ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Անմեղների ողբերգութիւնը սկիզբ է առնում մեղաւորների մեղաւորութիւնից։ Սակայն մեղաւորների մեղաւորութիւնը երբեք չի արդարացնում անմեղների ողբերգութիւնը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Անմեղների ողբերգութիւնը սկիզբ է առնում մեղաւորների մեղաւորութիւնից։ Սակայն մեղաւորների մեղաւորութիւնը երբեք չի արդարացնում անմեղների ողբերգութիւնը»
16 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ իր ամէնէն ընկճուած, դառնացած եւ հիասթափուած պահերուն իսկ Հայկեան Հանճարի ճառագայթներով ԼՈՅՍի եւ ՅՈՅՍի մեր ուղին տեսնելու, վերագտնելու հաստատակամութեամբ ապրող ՈՒՂԵՒՈՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։
Ի վերջոյ մեկուսացուած վիճակի մէջ ապրող հանուր մարդկութեան հետ, համավարակի անհեթեթին եւ մղձաւանջին պատանդը դարձած, աշխարհասփիւռ հայութիւնը գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ՝ ուզելով թէ չուզելով իր օրը կ՚անցընէ խոկալով եւ խորհրդածելով ԵՐԿՐԱՅԻՆ ՈՒՂԵՒՈՐԻ ԻՐ ԵՐԹԻՆ դիմաց բացուած ԱՆՅԱՅՏ ու ԱՆՈՐՈՇ ԳԱԼԻՔԻՆ մասին։
Եւ մեր առանձնութեան մէջ բնականաբար մեր հայեացքը կ՚ուղղուի դէպի ԱՂԲԻՒՐԸ ԼՈՅՍԻՆ, դէպի հոգեմտաւոր անսպառ ժառանգութիւնը ՀԱՅԿԵԱՆ ՀԱՆՃԱՐԻ ԱՆՄԱՀ ՃԱՌԱԳԱՅԹՆԵՐՈՒՆ, որոնք իրենց ստեղծած անկորնչելի գանձերու կողքին՝ նաեւ ՄԱՐԴՈՒ եւ ՀԱՅՈՒ իրենց ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ եւ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ կը լուսաւորեն ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ՝ ամէնէն մութ ու մռայլ ժամանակներն ու պայմաններն իսկ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ։
Ապրիլ 16ի այս օրը վախճանած է, 67 տարի առաջ, հայ ժողովուրդի ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԼԵԶՈՒԱԳԷՏԸ՝ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆ, որու կեանքն ու գործը ուրուագծուած են Յուշատետրի փոստով։
Հաւանաբար այս պահուն դժուար է անձկութեան մեր ապրումները պայծառացնել Աճառեանի կոթողական աշխատասիրութեանց վրայ հակելով, բայց վստահաբար իւրաքանչիւրս ՄՏՔԻ եւ ՅՈՅԶԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՄԱՆ ՃԱՃԱՆՉ մը պիտի գտնէ Աճառեանէն քաղուած մտածումի շիթերուն մէջ․
– «…Մենք փոքր ազգ ենք, եթէ հայերը ազգասէր չլինէին, հայ ազգը այդքան դարեր չէր կարող պահպանել իր գոյութիւնը»։
– «Ուսուցիչ եմ եւ սիրում եմ ուսուցիչ մնալ, ծառայելու համար իմ ժողովրդին։ ․․․Աւելի լաւ եմ համարում մնալ աղքատ ուսուցիչ եւ ապրել ու ծառայել իմ ժողովրդի մէջ, քան թե գնալ Ռուսաստան»։
– «Տղա՛ս, ես տարիքս առել եմ, այսօր կամ վաղը չկամ: Դու դեռ երիտասարդ ես, կ՚ապրես ու կը տեսնես: Իմ բոլոր նախատեսութիւնները իրականութիւն են դարձել կեանքում:
Այդպէս եղաւ ահա լեզուի հարցի շուրջ: Մի ուրիշ նախատեսութիւն եւս ունեմ, որն անպատճառ կ՚իրականանայ: Մի օր, լաւ միտքդ պահիր,- ասել է Աճառեան եւ ձեռքի լայն շարժումով դարձել դէպի Արարատն ու շարունակել,- Արեւմտահայաստանը պիտի ազատագրուի ու միանայ Արեւելահայաստանին, սփիւռքահայութիւնն էլ պիտի հանգրուանի իր Մայր Հայրենիքում, եւ Մասիսները իրենց փէշերի շուրջը կը հաւաքեն բոլոր կողմերից աշխարհով մեկ սփռուած իրենց զաւակներին»։
Բարի լոյս՝ Մարդու եւ Հայու ԱՃԱՌԵԱՆԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴին, որ ՄԵԾ ԱՇԽԱՐՀԻ հրապուրիչ բոլոր հրաւէրներէն ու փորձութիւններէն վեր կանգնելով՝ Փոքր Ածու Հայաստանի եւ Հայութեան ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒՄԻՆ մէջ կը գտնէ իր գերագոյն բաւարարութիւնը։
Բարի լոյս՝ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ճանապարհով ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ բարձունքին հասնող եւ յաղթահասակ կանգնող ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՄԵՐ ՄԵԾԵՐՈՒՆ, որոնք ամենայն պարզութեամբ, այլեւ խորութեամբ կը յուշեն ու կը սորվեցնեն երկրագունդի բոլոր ուղեւորներուս, որ՝
«․․․Մեղաւորների մեղաւորութիւնը երբեք չի արդարացնում անմեղների ողբերգութիւնը»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ