ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ․- «Ես Սահմանադրութեան փաստաբանն եմ» ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ․- «Ես Սահմանադրութեան փաստաբանն եմ» ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ․- «Ես Սահմանադրութեան փաստաբանն եմ»

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ․- «Ես Սահմանադրութեան փաստաբանն եմ»

21 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ համար ոգի ի բռին պայքարող բոլոր ԱՆԿԱՇԱՌ ԴԱՏԱՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնց հասակը ձիգ, մէջքը ամուր եւ գլուխը վեր պահող ԱՆՄԱՀ ՄԵԾԵՐԷՆ է հայ գրականութեան «Նորավէպի Իշխան»ը՝ ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ։

Ապրիլ 21ի այս օրը, 107 տարի առաջ, Գ․ Զօհրապ Փարիզի մէջ լոյս ընծայեց ֆրանսերէն փոքրածաւալ գրկոյկ մը՝ La Question arménienne à la lumière des documents անունով, Marcel Léart գրչանունով։ Գրքոյկին վերաբերեալ Յուշատետրի փոստը անհրաժեշտ ծանօթութիւնները կը փոխանցէ ընթերցողին։

Խոկումի այս գրառման կիզակէտը հաղորդութիւնն է ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ ՀԱՅ ԻՐԱՒԱՊԱՇՏՊԱՆԻ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ հետ՝ մեծարժէք հայ մտաւորականին ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿՏԱԿը յուշելու համար համավարակի մտալլկումին դատապարտուած ՀԱՅՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ամէն բանէ առաջ եւ վեր ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԵՂԾԻՔն ու ԿԵՂԾ ԱՐԺԷՔՆԵՐը մերկացնող եւ մերժող, այլեւ սեփական Ազգի եւ Հայրենիքի ԼՈՒՍԱՒՈՐՄԱՆ եւ ընդհանուր ԻՆՔՆԱԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ուղին հարթող ԻՐԱ՛Ւ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒՆ, որոնք նախ իրենք անձնապէս ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄն ու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՈՒՄը կ՚ընտրեն իբրեւ կեանքի եւ ծառայութեան ՈՒՂԻՂ ՃԱՆԱՊԱՐՀ, ապա՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ արժանի ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ կը պահանջեն ազգային եւ հանրային ծառայութեան կոչուած բոլոր ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԷՆ։
Բարի լոյս եւ հաւատարմութիւն՝ Գրիգոր Զօհրապի ԻՐԱՒԱՊԱՇՏՊԱՆ ԱՒԱՆԴին․-

– «Հասարակութիւն մը, որ հնամոլ բարքեր ունի, յետադիմելու դատապարտուած կը մնայ, եթէ իր խորհելու, զգալու ու աշխատելու եղանակները չի նորոգէ»։

– «Հայրենիք մը ունէի թշուառ, ազգ մը ունէի ինձմէ աւելի ողորմելի, անոնց որոշեցի յատկացնել կենացս մնացորդը»։

– «Ի՞նչ է սրբութիւնը… Սրբութիւնը ան է, որ մարդ ուրիշներուն ցաւերը կ՚ամոքէ եւ իր անձը մոռանալով՝ անոնց համար կ՚աշխատի»։

– «Քամելիոնի այլակերպութիւններէն կը վախենամ, ամէն ճաշակի պատշաճելու ջանադիր թերթ մը՝ իմ սիրածս չէ»։

– «Հեռու մեզմէ այն բարոյախօսները, որ ընկերական կարգերու ամէն կարծիքներուն դէմ անտարբեր են, միայն կնոջ մը մերկ ուսէն կամ հոլանի պարանոցէն կը շառագունին»։

– «Աղքատութիւնը հարստութեան դէմ կանգ առնելու իրաւունք չունի»։

– «Մեր ժողովրդական լեզուն պիտի զարգանայ… ոչ թէ հնին դառնալով, այլ այդ լեզուն խօսող հասարակութեան իմացական կարողութեան համեմատութեամբ… Ժողովուրդն է միայն, որ կը դարբնէ լեզուն կեանքի ամէնօրեայ սալին վրայ՝ իր կամքին, պէտքին, զգացմունքներուն ու հաճոյքին համեմատ»։

– «Գրականութիւնը պարտի ըլլալ այն անխարդախ հայելին, որուն մէջ հասարակութեան բարքը կը ցոլանայ, մութ սենեկի մը մէջ պահուած ապակին, որուն վրայ կեանքին հարազատ լուսաւորիչ կը գծագրուի»…

– «․․․Ճշմարիտ օրագիր մը չի կրնար հաշտ երեւալ ամէնուն. անձնուէր բարեկամներ ու ոխերիմ թշնամիներ կ՚ունենայ միշտ։ Իր բարոյական յաջողութիւնը ադով միայն պիտի չափել»։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ․- «Ես Սահմանադրութեան փաստաբանն եմ» ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail