ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գրիգոր Զօհրապ՝ Հայկական Հարցի յանդուգն իրաւապաշտպանի պահանջատիրական յաղթ ձայնը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գրիգոր Զօհրապ՝ Հայկական Հարցի յանդուգն իրաւապաշտպանի պահանջատիրական յաղթ ձայնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գրիգոր Զօհրապ՝ Հայկական Հարցի յանդուգն իրաւապաշտպանի պահանջատիրական յաղթ ձայնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

Յուշատետր

21 Ապրիլ 1913.
Գրիգոր Զօհրապ՝
Հայկական Հարցի յանդուգն իրաւապաշտպանի
պահանջատիրական յաղթ ձայնը

21 Ապրիլ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Ապրիլ 21ի այս օրը, 107 տարի առաջ, Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ ֆրանսերէն փոքրածաւալ գրկոյկ մը՝ La Question arménienne à la lumière des documents անունով, հեղինակութեամբը անծանօթ գրողի մը՝ Marcel Léartի։

«Հայկական Հարցը՝ փաստաթուղթերու լոյսին տակ» ներկայացնող այդ աշխատասիրութեան հեղինակը անծանօթ էր միայն իր գործածած Մարսէլ Լէառ գրչանունով…

Իրականութեան մէջ հեղինակը աւելի քան հանրածանօթ էր։
Հայ ժողովուրդի անմահ մեծերէն Գրիգոր Զօհրապն էր։
Իսկ խնդրոյ առարկայ գրքոյկը ֆրանսերէնով գրուած եւ Փարիզի մէջ հրատարակուած էր պարզապէս այն պատճառով, որ պաշտօնական յուշագրի բնոյթ ունեցող հրապարակում մըն էր եւ հիմք պիտի ծառայէր եւրոպական մեծ տէրութեանց կողմէ այդ օրերուն մշակման տակ գտնուող Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայկական Բարենորոգումներու Ծրագրին։

Պատմութենէն ծանօթ է, որ 1912-13ի Պալքանեան Պատերազմներուն Օսմանեան Թուրքիա ջախջախիչ պարտութիւն կրեց։ Ոչ միայն Պալքանեան ժողովուրդներու ազատագրական պաքարը կարեւոր չափով յաղթանակով պսակուեցաւ, այլեւ՝ Արեւմտահայաստանի մէջ հիմնական բարենորոգումներու եւ հայկական տեղական ինքնակառավարման պահանջը նորովի շրջանառութեան մէջ մտաւ եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական քուլիսներուն մէջ։

Եւրոպական մեծ տէրութիւնները նախաձեռնեցին օսմանեան լուծի տակ գտնուող Հայաստանի տարածքին հայկական երկու ինքնավար կուսակալութիւններու կազմութեան՝ նորվեկիացի Հոֆ եւ հոլանտացի Վեսթենենկ անունով եւրոպացի երկու դիւանագէտներ նշանակելով իբրեւ Ընդհանուր Քննիչներ (Բարձր Կոմիսարներ) ու անոնց անմիջական պատասխանատուութեան տակ դնելով հայկական ինքնավարութեան իրագործման վերահսկողութիւնը։

Պատմութենէն նոյնպէս ծանօթ է, որ ո՛չ Հոֆ եւ Վեստենենկ կրցան տեղ հասնիլ ու իրենց վստահուած պաշտօնին գլուխը անցնիլ, ոչ ալ տեղական ինքնակառավարման իրաւունքի գործադրութեան միջոցաւ Հայկական Հարցին քաղաքական մասնակի լուծում մը տալու մեծապետական նախաձեռնութիւնը կեանք ստացաւ։

Ընդհակառակն՝ Օսմանեան Թուրքիան շտապեց Կայսերական Գերմանիոյ հետ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելու եւ Ցարական Ռուսաստանի դէմ պատերազմ յայտարարելու՝ այդ քայլով ի միջի այլոց «լուծելու» համար նաեւ Հայկական Հարցը… իր գիտցած միակ եղանակով… Հայասպանութեամբ։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ․- «Ես Սահմանադրութեան փաստաբանն եմ» ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ

*
* *

1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը կանխած աշխարհաքաղաքական այդ խմորումներու բովին մէջ տեղի ունեցաւ Գ. Զօհրապի ֆրանսերէն գրքոյկին հրատարակութիւնը։

Գրքոյկը լոյս տեսած պահուն Պալքանեան Պատերազմը տակաւին ընթացքի մէջ էր, իսկ հայ ժողովուրդը ներկայացնող քաղաքական թէ հոգեւորական ղեկավարութիւնը, հաւասարապէս ե՛ւ արեւելահայ, ե՛ւ արեւմտահայ, տենդագին աշխատանքի մէջ էր՝ մէկ կողմէ Ցարական Ռուսաստանի, իսկ միւս կողմէ Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հայանպաստ դիրքորոշումը ապահովելու համար։

Գրիգոր Զօհրապ այդ շրջանին թէ՛ օսմանեան խորհրդարանի ամէնէն երեւելի հայ պատգամաւորն էր՝ Վարդգէսի հետ, թէ՛ Թուրքիոյ Հայոց Ազգային Ժողովի ղեկավար երեսփոխաններէն մէկը։

1909ի Կիլիկիոյ Ջարդէն ետք, օսմանեան խորհրդարանին մէջ, Զօհրապ եւ Վարդգէս ամէնէն բուռն քննադատները դարձան իթթիհատական կառավարութեան, որ սկսաւ հակադարձելու՝ ընդհանրապէս ազատ արտայայտութեան իրաւունքը խեղդելու կոչուած քայլերով, ճնշումներով եւ հետապնդումներով։

Նաեւ այդ հալածանքէն խուսափելու նկատառումով Զօհրապ ֆրանսական գրչանունով լոյս ընծայեց «Հայկական Հարցը՝ փաստաթուղթերու լոյսին տակ» խորագրուած իր գրքոյկը։

Քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակներու համար գրուած այդ գործը նախ հակիրճ պատմականը կ՚ընէ Հայկական Հարցի ծագումին՝ օսմանեան դարաւոր հակահայ հալածանքի ներկայացումէն մինչեւ Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի Դաշնագիրներուն մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, Հայկական Հարցի արծարծումը իբրեւ իրաւաքաղաքական ինքնուրոյն խնդիրի։

Ապա՝ Զօհրապ արժեւորումը կը կատարէ եւրոպական մեծ տէրութեանց կողմէ նախաձեռնուած Հայկական Բարենորոգումներու տարբեր ծրագիրներուն եւ անոնց անփառունակ վախճանին՝ շեշտելով անհրաժեշտութիւնը այլեւս արմատական քայլերու, ինչպիսին տեղական լայն ինքնակառավարումը կրնար ըլլալ։

Գրքոյկը մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ իր մէկտեղած վիճակագրական պաշտօնական տուեալներով, որոնք անվիճելիօրէն կը հաստատեն այսպէս կոչուած արեւելեան նահանգներուն մէջ հայ ազգաբնակչութեան գերակշիռ ներկայութիւնը։

Իր ժամանակին քաղաքական կարեւոր ներդրում մը եղաւ Գրիգոր Զօհրապի ֆրանսերէն այս գործին հրապարակումը եւ իրապէս հիմք ծառայեց եւրոպական դիւանագիտութեան հետագայ քայլերուն։

Նոյնիսկ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք յաղթական Դաշնակիցներու մօտ տարուած Հայ Դատի արդար լուծման աշխատանքներուն ընթացքին, Զօհրապի ներկայացուցած փաստարկումներն ու օսմանեան պետական թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան արխիւներէն մէջբերած վիճակագրական տուեալները մեծապէս օգտակար հանդիսացան։

Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ համա-օսմանեան տարողութեամբ մեծ հեղինակութիւն էր եւ իրաւաբանի միջազգային վարկ կը վայելէր Զօհրապ։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ․- «Ես Սահմանադրութեան փաստաբանն եմ» ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ

*
* *

Գրիգոր Զօհրապը ծնած էր 1861ին, Կ. Պոլսոյ Պեշիկթաշ թաղամասը։ Հայրը` Խաչիկ էֆենդին, լումայափոխ էր, բնիկ՝ ակնեցի։ Մայրը` Էֆթիկ հանըմը, Մալաթիայէն էր։ Զօհրապ նախնական կրթութիւնը ստացաւ Պեշիկթաշի «Մաքրուհեան» վարժարանին մէջ։

1870ին մահացաւ հայրը։ Մայրը վերամուսնացաւ նշանաւոր փաստաբան Աւետիս Եորտումեանի հետ եւ երկու որդիներուն՝ Միհրանի ու Գրիգորի հետ տեղափոխուեցաւ Օրթագիւղ։ Տղաքը իրենց ուսումը շարունակեցին տեղւոյն նշանաւոր Թարգմանչաց վարժարանին մէջ։

Հոն ալ սկիզբ առին Զօհրապի առաջին գրական նախափորձերը` ոտանաւորներ, յաջող շարադրութիւններ։

1876ին Զօհրապ ընդունուեցաւ ժամանակի Թուրքիոյ կրթական միակ բարձրագոյն հաստատութիւնը` Կալաթասարայի վարժարանը, որ բացուած էր 1868 թուին, ֆրանսական կառավարութեան հովանաւորութեամբ եւ Կ. Պոլսոյ մօտ Ֆրանսայի դեսպանի անմիջական հսկողութեամբ։ Ուսանեցաւ երկրաչափութիւն։ Բաժինը աւարտեց փայլուն գիտելիքներով։

1880 թուականին աշխատանքի անցաւ խորթ հօր իրաւաբանական գրասենեակին մէջ իբրեւ գրագիրի եւ, միաժամանակ, սկսաւ յաճախելու Կալաթասարայի իրաւագիտութեան բաժինը։ Սակայն շուտով վարժարանը, որ ունէր 45 հայ, 2 իսլամ, 2 հրեայ եւ 3 յոյն ուսանող, փակուեցաւ՝ բաւարար թուով իսլամ աշակերտներ չունենալու պատճառով։

Եւ երբ 1881ին բացուեցաւ «Հուգուգի» (իրաւունքի) վարժարանը, Զօհրապ շուտով հոն արձանագրուեցաւ ու երկու տարի ուսանելէ ետք անկէ հեռացաւ՝ վկայական չստանալով։ Բայց 1884ին Ադրիանապոլսոյ (Էդիրնէ) մէջ քննութիւն տուաւ եւ ստացաւ փաստաբան-իրաւաբանի վկայական։

Զօհրապ գրական ասպարէզ մուտք գործեց 1878ին, երբ հանդիպեցաւ Նիկողայոս Թիւլպենճեանին եւ դարձաւ անոր հրատարակած «Լրագիր» օրաթերթին աշխատակիցը։ Միայն 17 տարեկան էր այդ ատեն եւ, այսուհանդերձ, ինքզինք կրցաւ դրսեւորել իբրեւ ազգի ճակատագրով մտահոգ հայը։

1880ականներու սկիզբը մուտք գործելով հրապարակախօսական ասպարէզ՝ Զօհրապ դարձաւ ժամանակի գրական շարժման մասնակիցներէն եւ արդիւնաւէտ գործիչներէն մէկը։ 1883ին հրատարակեց Ասիական ընկերութեան «Երկրագունտ» հանդէսը, Յակոբ Պարոնեանի խմբագրութեամբ։ 1885ին, նոյն հանդէսի էջերուն սկսաւ տպագրել իր անդրանիկ վէպը` «Անհետացած սերունդ մը» վերնագրով։ 1887ին վէպը լոյս տեսաւ առանձին գիրքով։

1888ին Զօհրապ ամուսնացաւ Քլարա Եազըճեանի հետ։ Ունեցան չորս զաւակ՝ Լեւոն, Տոլորէս, Արամ եւ Հերմինէ։

1891ին Զօհրապ առաջին անգամ ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի երեսփոխան, սակայն Ժողովի բացման նիստին անոր ընտրութիւնը չվաւերացուեցաւ՝ 30 տարիքը լրացուցած չըլլալու պատճառով։

1892ին Զօհրապի խմբագրութեամբ հրատարակուեցաւ «Մասիս» ազգային, գրական, քաղաքական հանդէսը։ Զօհրապի գրիչն այս շրջանին յատկապես բեղուն եղաւ։ 1893ին հանդէսը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ։

Զօհրապի գրական գործունէութիւնը բուռն վերելք ապրեցաւ 1880ականներու վերջերուն եւ 1890ականներու սկզբնաւորութեան։ «Արեւելք» օրաթերթին, ապա «Մասիս»ի մէջ լոյս տեսան Զօհրապի առաջին նորավէպերը։ Իր գրական ստեղծագործութեան հիմնական մասը ան ստեղծեց 1887-1893 տարիներուն։

Այս շրջանին Զօհրապ գրեց նաեւ իր երկրորդ, բայց անաւարտ մնացած վէպը` «Նարտիկ»ը, նորավէպերուն մեծ մասը, բազմաթիւ հրապարակախօսական յօդուածներ, որոնք լայն ճանաչում ապահովեցին իրեն՝ իբրեւ գրող եւ հրապարակախօս՝ «Նորավէպի Իշխան»ի բարձր պատուանդանին արժանացնելով զինք։

Հետագային, երկար լռութենէ յետոյ, 1898 թուականէն սկսեալ, Զօհրապ դարձեալ երեւաց գրական ասպարէզի վրայ, այս անգամ ոչ միայն իբրեւ անուանի ու վաստակաւոր գրողի, այլեւ՝ պետական-հասարակական գործիչի։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Գրիգոր Զօհրապ՝ Հայկական Հարցի յանդուգն իրաւապաշտպանի պահանջատիրական յաղթ ձայնը

*
* *

1894-95 թուականները զարհուրելի էին արեւմտահայերու համար։ Սկսան ու մինչեւ 1896 շարունակուեցան զանգուածային կոտորածները։ Հայ մտաւորականներու մեծ մասը ստիպուեցաւ հեռանալ Կ. Պոլսէն եւ հաստատուիլ Եւրոպա։

Յուսահատութեան ու տեղատուութեան այս շրջանին Զօհրապ ակամայ հեռացաւ գրական ասպարէզէն։ Առաւելաբար փաստաբանական գործերով, կարեւոր դատավարութիւններով զբաղեցաւ։

Պոլսոյ մէջ Զօհրապ իբրեւ իրաւաբան-փաստաբան յայտնի դարձաւ յատկապէս օտարներուն, որովհետեւ տիրապետելով ֆրանսերէնին՝ յաճախ ինք կը պաշտպանէր անոնց դատերը Թուրքիոյ առեւտրական առաջին դատարանին մէջ։

Զօհրապ նաեւ Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան թարգմանն էր ու իրաւագէտ-խորհրդականը։ Օգտուելով այդ հանգամանքէն՝ ռուս օտարահպատակներու դատերը ստանձնեց եւ ունեցաւ Եւրոպա ազատօրէն երթեւեկելու իրաւունք։

Սակայն 1906 թուին, օրուան արդարադատութեան նախարարին կարգադրութեամբ, Զօհրապին արգիլուեցաւ թրքական դատարաններուն մէջ դատեր պաշտպանելը։ Պատճառը պուլկար յեղափոխականի մը դատական պաշտպանութիւնն էր Զօհրապի կողմէ։

Այդ պատճառով ալ, երբ 1908ին Թուրքիոյ մէջ հռչակուեցաւ Սահմանադրութիւնը եւ կայսրութեան բոլոր անկիւնները թափ առին հաւաքներն ու ցոյցերը՝ հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ համագործակցութեան կարգախօսներով, Զօհրապ կը գտնուէր Փարիզ, ուր ան յաջողեցաւ հրատարակել իր ֆրանսերէն իրաւագիտական աշխատութիւնը եւ մասնագիտական աշխատանքի լայն ասպարէզ գտնել։ Բայց երբ տեղեկացաւ Թուրքիոյ մէջ Սահմանադրական կարգերու հաստատման մասին, մեծ յոյսերով եւ լաւատեսութեամբ Փարիզէն շտապեց Պոլիս։

1908ի խորհրդարանական ընտրութեանց Զօհրապ պատգամաւոր ընտրուեցաւ։ Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանական գրեթէ բոլոր քննարկումներուն, ամէն ջանք գործադրեց խորհրդարանին կողմէ արդարացի օրէնքներ ընդունելու համար։

Ինքն իր մասին Զօհրապ կը սիրէր ըսել, թէ «Ես Սահմանադրութեան փաստաբանն եմ»։

Զօհրապ մեծապէս յարգուած եւ երեւելի անձնաւորութիւն դարձաւ երկրի թէ՛ ազգային, թէ՛ համընդհանուր հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ։ Սակայն երբ սկսաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Թուրքիոյ իշխանաւորները պահը յարմար գտան ի գործ դնելու հայերու դէմ իրենց մշակած Ցեղասպանութեան ծրագիրը։

Մէկ գիշերուան մէջ՝ Ապրիլ 24ին, մեծագոյն մասով ձերբակալուեցան եւ աքսորուեցան Պոլսոյ հայ մտաւորականները։ Զօհրապ ամէն ջանք գործադրեց՝ ազատելու իր անմեղ ազգակիցները։ Դիմեց պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որոնցմէ շատերուն հետ մտերիմ յարաբերութիւն ունէր, այդ շարքին՝ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային եւ վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշային։

Ցեղապան թուրք պետական պատասխանատուները բոլորն ալ դրական եւ յուսադրիչ պատասխաններ կու տային։ Սակայն շուտով Զօհրապին եւ Վարդգէսին ալ միասնաբար ձերբակալեցին եւ աքսորեցին։

Անոնց ալ կը սպասէր հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր սերուցքին դէմ «մշակուած» նոյն դաժան ճակատագիրը։

1915 թուականի Յուլիսին, աքսորի ճանապարհին, դաժանօրէն սպաննուեցան Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս։

Ցեղասպան Թուրքիան այդպէ՛ս խեղդեց Հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան խիզախ պաշտպան-փաստաբանին անպարտելի ձայնը։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail