ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 19 Ապրիլ 1895 – Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ բռնագրաւեալ Հայկական Նահանգներու «Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը»

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS - Massacres hamidiens Erzurum - La Turquie et les atrocités arméniennes, d'après un témoin oculaire, 1896 - genocide-museum.am

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 19 Ապրիլ 1895 – Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ բռնագրաւեալ Հայկական Նահանգներու «Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

19 Ապրիլ 1895.
Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ բռնագրաւեալ Հայկական Նահանգներու «Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը»

Ն. Պէրպէրեան

19 Ապրիլ 2020

Ապրիլ 19ի այս օրը, 125 տարի առաջ, ատենի Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ցարական Ռուսաստանի դեսպանները ի մի եկան Պոլսոյ մէջ՝ իրենց համապատասխան պետութեանց օրուան կառավարութիւններուն ցուցմունքով, միասնաբար մշակելու համար հայկական վեց նահանգներու բարենորոգումներու ծրագիրը։

Եւրոպական դիւանագիտութեան այդ նախաձեռնութիւնը Հայկական Հարցի պատմութեան մէջ հռչակուեցաւ «Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիր» անունով, որովհետեւ փաստաթուղթին մշակումը աւարտեցաւ եւ սուլթան Ապտիւլ Համիտին ներկայացուեցաւ 1895ի Մայիս 11ին։

Օսմանեան տիրապետութեան տակ ինկած Արեւմտահայաստանի տարածքին, եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական բառամթերքով այսպէս կոչուած «Հայկական Նահանգներուն» մէջ, բարեկարգումներու պահանջը պաշտօնապէս նուիրագործուած էր տակաւին 1878ին, Պերլինի Դաշնագրի 61րդ յօդուածով։

1877-1878ի Ռուս-Թրքական պատերազմի աւարտին, յաղթական Ռուսաստանի հետ Թուրքիոյ ստորագրած Սան Սթեֆանոյի պարտութեան դաշնագրէն քանի մը ամիս ետք, բրիտանական ճնշումներուն տակ տեղի տալով՝ Կայսերական Գերմանիան նախաձեռնած էր Պերլինի «խաղաղութեան վեհաժողով»ին։

Ժողովի աւարտին, Ռուսաստանին որոշակի զիջումներ պարտադրելով, Հայկական Հարցին վերաբերեալ ռուսական հսկողութեամբ բարենորոգումներ պարտադրող Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին 16րդ յօդուածը փոխարինուած էր ընդհանուր եւ տարտամ բարենորոգումներ խոստացող՝ Ցարական Ռուսաստանի նախամեծարութեան վերջ դնող Պերլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածով։

Օսմանեան Կայսրութեան գահին նոր տիրացած Ապտիւլ Համիտ այդքանն իսկ շատ եւ անընդունելի գտաւ։ Ոչ միայն չգործադրեց Պերլինի դաշնագրին 61րդ յօդուածով նախատեսուած բարենորոգումները, այլեւ՝ նորովի թափով փարեցաւ հայաջնջման ճամբով Հայկական Հարցը արմատականօրէն լուծելու եւ եւրոպական միջամտութիւններէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու Օսմանական Ծրագրին գործադրութեան։

Իսկ եւրոպական մեծ տէրութիւնները անմիջապէս մոռցան Պերլինի դաշնագրով իրենց ստանձնած Հայկական Նահանգներու բարենորոգումներու հետապնդման եւ սուլթանի հայաջինջ քայլերը հսկողութեան տակ առնելու պարտաւորութիւնները։
Հետեւանքը եղաւ հակահայ բռնութեանց, կեղեքումներու եւ անիրաւութեանց սաստկացումը Արեւմտահայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա։

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

Բնականաբար հայ ժողովուրդը ըմբոստացաւ, բայց Համիտեան ծրագիրը հետամուտ էր ճիշդ այդ հակազդեցութեան հրահրումին, որպէսզի սաղմնային այդ ըմբոստացումները իբրեւ պատրուակ գործածէր՝ հայութեան դէմ զանգուածային կոտորածներ հրահանգելու համար։

Այդ բոլորը յանգեցան 1894ի Սասնոյ առաջին մեծ ապստամբութեան եւ անոր պատասխանելու պատրուակով Օսմանեան Կայսրութեան ողջ տարածքին մոլեգնած Համիտեան կոտորածներուն, որոնք շուրջ երեք հարիւր հազար անմեղ հայերու արիւն հեղեցին։

Արձագանգը շատ ուժեղ եղաւ Եւրոպայի տարածքին, ցնցեց հանրային կարծիքն ու ազատախոհ շրջանակները եւ 1895ի Յունուարին, Պոլսոյ մօտ ներկայացուած Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի դեսպանները յանկարծ ստիպուեցան յիշելու, որ պէտք էր եւրոպական դիւանագիտութեան փոշեծածկ դարաններէն դուրս բերել… 1878ի Պերլինի դաշնագիրը։

Եւրոպական մեծ տէրութեանց եւ սուլթան Համիտի ներկայացուցիչներով կազմուեցաւ Քննիչ խառն յանձնաժողով մը, որ յատկապէս Սասնոյ եւ ընդհանրապէս հայկական նահանգներու մէջ իր կատարած ստուգումներու աւարտին եկաւ հաստատելու, որ օսմանեան կառավարութեան կողմէ կատարուածը եղեռնագործութիւն էր եւ պահանջեց անյապաղ բարենորոգումներու ձեռնարկել։

Քննիչ յանձնաժողովի եռամսեայ ստուգումներէն հանուած այդ եզրակացութեանց լոյսին տակ, հետեւաբար, 1895ի Ապրիլ 19ին, անգլիացի, ֆրանսացի եւ ռուս դեսպանները ի մի եկան Պոլսոյ մէջ եւ քանի մը շաբաթներ տեւած խորհրդակցութիւններէ եւ թէ՛ իրենց միջեւ, թէ՛ Համիտի հետ բանակցութիւններէ ետք, 11 Մայիս 1895ին հրապարակեցին իրենց մշակած Բարենորոգումներու Ծրագիրը։

Եւրոպական դիւանագիտութեան կողմէ մշակուած Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը կը նախատեսէր Արեւմտահայաստանի վեց նահանգներուն՝ Կարին (Էրզրում), Սեբաստիա, Պիթլիս, Վան, խարբերդ եւ Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) գաւառներուն մէջ իրագործել վարչական, քաղաքական եւ իրաւական ընդհանուր բարենորոգումներ։

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Abdul Hamid assis sur son trône de cadavres, illustration allemande av. 1899

– Հայկական Նահանգներուն մէջ կեդրոնական իշխանութիւնը պէտք է զօրացուէր եւ գործէր եւրոպական տէրութեանց հիւպատոսներուն հսկողութեան տակ, որպէսզի կանխուէին անիշխանական եւ ամբոխային բնոյթի գրգռութիւններն ու խժդժութիւնները հայ բնակչութեան դէմ։

– Նահանգապետներու նշանակումը եւս պէտք է կատարուէր խորհրդակցաբար, որպէսզի բարեյոյս պաշտօնատարներ նշանակուէին՝ առանց կրօնական կամ ազգային պատկանելութեանց մէջ խտրութիւն դնելու։

– Ընդհանուր կուսակալ մը պէտք է նշանակուէր եւ կեդրոն ունենար Կարինը՝ մօտէն հետեւելու համար քաղաքացիական եւ իրաւական հաւասարութիւններ առաջադրող բարենորոգումներու խղճամիտ գործադրութեան։

Թուղթի վրայ այս բոլորը յուսադրիչ խոստումներ էին, անշո՛ւշտ, բայց ո՛չ Կարմիր Սուլթանը տրամադիր էր ձեռնարկելու անոնց գործադրութեան, ոչ ալ եւրոպական մեծ տէրութիւնները պատրաստ էին սուլթանի հետ իրենց այլեւայլ սակարկութիւնները վտանգելու՝ ի խնդիր հայկական բարենորոգումներու իրենց խոստացած Մայիսեան Ծրագրին իրականացման։

Այդպէս ալ, դեռ մելանը չէր չորցած, երբ Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը մեռեալ թուղթ դարձաւ։

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Caricature américaine face aux massacres, 1896

Ոչ միայն չգործադրուեցաւ, այլեւ ընդհակառակն՝ յաւելեալ պատրուակ ծառայեց Համիտին, որպէսզի յանուն կեդրոնական իշխանութեան ամրապնդումին, եւրոպացի հիւպատոսներու իսկ հաւանութեամբ, խստացնէ հալածանքը իբր թէ հայ ֆետայիներու դէմ, բայց խորքին մէջ ըմբոստացման տարիքի եւ տարերքի մէջ գտնուող հայ երիտասարդութեան դէմ։

Բայց անպէտք եւ պատմութեան խորերը նետուած թուղթ մը չեղաւ 19 Ապրիլ 1895ին դիւանագիտական մշակման դրուած հայկական նահանգներու Մայիսեան Բարենորոգումներու Ծրագիրը։ Անիկա հիմք ծառայեց տասնեւութ տարի ետք Հայկական Նահանգներու Ինքնավարութեան համեւրոպական ծրագրին, որ Առաջին Աշխարհամարտի նախօրեակին մշակուեցաւ եւ ի գործ դրուեցաւ, երբ Հայկական Նահանգներու զոյգ կառավարիչներ նշանակուեցան Հոֆ եւ Վեստենենկ (Կարնոյ եւ Վանի մէջ կեդրոնատեղի ունենալով)։

Անոնք ճամբայ ալ ելան դէպի իրենց պաշտօնատեղիները, բայց երբեք հնարաւորութիւնը չունեցան գործելու իբրեւ կառավարիչ, որովհետեւ Համիտի իթթիհատական ժառանգորդները գործադրութեան յանձնեցին հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու եւ Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատելու թուրք պետական ծրագիրը։

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – La Turquie et les atrocités arméniennes, d’après un témoin oculaire, 1896 – genocide-museum.am

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail