ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Միլիոնաւորների արեան վրէժխնդրի համար աւելի գինովցնող ի՞նչ կայ, քան ոճրագործների արիւնը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Միլիոնաւորների արեան վրէժխնդրի համար աւելի գինովցնող ի՞նչ կայ, քան ոճրագործների արիւնը»։
17 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ ՄԱՔՈՒՐ ԽԻՂՃՈՎ աշխարհին ու մարդկութեան ներկայացող հայոց ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑՆԵՐՈՒՆ, որոնք հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ անխռով ահաբեկելով հանդերձ՝ ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ բարձր պահեցին ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԵՀԱՆՁՆՈՒԹԵԱՆ հորիզոնին վրայ։
Նոյնիսկ միլիոնսւոր մեր սուրբ նահատակներուն անդարմանելի կորուստին եւ հայրենի կեանքի անփոխարինելի կործանման խորագոյն ՑԱՒին մէջ, վերապրող հայութիւնը իր մէջ ոգեղէն ուժը գտաւ վեր բարձրանալու ԹՐՔԱՏԵԱՑՈՒԹԵԱՆ որոգայթներէն։
Բարի լոյս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ՅԻՇԵԼՈՒ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՒ ուղիով յառաջ ընթացող հայոց սերունդներուն, որոնք ի հարկին հատու հարուածի տակ կ՚առնեն ՈՒՐԱՑՄԱՆ ուղին ընտրած ՑԵՂԱՍՊԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ներկայացուցիչները, բայց բնաւ չեն շեղիր «Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ՛ վրիժառու քաջ ֆետան» պատգամող ՎԱՐՔէն։
Խորքին մէջ ոչ միայն կանանց, այլեւ պատահական ու անմեղ թուրքին վրայ եւս չի տարածուիր ՀԱՅՈՒՆ ԱՐԴԱՐ ՑԱՍՈՒՄԸ, այլեւ՝ ՎՐԷԺԻ ՈՒԽՏԸ։
Ապրիլ 17ի այս օրը, 98 տարի առաջ, Պերլինի մէջ Արամ Երկանեան եւ Արշաւիր Շիրակեան «ՆԵՄԵՍԻՍ»ի որոշումով մահապատիժի ենթարկեցին՝ ԱՀԱԲԵԿԵՑԻՆ Պեհաէտտին Շաքիր եւ Ճեմալ Ազմի կոչուած թրքական պետութեան ՀԱՅԱՏԵԱՑ ԴԱՀՃԱՊԵՏՆԵՐԷՆ երկուքը։
Յուշատետրի փոստով ներկայացուած է հայոց պատմութեան նշանակալից եւ անմոռանալի այդ էջը։
Յատուկ խոկումի եւ խորհրդածութեան արժանի է ԿՏԱԿը հայոց զոյգ ահաբեկիչներուն։
Արշաւիր Շիրաքեան կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ գործողութեան պահուն մեծ էր փորձութիւնը ՃԻՒԱՂՆԵՐՈՒՆ հետ գետին փռելու նաեւ անոնց ընկերակիցները, յատկապէս Թալէաթի այրին, որ փորձած էր սայթաքումով գետին ինկած Շիրաքեանի ատրճանակը վերցնել եւ․․․ գործածել։ Շիրաքեանի բառերով՝ գետին փռուած իրենց ամուսիններու դիակներուն վրայ լացող թուրք կանայք պէտք է փառք տային Աստուծոյ, որ մենք թուրք չէինք․․․ ՀԱՅ էինք եւ դէմ էինք պատահական զոհեր խլելու, նոյնիսկ եթէ թուրքեր էին անոնք։
Բարի լոյս՝ «ՆԵՄԵՍԻՍ»ի ընդմէջէն ՀԱՅՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆ, այլեւ ՈԳԵՂԷՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ վրայ ամենայն ինքնահաւատարմութեամբ դողալու, փարելու եւ գուրգուրալու ԱՒԱՆԴին։
Մտահան չընենք, որ ամբողջ Ազգի անճիտումէն եւ Հայրենիքի Կործանումէն ետք, այսպէս կոչուած ԹՐՔԱՆԱԼՈՒ փորձութիւնը մեծ էր եւ նոյնինքն Արամ Երկանեանի վկայութիւնը կը յուշէ այն մասին, որ՝
[Ահաբեկումէն անմիջապէս ետք], «Հազիւ անկողին մտած՝ այնպիսի երանաւէտ մի քնով քնեցի այդ գիշեր, որ հազիւ թէ այդքան անուշ քնած լինէի կեանքումս: Քնել էի, կարծես անհոգ մանկիկ, որ գլուխը բարձին դրած` աչքերն է փակում քաղցրօրէն: Ոչ մի յոգնութիւն, ոչ մի կասկած կամ երկիւղ…
Չէի մտածում անգամ, թէ ոստիկանութիւն կայ եւ հետապնդումներ: Կարծես վերադարձել էի մի հաճելի քէֆից եւ գինին քաղցր թմրութիւնով էր գրկել ինձ: Միլիոնաւորների արեան վրէժխնդրի համար աւելի գինովցնող ի՞նչ գինի կայ, քան ոճրագործների արիւնը: Եւ երբ կը շարունակուէր ականջիս մէջ «բաբա՜, բաբա՜» կոծը, ինձ թւում էր մայրիկս է, որ օրօր էր երգում` օրօրոցս օրօրելով»:
Բարի լոյս՝ իր անդարմանելի ցաւին ու անփոխարինելի կորուստին մէջ անգամ, ՎՐԷԺԻ ու ՑԱՍՈՒՄԻ ՈՂԿՈՅԶՆԵՐով «գինովութեան պահը» ապրելէ ետք, իր ՀՈԳԻՆ ամէն կարգի ատելութեան թոյներէ վեր պահելու, բայց ամէն գնով պայքարը շարունակելու եւ սաստկացնելու ՀԱՅՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ