ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հրաչեայ Աճառեան (1876-1953) Հայկեան հանճարին լեզուագիտական ճառագայթումը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Հրաչեայ Աճառեան (1876-1953).
Հայկեան հանճարին լեզուագիտական ճառագայթումը
16 Ապրիլ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Ապրիլ 16ի այս օրը, 1953 թուին, Երեւանի մէջ, առյաւէտ փակուեցան յոգնատանջ աչքերը մեր ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն Հրաչեայ Աճառեանի։
Բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով գիտուն եւ ակադեմական հեղինակութիւնն է Հրաչեայ Աճառեան, որուն լեզուագիտական եւ բանասիրական աշխատութիւններուն միայն թւումը բաւարար է, որպէսզի հայ մարդը հպարտութեամբ ու պատկառանքով խոնարհի Հայկեան Հանճարի յորդահոս այս ճառագայթումին առջեւ։
Կեանքը դաժան գտնուեցաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք այս ծնունդին նկատմամբ։ Հազիւ մէկ տարեկան մանուկ էր, երբ պայծառ օր մը, մօր գիրկը պարտէզի մէջ զբօսնելու պահուն, կիզիչ արեւուն ճառագայթները այրեցին անոր աչքերը եւ հիմնական վնաս պատճառեցին Հ. Աճառեանի տեսողութեան։
Ինչպէս հետագային պիտի գրէր իր յուշերուն մէջ, այդ արկածին հետեւանքով «ամբողջ կեանքս միականի մնացի»։
Հ. Աճառեան տեւաբար ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց նիւթական ու կենցաղային անձուկ պայմաններու մէջ։
Ապրուստի հոգը շարունակ խանգարեց Աճառեանի լիաժամ կեդրոնացումին՝ գիտական աշխատանքի վրայ։
Աւելի՛ն․ մազապուրծ փրկուեցաւ Մեծ Եղեռնէն եւ թափառական հայու կեանք ապրեցաւ, մինչեւ որ 1923ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Երեւան։
Անձնական, ընկերային եւ ազգային այդ բոլոր դժբախտութիւններն ու չարիքները կարծէք բաւարար չէին եւ խորհրդային Չարիքի կայսրութիւնը եւս, 1937ին, ծանր հարուած հասցուց վաթսունամեայ հայ արժէքին։ Աճառեան երկու տարի ենթարկուեցաւ բանտային ահաւոր չարչարանքներու, որպէսզի խոստովանի «օտարի գործակալ» ըլլալու իրեն վերագրուած անհիմն, այլեւ անհեթեթ «մեղքը»…
Դաժան կեանքի հարուածներն ու դաժանութիւնները, սակայն, չկրցան կոտրել Աճառեանի առասպելական աշխատասիրութիւնը, սկզբունքայնութիւնը, մարդասիրութիւնը եւ աստուածավախութիւնը։
Ընդհակառակն՝ այդ բոլորը կոփեցին Աճառեանի մէջ Հայու Նկարագիրը, որ Փարիզի փողոցներուն վրայ լրագրավաճառութիւն ընելու գնով՝ Սորպոնի եւ Լիւքսեմպուրկի համալսարաններէն լեզուագիտութեան եւ բանասիրութեան բարձրագոյն վկայականներու արժանացաւ՝ պատուոյ բացառիկ յիշատակութեամբ նաեւ։
Մարդասիրական առումով՝ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրը պատճառ չեղաւ, որ Աճառեան ատելութեամբ լեցուի թուրք ժողովուրդին նկատմամբ։
Իսկ ՀԱՅՈՒ իր կոչումին ու յանձնառութեանց անմնացորդ նուիրուելու իմաստով՝ Աճառեան բնաւ կաշառուածի ծառայամտութեամբ չընկալեց խորհրդային իշխանութեանց կողմէ իրեն ուղղուած Երեւան հաստատուելու եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի լեզուագիտութեան հիմնարկը գլխաւորելու հրաւէրը։
Ընդհակառակն՝ համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կառչած մնաց ազգային մեր հիմնարար արժէքներու անվեհեր պաշտպանութեան եւ մերժեց, որեւէ ճնշման կամ հալածանքի տակ, վաճառքի հանել հայ մտաւորականի եւ ակադեմականի իր խիղճը՝ հետեւողականօրէն ընդդիմանալով հայոց ազգային յիշողութիւնը էապէս խորհրդայնացնելու պոլշեւիկեան նկրտումներուն։
*
* *
Հրաչեայ Աճառեան ծնած է 8 Մարտ 1876ին, Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասը, համեստ հնակարկատի յարկին տակ։
Պոլսոյ «Կեդրոնական» վարժարանէն հազիւ շրջանաւարտ՝ երկու տարի, 1893-1894, Գատըգիւղի «Արամեան» դպրոցին եւ Կարնոյ «Սանասարեան» վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ըրաւ։ 1895ին անցաւ Ֆրանսա, ուր մասնագիտական իր ուսումը կատարելագործեց Փարիզի Սորպոնի եւ Սթրազպուրկի համալսարաններու լեզուաբանական, բանասիրական եւ հայագիտական ճիւղերուն մէջ։
Աճառեան արժանաւոր ուսանողը եղաւ մեծահռչակ հայագէտներ Ա. Մէյյէի եւ Հ. Հիուպշմանի։
Հ. Աճառեանի վրայ մեծ ազդեցութիւն գործեց այդ ժամանակաշրջանին իր ծաղկումը ապրող լեզուագիտութեան ֆրանսական՝ ընկերային ուղղութիւնը, որ իր շեշտակի դրոշմը դրաւ հայ մեծ լեզուաբանի հետագայ աշխատասիրութեանց վրայ։
1898ին, աւարտելով ուսումը, Հրաչեայ Աճառեան վերադարձաւ հայրենիք՝ դասախօսական պաշտօններ վարելով յաջորդաբար Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանի, Շուշիի, Նոր Բայազէտի, Նոր Նախիջեւանի, Թեհրանի եւ Թաւրիզի թեմական ու ազգային վարժարաններուն մէջ։
1923ին հրաւիրուեցաւ Խորհրդային Հայաստան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, մինչեւ կեանքին վերջին օրերը, պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս եւ լեզուաբանութեան ամպիոնի վարիչ։
Յետ մահու՝ Հրաչեայ Աճառեանի անունով կնքուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Լեզուի Հիմնարկութիւնը։
Ուսանելու, մասնագիտական զարգացման եւ դասախօսական պաշտօնավարութեան համար կատարուած տեղափոխութիւններով յատկանշուող իր կեանքի եղանակը մեծապէս օգնեց Հրաչեայ Աճառեանի, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի ե՛ւ բարքերուն, ե՛ւ բարբառներուն, ե՛ւ մատենագրական հարուստ ժառանգութեան։
Իսկ իր լեզուագիտական բնատուր տաղանդով ու աշխատունակութեամբ՝ Աճառեան յաջողեցաւ իր ամբարած ամբողջ գիտութիւնը վերադարձնել իր ժողովուրդին՝ աւելի քան 200 գիտական մեծարժէք աշխատասիրութիւններու հսկայական վաստակով մը։
*
* *
Հրաչեայ Աճառեան հիմնադիրը եղաւ հայ լեզուի պատմութեան գիտական մշակումին եւ, մանաւա՛նդ, հայկական բարբառագիտութեան։
Սորպոնի ուսանողական իր շրջանէն սկսեալ, Հ. Աճառեան շեշտակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց հայ լեզուի կազմախօսական զարգացումը ուսումնասիրելու, յատկապէս հայոց բարբառներու առանձնայատկութեանց բաղդատական քննարկումը եւ դասակարգումը կատարելու աշխատանքին նկատմամբ։
Լեզուագիտութեան իր աւարտաճառը եղաւ, ֆրանսերէնով, «Հայ բարբառներու դասակարգումը» աշխատասիրութիւնը, որ առանձին հատորով լոյս տեսաւ 1909ին։
Հ. Աճառեան գիտականօրէն զարգացուց եւ հիմնաւորեց այն տեսութիւնը, որ մինչեւ հինգերորդ դար հայ ժողովուրդը ունեցած է գլխաւոր չորս բարբառներ միայն, որոնք յատկանշուած են աննշան տարբերութիւններով։ Այնուհետեւ, սակայն, մինչեւ 12րդ դար, հայ ժողովուրդին վիճակուած՝ տարբեր կայսրութիւններու տիրապետութեան տակ բաժան-բաժան ապրելու կեանքին բերմամբ, առաջացած են բազմատասնեակ բարբառներ, որոնք նաեւ հիմնական տարբերութիւններ ունեցած են իրարմէ։
Հ. Աճառեանի տասնամեակներու այդ հետազօտութեանց կոթողական արգասիքը եղաւ «Հայերէն արմատական բառարան»ը (1926էն 1935 հրատարակուած իր եօթը հատորներով), որուն մասին Փրոֆ. Մէյյէ հպարտութեամբ գրած է, թէ «Ոչ մի լեզուի համար չկայ այսքան ճոխ, այսքան կատարեալ ստուգաբանական բառարան»։
Նոյնքան կոթողական իրագործում եղաւ Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»ը՝ իր հինգ հատորներով, ուր հայ մատենագիրներու եւ ձեռագիր մատեաններու ուսումնասիրութեամբ եւ այլ լեզուներով անձնանուններու հետ բաղդատական քննարկումով՝ Աճառեան սպառիչ համատեղումը եւ հիմնաւորումը կատարեց հայոց անձնանուններուն։
Հայ լեզուագէտին եւ բանասէրին կոթողական վաստակին երրորդ կարեւոր ուղղութիւնը նուաճեց Հ. Աճառեանի «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի՝ համեմատութեամբ 562 լեզուների» տասը հատոր աշխատասիրութիւնը, որուն միայն «Ներածութիւն»ը եւ երեք հատորները լոյս տեսած են։
*
* *
Անկախ իր թողած գիտական մեծահարուստ ժառանգութենէն, Հրաչեայ Աճառեան իր մտածողութեամբ եւ բարոյական կերպարով մարմնաւորեց Ամբողջական Հայու անխառն Տիպարը։
Արեւմտահայն ու արեւելահայը, ազգայնականն ու մարդասէրը, աստուածավախութիւնն ու ընտանիքի անսահման սէրը, անխոնջ աշխատասիրութիւնն ու կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու հաստատակամութիւնը, գիտական անշահախնդրութիւնը եւ արժէքներու պաշտամունքը միաձուլուեցան Աճառեանի մէջ եւ կենդանի առասպելի վերածեցին զինք։
Յուշատետրը նեղ կու գայ նոյնիսկ սոսկ թւումը կատարելու համար Հրաչեայ Աճառեանի երկու հարիւրը անցնող գիտական աշխատասիրութեանց։
Անոնց շարքին նոյնքան կոթողական տեղ կը գրաւեն հայերէն լեզուի կազմախօսական եւ պատմական ընդհանուր հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ ուղղագրական եւ քերականական առանձին խնդիրներուն նուիրուած բազմահատորանոց աշխատասիրութիւնները։
Այդպիսին են «Հայոց լեզուի պատմութիւն» երկհատորեակը, «Մ. Մաշտոց եւ գրերու գիւտի պատմութեան աղբիւրներն ու անոնց քննութիւնը» եւ «Հայոց գրերը» ծաւալուն աշխատասիրութիւնները, որոնք գիտական լոյսի տակ կը բերեն հոգեմտաւոր մեր հարստութեան հարազատ ակունքները։
Խորհրդային կարգերու տակ դիւրին չեղան Հրաչեայ Աճառեանի կեանքն ու աշխատանքը, որովհետեւ հայ ժողովուրդի դասական հարստութեան խորագոյն պաշտամունքով ապրող ու սնանող մեծ լեզուաբանին եւ բանասէրին առջեւ վարչակարգային շատ խոչընդոտներ յարուցուեցան։
Յատկապէս Աբեղեանական ուղղագրութեան որդեգրումին ու պարտադրումին դէմ բուռն ընդդիմութեան դրօշակիրը դառնալով՝ Հրաչեայ Աճառեան նաեւ իր կեանքը վտանգի տակ դրաւ, յանուն հայ լեզուի քերականութեան եւ ուղղագրութեան անաղարտ պահպանման ծառանալով պոլշեւիկեան ամբողջատիրութեան «գիտական» ճամարտակութիւններուն դէմ։
Նոյն մարտունակութեամբ ան ծառացաւ Երեւանի ազգային յիշարժան շէնքերն ու եկեղեցական կոթողները քանդելու եւ փոխարինելու պոլշեւիկեան ոտնձգութեանց դէմ։
Առանց չափազանցութեան կարելի է մեծատառ գրել, որ 1953ի Ապրիլ 16ին մեզմէ առյաւէտ հեռացած Հրաչեայ Աճառեանը Հայկեան Հանճարին յաւերժ ճաճանչող լեզուագիտական փարոսն է։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ