ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան, 1884-1915) Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին ՎՍԵՄԱՇՈՒՔը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան, 1884-1915) Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին ՎՍԵՄԱՇՈՒՔը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան, 1884-1915) Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին ՎՍԵՄԱՇՈՒՔը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան, 1884-1915).
Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին ՎՍԵՄԱՇՈՒՔը

20 Ապրիլ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Ապրիլ 20ի օրը հայ ժողովուրդը կը նշէ օրհնալի ծնունդը հայկեան հանճարի բանաստեղծական ամէնէն վսեմաշուք ճառագայթումին, որ Դանիէլ Վարուժան անունով անմահացաւ հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ։

1884 թուականի Ապրիլ 20ին ծնած՝ Դանիէլ Վարուժան միայն 31 տարի կրցաւ վայելել իրեն վերապահուած կեանքի ժամանակը։
Թրքական պետութիւնը 1915ի Մեծ Եղեռնի օրերուն բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը հայկեան հանճարին ամէնէն գեղապաշտ ու վեհ քերթողին։

Դանիէլ Վարուժան դարձաւ առաջին նահատակներէն մէկը հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։

Եղաւ 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած եւ աքսորի ճանապարհին մահուան ճիրաններուն մէջ նետուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու եղերաբախտ փաղանգին գլխաւոր դէմքերէն մէկը։

Նահատակ մեր ցեղի ազգային յիշողութեան մէջ ստեղծագործական մեր արժէքներուն եւ արժանիքներուն վսեմագոյնը խտացնող ադամանդի մեծ քար է Դանիէլ Վարուժան, որ ոչ միայն կը դիմանայ ժամանակի մաշումին, այլեւ ժամանակի թաւալումին հետ՝ աւելիո՛վ կը փայլփլայ ու կը ճառագայթէ հայոց ոգեղէն հայրենիքի անծայրածիր հորիզոնին վրայ։

Հայկական բանաստեղծութեան քրմապետին ծննդեան տարեդարձը բառին ամէնէն խորունկ իմաստով հաղորդութեան ՊԱՀ է գեղեցիկին ու բարիին, ազնուագոյնին եւ մարդկայնականին հետ։

Դանիէլ Վարուժան իրա՛ւ ու վաւերակա՛ն վկան է եւ յուշարարը հայ ժողովուրդի ազգային բազմադարեան ուղիին՝ հարազատ թարգմանն ու խորասոյզ վերծանողը հանդիսանալով մեր անսանձելի թռիչքներուն եւ արիւնաքամ անկումներուն, մեր ոգեղէն անհասանելի բարձրունքներուն եւ ստեղծագործական մեր մշտահոս ակունքներուն, արդար աշխատանքով համայնաբաշխ բարիք արարելու երկնատուր շնորհքին եւ յանուն իրաւունքի ու արդարութեան մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու անպարտելի կամքին։

*
* *

ԱՆԴԱՍՏԱՆ

Արեւելեան կողմն աշխարհի
Խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոչ արիւններ, քրտինք հոսին
Լայն երակին մեջ ակօսին
Ու երբ հընչէ կոչնակն ամէն գիւղակի`
Օրհներգութի՜ւն թող ըլլայ:

Արեւմտեան կողմն աշխարհի
Բերրիութի՜ւն թող ըլլայ…
Ամէն աստղէ ցող կայլակի,
Ու ամէն հասկ ձուլէ ոսկի.
Եւ ոչխարներն երբ սարին վրայ արածին`
Ծիլ ու ծաղի՜կ թող ըլլայ:

Հիւսիսային կողմն աշխարհի
Առատութի՜ւն թող ըլլայ…
Ոսկի ծովուն մէջ ցորեանին
Յաւէտ լողայ թող գերանդի.
Ու լայն ամբարն աղուններուն երբ բացուի՝
Բերկըրութի՜ւն թող ըլլայ:

Հարաւային կողմն աշխարհի
Պտղաբերութիւն թող ըլլայ…
Ծաղկի՝ մեղրը փեթակներուն,
Յորդի գինին բաժակներուն.
Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՝
Սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ:

*
* *

Աւազանի անունով Դանիէլ Չպուգքեարեան՝ Վարուժան ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը։
Մանկութիւնը անցուց հայրենի ծննդավայրի գեղեցիկ բնութեան մէջ, գիւղի գետեզերքներու թախծոտ ուռիներու օրօրին տակ, ինչպէս հետագային ինք կը նշէ։

Գիշերները մայրը որդուն կը պատմէր պանդխտութեան մէջ գտնուող եւ ընտանիքին օրապահիկ ապահովելու համար պայքարող հօր մասին։

Վարուժանի մանուկ հոգին եւ երեւակայութիւնը խորապէս ցնցուած ու բորբոքած էին թուրք ենիչերիներու մասին անոր լսած ու կարդացած պատմութիւններով։

Տարրական ուսումը Վարուժան ստացաւ իր ծննդավայրի գիւղական դպրոցին մէջ, իսկ 1896էն ետք՝ Պոլսոյ Սագըղ Աղաջիի Մխիթարեան եւ, ապա, Քաղկեդոնի վարժարաններէն ներս։
Ինչպէս կենսագիրները կը նշեն, Պոլիսը Վարուժանի վրայ ծանր տպաւորութիւն գործած է։

Ան տեսաւ եւ սեփական մորթին վրայ զգաց սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդերում հետքերը։

Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ Վարուժանի հայրը, որուն հարազատները՝ երկար ժամանակ փնտռելէ ետք՝ վերջապէս գտած էին բանտի մէջ, շղթաներու կապուած։

Տարիներ յետոյ՝ խօսելով այդ յիշողութեանց մասին, Վարուժան գրեց «Հօրս բանտին մէջ» ոտանաւորը, յիշելով՝

Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր,
Մութ զընտանիդ մէջ այցի,
Մայրս հիւանդ էր, կը շրջէի ես ազատ
Մէջտեղը բանտի եւ մահիճի։

1902ին Վարուժան ընդունուեցաւ Վենետիկի «Մուրատ-Ռաֆայէլեան» վարժարանը, որ վճռորոշ դեր խաղաց հանճարեղ բանաստեղծին թէ՛ հոգեմտաւոր եւ թէ գրական-գեղարուեստական կազմաւորման ու իբրեւ տաղանդի կատարելագործման մէջ։

Վենետիկի մէջ Վարուժանին գերեցին Վերածնունդի դարաշրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները՝ իրենց գեղարուեստական բարձրորակ արուեստով եւ մարդն ու բնութեան հրաշքները վերծանող յուզաշխարհով։

Ուսանողութեան այդ տարիները Վարուժանի համար եղան նաեւ համաշխարհային գրականութեան գլուխ-գործոցները յափշտակութեամբ կարդալու, անոնցմով խանդավառուելու եւ ներշնչուելու, այլեւ այդ ամէնը հայկեան հանճարի ստեղծագործական մեծ ժառանգութեան բովէն անցընելու ինքնամշակման շրջան մը։

Այդօրինակ կազմաւորման խորհուրդը կը խտացնէ Վարուժան հետագային իր արձանագրած այն շեշտադրումին մէջ, ըստ որու՝ իր վրձինը թաթախած է միայն հայրենի հողի «որդան կարմիր»ին եւ «ծովածուփ արեան» մէջ։

Արդարեւ, Վարուժան առանձնայատուկ յուզականուեամբ կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը։ Վենետիկեան օրերուն իսկ ան կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները՝ հայ պանդուխտներու կեանքին եւ 1896ի համիտեան ջարդերու թեմաներով։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան, 1884-1915) Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին ՎՍԵՄԱՇՈՒՔը

*
* *

ԿԱՐՄԻՐ ՀՈՂԸ

Գրասեղանիս վրայ, սա
Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ՚հող, բերուած հոն
Հայրենիքի դաշտերէն:
Նուէր է ան.- Զայն ինձ ձօնողը կարծեց
Սիրտն իր տրուած, առանց երբեք գիտնալու
Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին:
Զայն կը դիտեմ.- մերթ ժամեր
Բիբերս անոր վրայ յառած կը մնամ
Լո՜ւռ եւ թախծո՜տ, իբր այդ հողին մէջ յուռթի
Նայուածքս արմատ արձակէր:-
Կը մտածեմ.- Գուցէ իր գոյնը բոսոր
Չէ պարգեւուած բնութեան ներհուն օրէնքէն .
Վէրքերու սպունգ մ՚ըլլալով
Խմած է մաս մը կեանքի, մաս մ՚արեւու.
Եւ իբր տարր անպաշտպան
Կարմիր հող մ՚է եղած, հայ հող մ՚ըլլալուն:
Գուցէ իր մէջ կը բաբախեն տակաւին
Դարերը հին-հին փառքին,
Կայծն ամրակուռ սմբակներու, որոնց գոռ
Արշաւանքն օր մը ծածկեց
Հայկեան վաշտերն յաղթութեան տաք փոշիով:
Կ՚ըսեմ.- Իր մէջ դեռ կ՚ապրի
Ինքնատիպ ուժն այն, որ կազմեց շունչ առ շունչ,
Կեանքս իմ, քու կեանքդ, ու տուաւ,
Կարծես ձեռքով գիտակից,
Նոյն թուխ աչուին նոյն եւ նման հոգիով
Կիրք մ՚Եփրատէն առնուած,
Սիրտ մը կամշոտ, թաքստոց
Ըմբոստանքի ու նաեւ բո՛ւռըն սիրոյ:
Իր մէջ, իր մէջ կը կայծկլտայ հոգի մ՚հին ՝
Հին դիւցազնի եղած փսոր մը գուցէ ՝
Կոյսի մ՚աղուոր արցունքով .
Հիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ՚Արամէն,
Անանիայէն բիբ մը դէտ՝
Դեռ աստղերու ճաճանչներով թաթաղուն.
Ա՜զգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ազգ մը հին,
Որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ,
Հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի,
Կ՚ոգեզինէ – եւ աստղերու ինչպէս ցանն
Անհունութեան մէջ կապոյտ –
Փոշիներովն իր հրաբորբ
Հոգիս քաղցրիկ փայլակներով կ՚ոռոգէ:
Ու այն ատեն լարը ջղերուս կը դողայ
Սարսուռով մ՚ յորդ, ա՛յն սարսուռով ՝ որ մտքին
Հերկերուն վրայ աւելի՛
Ըստեղծիչ է քան գարնան հովն արփագաղջ:
Ու կը զգամ անցքն ուղեղէս
Նոր յուշերո՜ւ, հոգիներո՜ւ դեռ կարմիր
Խոր վէրքերովն իրենց, վրէժի՛ շրթունքներ.
Եւ այդ հողն, այդ փոշին, զոր ես կը պահեմ
Այնքա՜ն սիրով՝ որքան հոգիս պիտ՚ չընէր
Եթէ մարմնոյս աճիւններն
Օր մը մահէն վերջ հովերուն մէջ գտնար.
Այդ պանդուխտ մասն Հայաստանի, մասունքն այդ
Մնացած մեր յաղթ պապերէն,
Բժժանքն ու ձօնն այդ կարմիր,
Սիրտս սեղմած մագիլներով անծանօթ,
Երկինքն ի վեր, գըրքի մը վրայ, թանկագին
Ժամու մը մէջ ժպիտներու, սէրերու,
Կամ քերթուածի մը ծնած վեհ վայրկեանին
Զիս հապըշտապ կը մղէ
Մերթ լալու, մերթ մռնչելու,
Եւ զինելու բռունցքս, հոգիս բռունցքիս մէջ:

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Դանիէլ Վարուժան (Չպուգքեարեան, 1884-1915) Հայ ժողովուրդի բանաստեղծական հանճարին ՎՍԵՄԱՇՈՒՔը

*
* *

1905ին Վարուժան մեկնեցաւ Պելճիքա եւ ընդունուեցաւ Կանտի համալսարանը, ուր հետեւեցաւ հասարակական եւ քաղաքական գիտութեանց, ուսումնասիրեց գրականութեան եւ արուեստի դասական թէ ժամանակակից հոսանքները։

Վարուժանի դիմաքանդակը զետեղուած է Կանտի համալսարանի գլխաւոր գրադարանի դահլիճին (Ghent University Library – Rozier 9, B-9000 Ghent) մէջ։ Դիմաքանդակին վրայ նշուած են Վարուժանի հետեւեալ խօսքերը.-

Ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
երբ որ երազը կ՚ապրի,
երբ որ երազն անմահ է։

Բարձրագոյն ուսման աւարտին, 1909ին, Վարուժան վերադարձաւ ծննդավայր։

Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ Սեբաստիոյ «Արամեան» վարժարանին մէջ, ապա 1911ին տեղափոխուեցաւ Եվդոկիայի (Թոքատի) Ազգային Ճեմարանը։

1912ին Վարուժան հրաւիրուեցաւ Պոլսոյ Բերայի վարժարանը՝ տեսուչի պաշտօնով։

Անխոնջ ստեղծագործութեան եւ բեղուն գրիչի կեանք մը ապրեցաւ Վարուժան։ Իր բանաստեղծութիւնները առաջին իսկ քայլերէն լայն ճանաչման արժանացան։ Ան դարձաւ Պոլսահայ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին։

Տասը տարուան ընթացքին ան արարեց հայ գրականութեան բանաստեղծական փառքը կազմող չորս գլուխ-գործոցներ՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր» եւ «Հացին երգը»։

Միաժամանակ գրեց նաեւ հրապարակագրական նոթեր, յօդուածներ. կատարեց թարգմանութիւններ։

1914ին, եղերական իր վախճանէն տարի մը առաջ, վարուժան հանդիսացաւ հինգ հիմնադիրներէն մէկը բոլոր ժամանակներու հայ գրական մեծարժէք ամսագիրին՝ «Մեհեան»ին՝ Կոստան Զարեանի, Յակոբ Քիւֆէճեանի (Օշական), Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ։ Ամսագրի երրորդ՝ Մարտի համարէն ետք Վարուժան բաժնուեցաւ խումբէն եւ Յ.Ճ. Սիրունիի հետ խմբագրեց «Նաւասարդ» գրական տարեգիրքը, որմէ լոյս տեսաւ միայն առաջին հատորը 1914ին։

ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ

Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական.
– Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրագին։
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական.
– Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին․

Սայլ մը կեցաւ դրան առջեւ, հորին քով.
– Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրագին։
Տղաս կու գայ ճակատն հպարտ դափնիով.
– Հա՛րս, բեր ճրագը շեմին։

Բայց․․․ սայլին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռցեր են…
– Հա՛րս, ճրագը ասդի՛ն երկարէ։
Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն.
– Ա՜խ, հա՛րս, ճրագըդ մարէ՜․․․։

*
* *

1915ին Վարուժան կը շարունակէր իր աշխատանքը «Հացին երգը» գործի ամբողջացման վրայ։ Միաժամանակ կը պատրաստուէր գրելու «Հայկական հոմերագիրք» ժողովածուն, ուր պիտի տեղ գտնէին հին հայկական առասպելներու եւ աւանդութեանց վարուժանեան մշակումները։

Վարուժանի երազն էր ամբողջովին մշակել «Սասնայ ծռեր» ժողովրդական դիւցազներգութիւնը։
Ծրագրած էր նաեւ գրել «Գինիին երգը» քերթողական հատորը։ Բայց վրայ հասաւ արիւնալի աղէտը։

Հայոց աշխարհը ներկուեցաւ արիւնով։

Վարուժանի խօսքերով՝ կեանքը կը մորթուէր արտերուն մէջ, իսկ միտքը՝ գանգի մէջ։

Ինչպէս արուեստի ու գրականութեան, այնպէս ալ նահատակութեան մէջ ճակատագիրը իրարու կապեց հայկեան հանճարին ճառագայթող դէմքերէն երկուքը՝ Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։ Ամիսներ տեւած չարչարանքէ ետք, 1915ի Օգոստոս 26ին, «Ցեղասպան Թուրք»ը մարմնաւորող ոճրագործներ ուղղակի դաշոյններով մորթոտեցին զանոնք։

Հայկեան Հանճարի վսեմաշուք քերթողին ծննդեան տարեդարձին առիթով՝ հաղորդութեան անմոռանալի պահ մը ստեղծելով՝ Աշխարհն ու Մարդը սիրենք եւ փայփայենք «Հացին երգը» վերծանող Վարուժանի «Օրհնութիւն» բանաստեղծութեան ՀԱՅԱՏՐՈՓ ԱՆՀՈՒՆ ԽԱՆԴԱՂԱՏԱՆՔՈՎ.

Ափ մը ցորեան ափերուդ մէջ
Թող լեցնեմ կտրիճ Որդիս,
Կտրիճ Որդիս, գօտի՛ն մէջքիս.
Թող մաճակալ բազուկներէդ
Քսան ցուլի արիւն անցնի,
Եւ եղեւնի քո հասակէդ
Քսան տունի սիւնը կանգնի.
Ու երբ թիւովը մատերուդ
Սերմանես քու սերմնըցուն՝
Հնձես թիւո՜վն աստղերուն:

Ափ մը ցորեան գլուխդ ի վար
Թող որ թափեմ, թոռնի՛կ սիրուած,
Թոռնիկ սիրուած, ցո՛ւպս ծաղկած.
Թող ճակատիդ վրայ գրուի
Հարիւր սաղմոս իմաստութեան,
Եւ ուսերուդ վրայ դրուի
Տապանակը ըզգաստութեան.
Ու երբ հօտիդ օր մ՚այցելես՝
Թող քու ափիդ գարիին
Հազար ոչխա՜ր երկարին:

Ափ մը ցորեան մազերուդ մէջ
Թող որ տեղամ, վա՛րդ թոռնուհիս,
Վարդ թոռնուհիս, պսա՛կ շիրմիս.
Թող այտերուդ վրայ շողան
Ամէն գարուն նո՛ր կակաչներ,
Եւ աչքերուդ մէջը լողան
Ամէն ամառ նո՛ր ճաճանչներ.
Ու երբ տնկես ճիւղ մ՚ուռիի՝
Ամէն ապրիլ դուն տեսնես
Իր շուքին տակ կանա՜նչ քեզ:

Ափ մը ցորեան ծոցերուդ մէջ
Թող որ ցանեմ, Հա՛րսս աղուոր,
Հարսս աղուոր, սէ՜րս հեռաւոր.
Թող անկողնիդ ակօսին մէջ
Հասկ մը ծլի՝ լման շարքով,
Եւ օրօրած օրոցքիդ մէջ
Արշալոյսնե՜ր ննջեն փառքով,
Ու երբ կթես քառսուն երինջ՝
Դոյլերուդ մէջ մակրդի
Կաթը՝ արծաթ, դալն՝ ոսկի:

Ափ մը ցորեան, ափ մը ցորեան,
Ա՜յ իմ պառաւ, ա՜յ իմ Աննա,
Մեր գլխուն ալ թող որ տեղայ.-
Թող չսառի՜ արեւն աշնան
Մեր մազերուն ձիւներուն մէջ,
Չմարի՜ մեր մոմն իրիկուան
Ժամուն մարմար սիւներուն մէջ.
Ու երբ դրուինք ա՛լ գերեզման՝
Մեր ներքեւը հո՛ղը, Աննա՛,
Քիչ մը կակո՜ւղ թող ըլլայ:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail