ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Կ՚ուզեմ համբուրել այն բոլոր տեղերը, ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց։ Մենք այնքան մեծ ենք, որքան որ հողէն կը խմենք մեր զգացումները
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Կ՚ուզեմ համբուրել այն բոլոր տեղերը, ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց։ Մենք այնքան մեծ ենք, որքան որ հողէն կը խմենք մեր զգացումները»
20 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի վսեմաշուք քերթողին՝ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆի անսպառ շունչով եւ առինքնող արուեստով իրենց օրը ԳԵՂԵՑԿԱՑՆՈՂ ու ՀԱՅԱՑՆՈՂ, ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՂ եւ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱՑՆՈՂ հայոց սերունդներուն։
Ապրիլ 20ի ծնունդ է ՀԱՅ ՀՈԳԻԻ «ՍԱՐՍՈՒՌՆԵՐ»ը երգի վերածած, ՀԱՅՈՑ «ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ» պեղած եւ հոն կուտակուած գանձերը լոյս աշխարհ բերած, ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ «ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»ը նոր ժամանակներու հնչեղութեամբ վերծանած, այլեւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂԻ «ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸ» մարդեղինացուցած ՄԵԾՆ ՎԱՐՈՒԺԱՆը։
Բարի լոյս՝ Կեանքի եւ Մարդու, Ազգի եւ Հայրենիքի, Գեղեցիկի եւ Արուեստի խորհուրդները ԴԱՍԱԿԱՆ ԽՈՐԻՄԱՑՈՒԹԵԱՄԲ բոլորին բաշխելու ԻՐԱՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ կոչումին եւ առաքելութեան, որոնց հանդիսաշուք արարողութեանց ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՔՐՄԱՊԵՏն է ՎարուԺան։
Յուշատետրի փոստով, հանապազօրեայ հացի համար, նշխարներ ի մի բերուած են Դանիէլ Վարուժանի անպարագիծ ժառանգութենէն՝ 31 տարեկանին նահատակուած հայ քերթութեան Վսեմաշուքին կենսագրական ամփոփ ներկայացման հետ։
Վարուժանի մտածումի շիթերէն ստորեւ մէջբերուած քաղուածքը թող բանաստեղծական շունչով վարակէ միտքն ու սիրտը համավարակի անդոհանքին դէմ պաշտպանուելու համար ինքնամեկուսացման ապաւինած ընթերցողին․-
«- Փառք հայ տառերուն, որոնք անիմանալի խնամիութեամբ մոգական գրիչներու տակ հաւաքուած՝ Եղիշէին լեզուն ոսկի ըրին, Բագրատունիինը՝ ադամանդ, եւ Ալիշանինն ու Հայրիկինը՝ մեղր քաղցրահոս։ Հայ լեզուն այդ տառերու սանդխտամատերուն վրայ ոտն առ ոտն բարձրացաւ ամէն դարու ճակատին վրայ՝ հոն փորագրելու համար անմահութիւնը մեր ժողովուրդին։
«- Միակ նպատակս է հայրենիքիս օգտակար դառնալ. ահա՛ գաղափարականը, որ զիս կ՚ոգեւորէ եւ կը կանգնէ. արդ միայն իրմով կ՚ապրիմ, իրմով եմ յաղթական…
Իսկ բաղձանքս,- եթէ կ՚ուզէք,- բաղձանքս է ապագայի մարդերուն նուիրել այնպիսի հզօր երգ մը, որ հայրենիքը ինձի պէս արարած մը ծնած ըլլալու գոնէ չզղջայ։
«- Կ՚ուզեմ համբուրել այն բոլոր տեղերը, ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց։ Մենք այնքան մեծ ենք, որքան որ հողէն կը խմենք մեր զգացումները։ Ամէն ինչ հոդ է։ Դէպի մեր պապերուն։
«- Ըստ ինձ եւ տակաւին ինձի համար՝ ահա՛ օրէնքս՝ մեր գրականութեան մէջ արուեստը հայ պէտք է ըլլայ, իսկ անոր յատակը կամ հիմը կազմող գաղափարը՝ համամարդկային…
«- Արուեստի գործ մը հեղինակին սրտէն փրթած փերթ մըն է՝ թարմ, արիւնով եւ կեանքով դեռ բաբախուն…
«- Մայր ըլլալ եւ բանաստեղծ ըլլալ նոյն բանն է. երկուքն ալ կը բաժնուին եւ կ՚անմահանան ուրիշ էակներու մէջ – մին կ՚ապրի տասնի մէջ, իսկ միւսը կ՚ապրի միլիոններու մէջ։
«- Ըղեղներ կան, որոնք ադամանդներ են. առանց ուրիշէ մը լոյս ծծելու՝ լոյս կ՚արտաբերեն…։
Անոնք բանաստեղծներու ըղեղներն են:
«- Ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը մարտիրոսութիւն մ՚է. ամէն բառի մէջ սրտի կաթիլ-կաթիլ արիւնումն է ստեղծելը։
«- Եթէ գրելը, ի վերջոյ, հիւանդութիւն չդառնար, շատ գրագէտներ գրիչնին փշրած՝ պիտի երթային գինեպան ըլլային»։
Բարի լոյս՝ իրենց կոչումին եւ առաքելութեան ճակատաբաց տէր կանգնող ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք նուիրումով եւ խիզախութեամբ, այլեւ ինքնաճանաչումով ու ինքնամաքրման հաւատարմութեամբ՝ ՅԱՆՁՆ Կ՚ԱՌՆԵՆ ամէն ԶՐԿԱՆՔ եւ ԵՐԿՈՒՆՔԻ ՑԱՒ արարման ճամբու ամբողջ երկայնքին։
Բարի լոյս՝ իրենց վստահուած Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՒԱՆԴը գալիք սերունդներուն ամենայն ՀԱՐԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ եւ ՎԵՐԱՃԱՌԱԳԱՅԹՈՒՄՈՎ փոխանցողներուն, որոնք մտահան չեն ըներ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՔԵՐԹՈՂԻՆ այն անմահ պատգամը, թէ՝
– Ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը մարտիրոսութիւն մ՚է. ամէն բառի մէջ սրտի կաթիլ-կաթիլ արիւնումն է ստեղծելը։
Բարի լոյս՝ բոլոր ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍՆԵՐՈՒՆ, որոնք կը գիտակցին, թէ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ամէն մարզի մէջ անհրաժեշտ պայման է «սրտի կաթիլ-կաթիլ արիւնում»ով գործելու ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆը, առաջքը առնելու համար ամէն կարգի մակաբոյծներու եւ ցեցերու տարածած ԻՆՔՆԱՋԼԱՏՄԱՆ ՉԱՐԻՔին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ