ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայկական պետութիւնը պէտք է տարածուի Կիլիկիայից, Անտիտաւրոսի եւ Տաւրոսի լեռներից մինչեւ սեւ-ծովեան ափերը՝ Տրապիզոնի երկայնքով, Կարսի եւ Երեւանի հայկական արեւելեան նահանգները եւ շրջակայ բարձունքները հիւսիսում ու արեւելքում
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Հայկական պետութիւնը պէտք է տարածուի Կիլիկիայից, Անտիտաւրոսի եւ Տաւրոսի լեռներից մինչեւ սեւ-ծովեան ափերը՝ Տրապիզոնի երկայնքով, Կարսի եւ Երեւանի հայկական արեւելեան նահանգները եւ շրջակայ բարձունքները հիւսիսում ու արեւելքում»
14 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն վրայ պարբերաբար յետադարձ ակնարկ նետող, անցեալի դասերը ազգային մեր յիշողութեան մէջ վերաթարմացնող եւ, յանուն Ազգի ու Հայրենիքի ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔին, այսօրուան մեր ընելիքը օրակարգի վրայ բերող ու լուծում որոնող ՅԱՆՁՆԱՌՈՒՆԵՐՈՒՆ։
Ապրիլ 14ի այս օրը, 101 տարի առաջ, պատմական հնչեղութեամբ հանդիպում մը կայացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի եւ համայն հայ ժողովուրդը ներկայացնող Հայկական Միացեալ Պատուիրակութեան միջեւ։
1918ի վերջերուն Փարիզի մէջ կազմուած եւ մինչեւ Սեւրի Դաշնագիրը գործած Հայկական Միացեալ Պատուիրակութիւնը իր տեսակին մէջ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ միակ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆն է, որ Հայաստանի ու Հայութեան ազգային-քաղաքական ԴԱՏը միջազգային հանրութեան ներկայացուցած է մէկ ու միասնական ճակատով։
Պատուիրակութեան համանախագահները ինքնին պատմական խորհրդանիշ դարձան։ Արեւմտահայոց Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեան, միասնաբար ներկայանալով այդ ժամանակաշրջանի Յաղթական Դաշնակիցներուն կողմէ լիազօրուած ԻՐԱՒԱՐԱՐին՝ Ա․Մ․Ն․ նախագահ Ուիլսընի, փաստօրէն ԳՈՆԷ ԱՆԳԱՄՈՒԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՐ հայոց սերունդներուն ներշնչեցին ազգային այն ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆը, որ երբ ԺԱՄԸ ՀՆՉԷ՝ ՀԱՅԸ ԿՐՆԱՅ ՄԷԿ ՃԱԿԱՏ ԴԱՌՆԱԼ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՆԵՐՈՒԺի իւրաքանչիւր ԿԱԹԻԼին վրայ դողալու եւ գուրգուրալու ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ, որ միակ վստահելի երաշխիքը եղած է պատմութեան քառուղիներուն վրայ շարունակ հարուածուած ու ոտնակոխուած մեր Փոքր Ածուին ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ։
Փարիզի մէջ 1919ի Ապրիլին կը նախապատրաստուէր Խաղաղութեան Վեհաժողովը, որ փաստօրէն քաղաքակիրթ անուանումն էր Հին Աշխարհը յօշոտելու Յաղթական Դաշնակիցներու խօլ մրցապայքարը եզրափակող ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՊՍԱԿԱԴՐՈՒԹԵԱՆ։
Այսինքն՝ Ծովէ ծո՞վ Հայաստան պահանջէինք, թէ՞ խելօք աշակերտի պէս «խելքի մօտիկ սահմաններով Հայաստանի» պահանջներ ներկայացնէինք՝ Նոր Աշխարհի Քարտէսը կը գծուէր եւ կը վերջնականացուէր անկախաբար մեզմէ եւ շատ-շատերէ, նոյնիսկ մեզմէ անհամեմամատօրէն հզօրներէ․․․
Բարի լոյս՝ «մեծերու խաղադաշտին ու խաղին մէջ» նախ բոլոր ուժերով պայքարի դաշտ նետուելու, ապա՝ մէկ ու միացեալ ճակատով պահանջատէր ներկայանալու եւ, վերջապէս – բայց ո՛չ վերջինը – անզիջող կերպով առաւելագոյնը պահանջելու ԻՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ։
Ինչպէս որ Յուշատետրի փոստով ներկայացուած է՝ Հայկական Միացեալ Պատուիրակութիւնը իր առաքելութեան մէջ չյաջողեցաւ, նախագահ Ուիսըն իր ամբողջ «բարեացակամութեամբ» հանդերձ միայն միջազգային օրէնքով նուիրագործուած ՊԱՐՏԱՄՈՒՐՀԱԿի մը՝ ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳՐՈՎ հաստատուած «միացեալ Հայաստանի մը» քարտէսին օգուտ բերաւ, այսուհանդերձ՝ պատմական վճռորոշ այդ ժամանակաշրջանէն 101 տարի ետք ալ, ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀը եթէ տեղ մը Հայաստանի եւ Հայութեան հաշիւը կ՚ընէ՝ այդ պահը ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ուշ կամ կանուխ քաղաքական լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ ՀԱՅՈՑ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆՆ Է։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՊԱՅՔԱՐի բոլոր ճակատներուն վրայ միեւնոյն խրամին մէջ, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇՈՎ, կողք-կողքի ոգորող հայ քաղաքական մտքի բոլոր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒՆԵՐՈՒՆ։
Աւետիս Ահարոնեան եւ Պօղոս Նուպար Փաշա պատահական միացեալ պատուիրակութենէ մը շատ աւելին կը գլխաւորէին՝
Հայոց Սերունդները իրարու զօդող ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՊԱՀՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԳՏՆՈՒԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ կը մարմնաւորէին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ