ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Փոխան Յուշատետրի – ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ – Աւազանի անունով՝ Ոստանիկ Ադոյեան (15 Ապրիլ 1904 – 21 Յուլիս 1948), Արշիլ Կորքի հայ ամերիկացի գեղանկարիչ է
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Փոխան Յուշատետրի
ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻ
15 Ապրիլ 2020
Աւազանի անունով՝ Ոստանիկ Ադոյեան (15 Ապրիլ 1904 – 21 Յուլիս 1948), Արշիլ Կորքի հայ ամերիկացի գեղանկարիչ է։
Արշիլ Կորքի հիմնաւոր եւ առաջնորդող ազդեցութիւն ունեցաւ գեղանկարչութեան մէջ վերացական, արտայայտապաշտ ուղղութեան վրայ։
Իր կեանքին մեծ մասը ան ապրեցաւ որպէս Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի։ Ռոթքոյի, Ճեքսըն Փոլոքի եւ Ուիլըմ տէ Քունինկի հետ միասին՝ Կորքի հռչակուած եւ ընդունուած է որպէս 20րդ դարու ամերիկացի ամէնէն ազդեցիկ նկարիչ-գծագրիչներէն մէկը։
Անոր գործերը կը կրեն ազդեցութիւնը՝ հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, Կորքիի ապրած տառապանքին եւ կրած կորուստներուն։
*
* *
Կորքին ծնած է 15 Ապրիլին, 1904 թուականին, Խորգոմ գիւղը, Վանայ լիճի ափերուն, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։
Կորքի յստակ չէ յայտարարած ծննդեան թուականը՝ տարիէ տարի փոխելով զայն.։
1908 թուին, հայրը գաղթած է Ա․Մ․Ն․, ջարդերէն խուսափելու համար՝ ընտանիքը Վան ձգելով։
1915 թուականին, Արշիլ իր մօր ու երեք քոյրերուն հետ կը փախչի դէպի ռուսական տիրակալութեան տակ գտնուող Արեւելահայաստան։ Ժամանակ մը ետք, մայրը կը մահանայ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող սովին պատճառաւ, 1919 թուականին։ Ա․Մ․Ն․ հասնելէ ետք, 1920ին, Արշիլ իր հօր կը միանայ, բայց բնաւ առիթը չեն ունենար մտերմանալու։
Իր ինքնութիւնը փոխելու ցանկութեամբ՝ կ՚առնէ «Արշիլ Կորքի» անունն ու մականունը, ինքզինք վրացի ազնուական կոչելով (վրացական Արշիլ անունը առնելով), եւ նոյնիսկ պնդելով՝ թէ ինքը ռուս մեծ գրող Մաքսիմ Կորքիի հարազատն է։
*
* *
Կորքի 1922ին կ՚արձանագրուի Պոսթընի Նիւ Սքուլ օֆ Տիզայն (New School of Design) համալսարանը: Միաժամանակ՝ կիսաժամ ուսուցչութեան կը սկսի: 1920ականներու ընթացքին մեծամասնութեամբ յետ-տպաւորապաշտական գործեր կը ստեղծէ, բայց միաժամանակ տպաւորապաշտական տարրը կը պահէ: Այդ ընթացքին կը բնակի Նիւ Եորք, ուր Փոլ Սէզանէն (Paul Cézanne) կ՚ազդուի:
1925ին Էտմընտ Կրիսըն (Edmund Greacen) – Grand Central Art Galleriesի տնօրէնը – իրեն կ՚առաջարկէ Grand Central School of Art ուսումնարանը ուսուցչութիւն ընել: Կորքի այս առաջարկը կ՚ընդունի եւ մինչեւ 1931 հոն կը մնայ:
1927ին, Կորքի Էթըլ Քրեյմըր Շուապակըրի (Ethel Kremer Schwabacher) հետ կը ծանօթանայ ու անբաժան ընկերներ կը դառնան: Շուապակըրը կ’ըլլայ իր առաջին կենսագիրը: Կորքի կ՚ըսէ.- «Հոգեկան սնունդը արուեստագէտի սերմն է: Երեւակայութիւնը արուեստագէտին վրձինի մազերն է: Ինչպէս որ աչքը ուղեղի զգայարանն է, արուեստն ալ իմ ամենաներքին ըմբռնումովս իմ աշխարհահայեացքովս հաղորդուելու միջոցս է»:
1931ին, Կորքի Նիւ Եորքի Downtown Galleryին կը ղրկէ իր որոշ գործերուն մէկ շարքը, որոնք 100 տոլարէ մինչեւ 450 տոլար կ՚արժեն:
1933ին, Արշիլ Կորքի «Works Progress Administration Federal Art Project»ի մէջ աշխատող առաջին արուեստագէտներէն մէկը եղաւ։ Նոյնպէս Ալիս Նիըլ (Alice Neel), Լի Քրեսնըր (Lee Krasner), Ճեքսըն Բօլլօք (Jackson Pollock), Տիէկօ Ռիվէռա (Diego Rivera) եւ Մարք Րօթքօ այս ծրագրի աշխատողներէն էին:
«Night-time», «Enigma», «Nostalgia» (1930-1934) գործերու բարդ շարքն է, որ կը յատկանշէ այդ ժամանակաշրջանը՝ Կորքիի գործին եւ ոճին հոլովոյթին մէջ։
«Portrait of Master Bill» կտաւը կը նկարագրէ Կորքիի նկարիչ ընկերը՝ Ուիլեըմ տը Քունինկը։ Տը Քունինկը կը խոստովանի․- «Ահագին արուեստագէտներու հանդիպած եմ, բայց յետոյ հանդիպեցայ Կորքիին… Իր մեծ ձիրքն այն է՝ որ միշտ նպատակակէտին կը հասնի. տպաւորի՛չ։ Ուրեմն անմիջապէս իրմով հետաքրքրուեցայ եւ մտերիմ ընկերներ դարձանք։ Հաճելի էր նոր տեղ մը հանդիպող երկու օտարներ ըլլալ»։
*
* *
Երբ Կորքի իր գործերը ցոյց կու տայ Անտրէ Պրըթօնին 1940ականներուն, անոր ստեղծած նկարչութիւնները տեսնելէ ետք, մանաւանդ՝ «The Liver is the Cock’s Comb» կտաւը, Պրըթօն կը հաստատէ, թէ այս երկը «Ամերիկա ստեղծուած նկարչութիւններէն ամենակարեւորն է», ու նաեւ կը հաստատէ, թէ Կորքի գերիրապաշտ է, որ Պրըթօնի կողմէ ամենամեծ գնահատականն է։
Կտաւը կը ցուցադրուի գերիրպաշտներու վերջին ցուցահանդէսի ընթացքին, «Galerie Maeght»ի մէջ, Փարիզ, 1947 թուականին։
Մայքըլ Աուփինկ (Michael Auping), Ֆորթ Ուորֆի «Modern Art Museum»ի ցուցահանդէսներու կազմակերպիչներէն մեկը, այդ կտաւին մէջ կը նկատէ «զօրաւոր սեռական խաղարկութիւն» մը, Կորքիի հայկական անցեալէն կարօտագին ակնարկութիւններով միաձուլուած։
1944 թուականի անոր գործերը ցոյց կու տան, թէ ան հետզհետէ կ՚անկախանայ Սէզանի եւ Փիքասոյի ազդեցութիւններէն, կ՚ուղղուի դէպի իր անձնական ոճը։
Իբրեւ այդպիսին՝ անկասկած իր լաւագոյն երկերէն մէկն է The Liver is the Cock’s Comb նկարը։ Շատ լայն է կտաւը ու կը նկարագրէ «վերացական, կիսաթափանցիկ գոյներով ներկուած թաց փետուրներով լեցուած, որոնք փուշոտ, կարծես պատռուած ձեւերու շուրջը հաւաքուած են, նեղ, սուր սեւ գիծերով ներկուած, կտուցներ ու ճանկեր ձեւացնող տեսարան մը»։
*
* *
Արուեստագէտ Քորին Միշէլ Ուեսթ (Corinne Michelle West) Կորքիին մուսան էր, եւ հաւանաբար անոր սիրահարը, թէեւ Քորին բազմաթիւ ամուսնութեան առաջարկներ մերժած էր։
1941ին, Կորքի կը հանդիպի Ակնէս Մակրուտըրի (1921-2013) ու անոր հետ կ՚ամուսնանայ։ Շուտով իրեն «Մուկուշ» կը կոչէ, հայկական սիրային ծածկանուն մը։ Երկու աղջիկ կ՚ունենան, Մարօ ու Եալտան (քանի մը ամիս ետք՝ վերակոչուած Նաթաշա)։
1946էն սկսեալ Կորքի դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Իր արուեստանոցը կ՚այրի, խլիրդ մը կը յայտնաբերուի մարմնին մէջ, նաեւ կ՚անդրադառնայ՝ Մուկուշին անհաւատարիմ ըլլալուն, Րօպէրթօ Մաթթա նկարիչին հետ։
1948ին, Կորքի կը կոտրէ իր վիզը, ու իր ներկող թեւը կ՚անդամալուծուի ինքնաշարժի արկածէ մը ետք, ու իր կինը կը լքէ զինք՝ երեխաները հետը տանելով։
Կորքի կախամահ կ՚ըլլայ Շերման, Քոնեքթիքըթ, 1948ին, 44 տարեկանին։
Թաղուած է Շերմանի Հիւսիսային Գերեզմանատունը։
Աղբիւր՝ ՈՒԻՔԻՓԵՏԻԱ – Ազատ Հանրագիտարան
hyw.wikipedia.org/wiki/Արշիլ_Կորքի?
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Փոխան Յուշատետրի