ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Կա՛մ անպայման բնաջնջում իբրեւ մի ամբողջութիւն, իբրեւ մի ազգութիւն, իբրեւ մի հայրենիքի տէր ժողովուրդ, կա՛մ դիմադրութիւն՝ կեանք, պատիւ,
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Կա՛մ անպայման բնաջնջում իբրեւ մի ամբողջութիւն, իբրեւ մի ազգութիւն, իբրեւ մի հայրենիքի տէր ժողովուրդ, կա՛մ դիմադրութիւն՝ կեանք, պատիւ, ստացուածք, տուն, հայրենիք, ամէ՛ն ինչ բռնաբարող ուժի դէմ»
19 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ Մահ կամ Ազատութիւն դաժան ընտրանքին առջեւ գտնուելու պարագային ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆը անվարան եւ անվեհեր ընտրող հայոց սերունդներուն։
Բարի լոյս՝ 2020 թուականին եւս, այլեւ համավարակի համաշխարհային մղձաւանջի եւ սահմռկումի այս անտանելի օրերուն անգամ, մեծն ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԻՆ հետ ամբոխային տրամաբանութեան թշուառութիւնը մերկացնող հայ քաղաքական մտքի լուսաւորիչներուն, որոնք ստոյգ կործանման եւ մահուան սպառնալիքին դէմ յանդիման ցոյց կու տան եւ կը հարթեն ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌՈՒԻ փրկարար ՈՒՂԻՆ։
Ապրիլ 19ի այս օրը, 125 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ կայացաւ Օսմանեան Կայսրութեան մօտ եւրոպական մեծ տէրութեանց դեսպաններուն հանդիպումը, որ առաջին քայլը նետեց Հայկական Նահանգներուն ի սպաս «Մայիսեան բարենորոգումներու ծրագրին» ուղղութեամբ։
Յուշատետրը ներկայացուցած է հակիրճ պատմականը ատենի եւրոպական մեծ տէրութեանց այդ արդարամիտ ու քաղաքակիրթ նախաձեռնութեան, որուն թուրք պետական մտածողութիւնը հակադարձեց այսպէս կոչուած «Համիտեան Կոտորածներով»․․․
Համացանցէն առնուած է թրքական այդ պետական «հայաջինջ հակազդեցութեան» մասին հետագայ խիտ ու խարանող դատապարտանքը․
«1895-96ի կոտորածները համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն ոճրագործութիւններից են եւ ցեղասպանութեան ակտ։ Դրանց հետեւանքով կոտորուել է շուրջ 300․000 հայ, 100․000 բռնի մահմեդականացուել, 100․000 տարագրուել տարբեր երկրներ, ամայացել են Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան հայաբնակ վայրերը, սաստկացել է հայ ժողովրդի ազգային եւ տնտեսական ճնշումը։
«Եւրոպական տէրութիւնները հայ ժողովրդի դժբախտութիւնը եւ Հայկական Հարցը, ինչպէս միշտ, օգտագործեցին Թուրքիայում իրենց դիրքերն ամրապնդելու համար։ Գերմանիան, Ֆրանսիան, Ռուսաստանը, իրենց նպատակներն ունենալով Թուրքիայի հետ փոխ-յարաբերութիւններում, անտարբեր մնացին հայկական կոտորածների հանդէպ։ Միայն ժամանակի առաջադէմ գործիչներ Ժան Ժորէսը, Վիկտոր Բերարը, Անատոլ Ֆրանսը, Եոհաննէս Լեփսիուսը, Հենրի Ֆինիս Բլոս Լինչը եւ ուրիշներ պաշտպանեցին հայ ժողովրդի իրաւունքները, դատապարտեցին կոտորածները՝ իրենց կառավարութիւններից պահանջելով կտրուկ միջոցներով դադարեցնել ցեղասպանութիւնը։
https://avetispetrosyan.wordpress.com/…/%D5%B0%D5%A1%D5%B4…/
Բարի լոյս՝ պատմական մեր անցեալին հետ առերեսուելով, մեծապետական աշխարհի շահամոլութիւնը դատապարտելով, արդարամիտ եւ ազատախոհ հանրային կարծիքին նկատմամբ դրականօրէն դիրքորոշուելով հանդերձ՝ սեփական ժողովուրդի շարքերէն բարձրացող ստրկամիտ ձայներու «պատմական չարիք»ին դէմ ծառացող հայ յեղափոխական մտքին, որուն անվիճելի յառաջամարտիկը կը հանդիսանայ Քրիստափոր Միքայէլեան։
Ո՛չ Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը, ո՛չ ալ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ցիրուցան ըմբոստացումները պատճառ էին հայութեան դէմ գործադրուած Համիտեան Ջարդերուն։
Թուրք պետական քաղաքականութիւնը շատոնց յանգած էր ազատատենչ հայութիւնը բնաջնջելու որոշումին։
Հայ ժողովուրդին կը մնար մէկ ու միակ ընտրանք, որ կը խտանար արեամբ սրբագործուած նշանաբանով՝
«ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ»․․․
Բարի լոյս՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՆԻՇՆԵՐը ճիշդ կարդացողներուն, որոնք 1894ի Սասնոյ Ապստամբութիւնը ոչ միայն պատճառ չեն նկատեր Համիտեան Կոտորածներուն, այլեւ այդ ապստամբութեան եւ անոր պարտադրած Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագրին մէջ կը տեսնեն Ազգի եւ Հայրենիքի ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒՆՔին առաջին ՍՐԲԱԶԱՆ ԳԱԼԱՐՈՒՄը, որ ճամբան պիտի հարթէր՝ իյնալով եւ վերականգնելով, պարտուելով եւ ի վերջոյ յաղթանակելով, ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ