ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թեւանական «շարժումը․․․ իբր թէ ուղղուած էր սովետական կարգերի դէմ – Դա մի կեղտոտ զրպարտութիւն էր Ղարաբաղի ժողովրդի հասցէին

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թեւանական «շարժումը․․․ իբր թէ ուղղուած էր սովետական կարգերի դէմ - Դա մի կեղտոտ զրպարտութիւն էր Ղարաբաղի ժողովրդի հասցէին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թեւանական «շարժումը․․․ իբր թէ ուղղուած էր սովետական կարգերի դէմ – Դա մի կեղտոտ զրպարտութիւն էր Ղարաբաղի ժողովրդի հասցէին

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Թեւանական «շարժումը․․․ իբր թէ ուղղուած էր սովետական կարգերի դէմ։ Դա մի կեղտոտ զրպարտութիւն էր Ղարաբաղի ժողովրդի հասցէին։ Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ ու գրկաբաց ընդունեց սովետական կարգերը» ???

18 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ գրեթէ ամբողջ դար մը սուտ ու փուտ պատմութիւն լսելէ եւ սորվելէ ետք՝ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉԱՆ, ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ուղիով ճակատաբաց ու բարձրահասակ իր երթն ու յաղթարշաւը վերանորոգող յեղափոխական հայութեան։

Ապրիլ 18ի այս օրը, 99 տարի առաջ, Արցախի մէջ վերջ գտաւ ԹԵՒԱՆ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆի ղեկավարած հերոսական ապստամբութիւնը՝ պոլշեւիկեան Կարմիր Բանակի ռուս, թաթար-ազերի եւ հայ գրոհայիններուն դէմ, որոնք լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկած էին՝ հայրենի արծուեբոյնը ընկճելու եւ իրենց ամբողջատիրական լուծին ենթարկելու նպատակով։

Բարի լոյս՝ «Թեւանական ավանտիւրայի» մասին առաջին անգամ լսող կամ պատմական ճշմարտութիւնը դեռ չիմացող ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ, որոնց ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆը դեռ խոցուած չեն ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԵԱՄԲՆ ՈՒ ԾԱՌԱՅԱՄՏՈՒԹԵԱՄԲը վնասակար այն ցեցերուն, որոնք հեռաւոր թէ մօտաւոր անցեալին յայտնուած ու գործած են հայ ժողովուրդի մարտունակ շարքերուն մէջ, նաեւ՝ նոյնինքն Արցախի հերոսական ազատամարտիկներու կողքին։

Յուշատետրի փոստը որոշ չափով լոյս կը սփռէ Թեւան Ստեփանեանի գլխաւորած ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ պատմական ծալքերուն եւ նոյնինքն Թեւանի ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ կեանքին ու ողբերգական վախճանին վրայ։

Խոկումի այս գրառումով՝ խորհրդածութեան սլաքը կը կեդրոնանայ հայու ազգային ժառանգութեան պայծառագոյն մէկ Էջը տասնամեակներով աղաւաղած, նենգափոխած եւ վարկազրկած իշխանաւոր հայ պաշտօնատարներու անպատասխանատու, այլեւ ազգադրուժ վարքագծին վրայ։

Մեր ժողովուրդը հայրենի իր բնօրրանին մէջ ստիպուեցաւ լռութիւն պահելու Թեւանական Շարժումի ազատագրական խոյանքին մասին, մինչեւ որ 1990ականներու սկիզբը՝ Արցախի ազատամարտիկները եկան ազատագրեալ Արցախի Հանրապետութեան հիմնադիր ու անդրանիկ նախագահ ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆի արիւնով ներկուած տառերով պատգամելու, թէ՝ «Մեր Հայրենիքի համար ամենատարաբախտ շրջափուլի ժամանակ, երբ սպառւում էին հայոց անկախ պետութեան գոյութեան հնարաւորութիւնները, Գարեգին Նժդեհը Դիզակում իրեն տեղապետ է կարգում Թեւան Ստեփանեանին։

Տումեցի հերոսը դառնալու էր, այնուհետեւ, ադրբեջանական չեկիստ հրոսակների հոգէառը, Դիզակի հայութեան անձնազոհ պաշտպանը (որակումը՝ Բագրատ Ուլուբաբեանի): Թեւանի անունն, անկասկած, փառաւորելի է Արցախի այնպիսի հերոսների անուանց հետ, ինչպիսիք են Արամ Մանուկեանը, Նիկոլ Դումանը, Վանայ Իշխանը»։

Պատմութիւնը մաքրաջրելու խիզախութեան միշտ պէտք ունեցած են Ազգն ու Հայրենիքը – եւ ոչ միայն ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ եւ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ պարագային, այլ բոլոր ազգերու մօտ։

Բարի լոյս՝ Թեւանական Շարժումի ԱՒԱՆԴով վերանորոգման իր ուղին հարստացնող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ, որուն համար յատկապէս Ապրիլ 18ի այս օրը նշանակալից է, որովհետեւ 99 տարուան իր հարուստ կենսափորձով Արցախի հայութիւնը կու գայ յուշելու, որ իր անունով խօսող իշխանութիւնները – անցեալին թէ ներկային -ամպայման չեն ներկայացներ իր ԻՐԱ՛Ւ ՁԱՅՆը։

Արցախի հայութեան պահանջատիրական ձայնն ու ազգային ազատագրումի դատը պարզապէս իշխանական աթոռակռուի իրենց նկրտումներուն կը փորձեն ծառայեցնել բոլոր անոնք, որոնք պատմութեան կը փորձեն պարտադրել իրենց ԿԱՄԱՅԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆը։

Պատմական ճշմարտութիւնը նենգափոխեցին ոչ միայն Թեւանի Շարժումը բրտօրէն ճզմող կարմիր-բանակայինները, այլեւ անոնց սուիններով Արցախի իշխանութեանց ղեկին տիրացած պաշտօնեաները, որոնք այսօր ալ – իբր թէ «հասկացողութեամբ» –

կը չարափոխեն Արցախի ժողովուրդին զօրակցութիւնը Թեւանական Ապստամբութեան՝ հետեւեալ բնոյթի պատմաշինարարութեամբ․-

«Այդ շարժումը մի բողոք էր՝ ուղղուած Ղարաբաղի մի քանի բոլշեւիկների կատարած սարսափների դէմ։ Դրանց նման վարմունքը խիստ հիասթափեցրեց հայ ժողովրդին։ Նրանք իրենց հակամարդկային արարքները թաքցնելու համար կոչեցին «Թեւանական ավանտիւրա», որն իբր թէ ուղղուած էր սովետական կարգերի դէմ։ Դա մի կեղտոտ զրպարտութիւն էր Ղարաբաղի ժողովրդի հասցէին։ Ղարաբաղի հայ ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ ու գրկաբաց ընդունեց սովետական կարգերը»․․․

Արցախի քաջարի մեր ժողովուրդին անունով ի՜նչ ոճիրներ գործուեցան, տակաւին ալ կը գործուին ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈՌի համար ամէն արժէք ոտնակոխելու պատրաստ ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒ կողմէ։

Բարի լոյս՝ ԹԵՒԱՆի վերայայտնութեան սպասող ԱՐԴԱՐՆԵՐՈՒՆ։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Թեւանական «շարժումը․․․ իբր թէ ուղղուած էր սովետական կարգերի դէմ – Դա մի կեղտոտ զրպարտութիւն էր Ղարաբաղի ժողովրդի հասցէին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail