍԵՐՈՒՆԴի մը ԱՒԱՆԴն ու ԴԱՐԱԿԱԶՄԻԿ ՊԱՏԳԱՄը խտացուց հայոց ազգային ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ու ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ մէջ՝ «Կտակն էր Նահատակներուն» ԿՆԻՔով։

Յուշատետրը ամփոփ ներկայացուցած է թրքական պետութեան գործադրած հայոց ցեղասպանութեան բուն պատասխանատուները ԱՐԴԱՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏԻԺԻ ենթարկելու կոչուած՝ 1919ին ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ առաջացուցած ՆԵՄԵՍԻՍ գործողութեան գլխաւոր նուիրեալներէն Արշաւիր Շիրակեանի կեանքն ու արդարահատուցման ՑԵՆԶը։

Այսօրուան «Բարի լոյս»ի խոկումին եւ խորհրդածութեան կիզակէտը հայկական յեղափոխութենէն մեր սերունդներուն ժառանգած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ Է, որ՝

– Նախ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ կ՚արժանացնէ այլապէս եւ ընդհանրապէս սովորական ու դատապարտելի «մարդասպանութեան» հետ դիտաւորեալ ու նենգափոխութեամբ նոյնացուող «ահաբեկչութիւն»ը։

Հայ ժողովուրդը ինչպէ՜ս կրնայ ազգային պաշտամունքի առարկայ չդարձնել ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑ ԲԱԶՈՒԿը ՆԵՄԵՍԻՍի ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒՆ, որոնք նոյնինքն թրքական ու միջազգային օրէնքով դատուած, մահուան դատապարտուած, բայց անպատիժ մնացած ԱՆԱՐԳ ՑԵՂԱՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ դէմ ի վերջոյ արդար մահապատիժի դատավճիռը գործադրեցին։

ՀԱՅ ԱՀԱԲԵԿԻՉը ըստ ամենայնի ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը հաստատող ՀԵՐՈՍն է։

– Ապա՝ ինչպէս որ Արշաւիր Շիրակեանի ՎԱՐՔը առաւելագոյն յստակութեամբ ԿԸ ՊԱՐԶԷ, ո՛չ մէկ հերոսի – սոսկական անհատ ըլլայ ան թէ ամբողջ կազմակերպութիւն մը – արտօնելի է Ազգի եւ Հայրենիքի ԿԱՄՔով իր նուաճած ՀԵՐՈՍՈՒԹԻՒՆը անձնական փառաւորման կամ չարաշահման ԱՅՑԵՏՈՄՍի վերածել․․․

ՇԻՐԱԿԵԱՆՆԵՐԸ պարզապէս ազգային-գաղափարական իրենց պարտականութիւնը կատարեցին եւ անցան-գացին միանալու քաղաքական ու կուսակցական իրենց ընթացիկ կեանքին․ ո՛չ իրենց կատարած ԳՈՐԾը գովազդեցին, ո՛չ ալ ատիկա անձնական կամ կուսակցական «պատրաստի ժառանգ»ի պէս մսխելու փորձութեան մատնուեցան։

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան ուղին իրենց օրինակով անբասիր պահած, այլեւ այսօր ալ անբիծ պահելու իրենց վարքին համար թունաւոր խծբծանքի ցեխարձակումներ դիմագրաւող՝ մեր մէջ եւ շուրջ ապրող հայ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒՆ։

ՆԵՄԵՍԻՍը – չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր – Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց այն յանցագործները, որոնք․․․ դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail