ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 13 Ապրիլ 2020 – Այդպէ՛ս է. ստրուկ մեծացածը՝ առանց վախի, յարգանք չգիտէ․ եթէ մէկին յարգանք է ցոյց տալիս – դա վախենալուցն է

ՄՇԱԿՈՅԹ-Կոթող․ Արևմտյան Հայաստան․ Արճեշի շրջան-1

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 13 Ապրիլ 2020 – Այդպէ՛ս է. ստրուկ մեծացածը՝ առանց վախի, յարգանք չգիտէ․ եթէ մէկին յարգանք է ցոյց տալիս – դա վախենալուցն է

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Այդպէ՛ս է. ստրուկ մեծացածը՝ առանց վախի, յարգանք չգիտէ․ եթէ մէկին յարգանք է ցոյց տալիս – դա վախենալուցն է»

13 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ արդի հայ գրականութեան մէջ ԻՐԱՒԱԶՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒ եւ ԹՇՈՒԱՌՆԵՐՈՒ երգն ու պատգամը ամենայն սրտով ԱՆՄԱՀԱՑՆՈՂՆԵՐՈՒՆ, որոնց արժանաւորագոյն ներկայացուցիչներէն է ՎՐԹԱՆԷՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ՍՐՏԷՆ հոսող եւ հայու անսահման ԲԱՐՈՒԹԵԱՆ զուլալ աղբիւրով բոլոր ՏԱՌԱՊԵԱԼՆԵՐՈՒ ծարաւը յագեցնեղ, ցաւը ամոքող, յոյս ներշնչող եւ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ու ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ մեծ խարոյկը անմար պահող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԱՒԵՏԱԲԵՐԻՆ։

Վրթանէս Փափազեանի գրականութիւնը ՏԱՂԱՆԴԻ ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՒՄՈՎ չյատկանշուեցաւ, բայց ԽՈՐԱՊԷՍ ՍԻՐՈՒԵՑԱՒ հայոց սերունդներուն կողմէ, որոնք պարզ ու դիւրահաղորդ հայերէնով իրենց հայեցի կազմաւորման կողքին՝ նաեւ ԱՐԴԱՐ ՄԱՐԴՈՒ ԵՒ ԱԶԱՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻ մաքրութեամբ ու պայծառութեամբ լիցքաւորուեցան։

Յուշատետրի փոստով հպանցիկ պատկերացում մը փոխանցուած է Վ․ Փափազեանի ԱՒԱՆԴին մասին։ Իսկ այսօրուան խոկումին համար կ՚արժէ լուսարձակի տակ առնել մղձաւանջային մեկուսացման մէջ յայտնուած բոլորիս սրտին խօսող մեծ գրողին ՊԱՏԳԱՄը՝

«Կորցրի ամէն բան․ ե՛ւ ըմբոստ ոգին, ե՛ւ ազատութիւն, ե՛ւ անձնասիրութիւն…ու պիտի քայլեմ այնքան, մինչև որ գտնեմ կորցրածներս….» (Աղբիւր՝ «Լիբերալ Բլոգ»)։

Բարի լոյս՝ ՄԱՐԴու եւ ՀԱՅու մեր ներաշխարհին մէջ ստրկային ամէն շղթայէ ու ժանգէ ձերբազատուելու եւ մեր «կորցրածը» վերագտնելու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆը բոլորիս մէջ անխորտակ պահող, այլեւ վերանորոգող ՀԱՅ ՄՏՔԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՒԵՏԱԲԵՐՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ԶՐԿԱՆՔի եւ ՏԱՌԱՊԱՆՔի ընդմէջէն ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՈՒ ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ անսպառ մեր ՆԵՐՈՒԺԸ նուաճած, այլեւ բոլորիս ԺԱՌԱՆԳ յանձնած Ազգին ու Հայրենիքին։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Այդպէ՛ս է . ստրուկ մեծացածը՝ առանց վախի, յարգանք չգիտէ․ եթէ մէկին յարգանք է ցոյց տալիս – դա վախենալուցն է

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail