ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Միքայէլ Վարանդեան (Յովհաննիսեան, 1872-1934) Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարախօսն ու Դաշնակցութեան տեսաբանը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Միքայէլ Վարանդեան (Յովհաննիսեան, 1872-1934).
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարախօսն ու
Դաշնակցութեան տեսաբանը
Ն. Պէրպէրեան
22 Ապրիլ 2020
19րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդին ազգային-ազատագրական շարժումը եւ յեղափոխական ինքնահաստատման պայքարը որքան մարտական ու քաղաքական, նոյնքան գաղափարական եւ բարոյական կրակով ու ոգեւորիչ շունչով յատկանշուեցան։
Հայկական Ազատամարտի սերնդակերտ բոցը արծարծելու գաղափարական ոգորման մէջ իր անզուգական ներդրումը ունեցաւ Միքայէլ Վարանդեան, որուն մահուան 86րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք Ապրիլ 22ի այս օրը։
Արցախի ծնունդ գաղափարի այս մարտիկը իրաւամբ հանդիսացաւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բոցաշունչ գաղափարախօսն ու տեսաբան դրօշակիրը՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան արիւնալի պայքարը առաջնորդող յեղափոխական մտքի եւ խօսքի անխարդախ պատգամաբերը։
Գաղափարի հուրով համակուած էր Վարանդեանի ողջ էութիւնը եւ անոր գրիչէն լոյս աշխարհ եկած էջերը, ինչ որ ալ ըլլար անոնց բնոյթը, հրապարակագրութիւն թէ պատմագրութիւն, փիլիսոփայութիւն թէ ընկերաբանութիւն, յուշագրութիւն թէ քաղաքական բանավէճ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր գաղափարական հրաբուխի ժայթք էին. իրենց ջերմութեամբ ու սիրտ եւ միտք վառող կրակով՝ Վարանդեանի գրութիւնները կը կլանէին, կ՚ոգեւորէին ու պայքարի կը մղէին ընթերցողը։
*
* *
Աւազանի անունով Միքայէլ Յովհաննիսեան՝ ան ծնած էր 1872ին, Արցախի Վարանդա գաւառի Քեաթուկ գիւղը։ Ծննդավայրի ներշնչումով ալ, հետագային, որդեգրեց Վարանդեան գրչանունը, որ փաստօրէն նաեւ իսկական ազգանուն դարձաւ։
(Վարանդեանի ծննդեան ճշգրիտ թուականին շուրջ տարակարծիք են կենսագիրները. ոմանք կ՚ընդունին 1873ը, իսկ ուրիշներ՝ 1874ը)։
Բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ՝ Վարանդեան իր տարրական ու միջնակարգ ուսումը ստացաւ Շուշիի ռէալական վարժարանին մէջ։
Այդ ժամանակներուն Շուշի կը հանդիսանար գաղափարական կազմաւորման հիմնական հնոց մը՝ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարով տոգորուած, ինչպէս նաեւ ռուսական թէ եւրոպական յեղափոխական շարժումներու յառաջդիմական գաղափարներով խանդավառուած հայ նորահաս սերունդին համար։
Վարանդեան աշակերտական տարիներէն փարեցաւ Երկրի հայութեան ազգային ազատագրումի դատին եւ, գաղափարապաշտ իր էութեամբ, կոչումի ու առաքելութեան վերածեց հայկական յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումը, հունաւորումը եւ ժողովրդականացումը յառաջ մղելու՝ արմատաւորելու մտաւորական յանձնառութիւնը։
Այդ ներշնչումով եւ ուղղութեամբ՝ 1880ականներու վերջերուն գրուած իր առաջին յօդուածները ան լոյս ընծայեց ժամանակի հայկական ազատախոհ մամուլին՝ Արասխանեանի «Մուրճ»ին եւ Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»ի էջերուն, EGO ստորագրութեամբ։
Շուշիի ռէալականը աւարտելէ ետք, Թիֆլիս ապրող իր մօրեղբօր՝ յայտնի մեծահարուստ Արամեանցի նիւթական հովանաւորութեամբ, Վարանդեան 1890ին մեկնեցաւ Զուիցերիա, Ժընեւի համալսարանին մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Շուտով դարձաւ Ժընեւի հայ ուսանողական շարժումներու աշխոյժ մասնակիցն ու մղիչ ուժը։
Չբաւարարուեցաւ Ժընեւի համալսարանի ընկերային գիտութեանց անուանի դասախօսներու դասընթացքներուն հետեւելով։ Նաեւ Գերմանիոյ համալսարաններուն ազատ ունկնդիր դարձաւ, մօտէն հետեւեցաւ գերմանացի մեծանուն փիլիսոփաներու եւ ընկերաբաններու դասախօսութեանց ու դասաւանդութեանց։
Եւրոպայի տարածքին ընկերվարական հոսանքի, ժողովրդավարական զարթօնքի ու քաղաքական ազատագրումի շարժումներու շղթայազերծման տարիներն էին եւ Վարանդեան ոչ միայն ուսանողը եղաւ զուիցերիացի թէ գերմանացի, պելճիքացի թէ ֆրանսացի, ռուս թէ անգլիացի ընկերվարական դէմքերու դասախօսական ելոյթներուն կամ այցելու դասաւանդութեանց, այլեւ՝ ընկերական սերտ կապեր հաստատեց անոնց հետ։
Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականի կազմութեան եւ արագ ժողովրդականացման տարիներն էին, իսկ Վարանդեան արդէն գտած էր հայ ընկերվարականի՝ դաշնակցականի՛ իր ուղին։
*
* *
Միքայէլ Վարանդեանի կեանքին շրջադարձային պահը եկաւ 1892ին, երբ Դաշնակցութեան հիմնադիր Ռոստոմ Ժընեւ ժամանեց՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործը կազմակերպելու առաքելութեամբ։
Ռոստոմ Վարանդեանի մէջ գտաւ գաղափարապաշտ ու տեսականօրէն լաւագոյնս պատրաստուած այն ուժը, որ ի վիճակի էր արժանաւորապէս ի կատար ածելու նորաստեղծ Դաշնակցութեան ազգային-յեղափոխական առաջադրանքներուն գաղափարաբանական հիմնաւորման ու քարոզչութեան պատասխանատու գործը։
Իսկ Վարանդեան Ռոստոմի մէջ գտաւ յեղափոխական կենդանի պայքարի ու կազմակերպական գործի մեծ վարպետ մը, որ իր աշխարհայեացքով եւ ընկերային արդարութեան պաշտամունքով այնքան հոգեհարազատ էր իրեն։
Իր ուսման զուգահեռ՝ Վարանդեան տենդագին փարեցաւ «Դրօշակ»ի խմբագրական գործին, իբրեւ Ռոստոմի աջ բազուկը։
Ոչ միայն «Դրօշակ»ի իւրաքանչիւր համարին յօդուած հասցուց, այլեւ՝ յաճախ միեւնոյն համարին մէջ տարբեր բաժիններով աշխատակցութիւն բերաւ։
Գրեց խմբագրական եւ առաջնորդող յօդուած։ Բանավէճի մէջ մտաւ հայկական յեղափոխութիւնը մրոտելու ելած աջի թէ ձախի գաղափարախօսներուն հետ։
Բանաստեղծի յուզական շունչով եւ փիլիսոփայի խոհուն վերլուծութեամբ՝ ներկայացուց հայ ազատագրական շարժման զոհասեղանին ինկած հերոսները։
Մամուլի տեսութիւններով մնայուն լուսարձակի տակ պահեց եւրոպական ազատախոհ մամուլի հայանպաստ հրապարակումները։
Այդ բոլորով նաեւ միշտ ժամանակը գտաւ կամ ստեղծեց, որպէսզի պատրաստէ եւ յօդուածաշարքի տեսքով լոյս ընծայէ գիտական աշխատասիրութիւններ՝ պատմական, գաղափարաբանական, քաղաքական եւ հասարակագիտական հարցերու եւ նորայայտ զարգացումներու վերաբերեալ, ի սպաս հայ ժողովուրդի ազգային-գաղափարական գիտակցութեան մշակումին եւ հարստացման։
Այսպիսով՝ Միքայէլ Վարանդեանի անունը անքակտելիօրէն կապուեցաւ «Դրօշակ»ին, այլեւ՝ պաշտօնաթերթի բազմամեայ խմբագրի իր վաստակով, Վարանդեան արժանաւորապէս դարձաւ Դաշնակցութեան տեսաբանն ու գաղափարախօսը, քարոզիչն ու արտասահմանեան լոպիիստը։
«Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը Վարանդեան վարեց երբեմն նաեւ միանձնեայ, մինչեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթի հրատարակութեան առաջին շրջանի աւարտը, 1914 թուականը։
Իր այդ հանգամանքով կանոնաւորաբար մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյին՝ ստանձնելով նախ արտասահմանեան քարոզչութեան, ապա՝ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։
Այդ զոյգ հանգամանքներով՝ Վարանդեան մեծ ներդրում ունեցաւ ֆրանսերէն «Պրօ-Արմենիա» թերթի հրատարակութիւնը եւ Ընկերվարական Երկրորդ Միջազգայնականին Դաշնակցութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը իրականացնելու գործերուն մէջ։
*
* *
Առաջին Աշխարհամարտին բռնկումը ծանրագոյն հարուած հասցուց․- Ազգային-ազատագրական պայքարի ճակատին վրայ, թրքական պետութեան ընձեռեց հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին գործադրութեան «յարմար» պաhը։
Իսկ համաշխարհային զարգացումներու ընդհանրական ճակատին վրայ, խորացուց ընկերվարական կուսակցութիւններու միջեւ ազգային պառակտումը եւ փոխադարձ անվստահութեան ու թշնամանքի մթնոլորտը։
Այդ ամէնը բառին բուն իմաստով ընկճեց իտէալիստ Վարանդեանը։
Թէեւ 1915ին Վարանդեան Ժընեւէն վերադարձաւ Կովկաս ու որոշ ժամանակ վարեց Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին խմբագրութիւնը, բայց երկար չկրցաւ մնալ եւ վերադարձաւ Եւրոպա, ուր մինչեւ Հայաստանի անկախացումը գործակցեցաւ Պօղոս Նուպարի Ազգային Պատուիրակութեան հետ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք՝ նշանակուեցաւ Հայաստանի դեսպան Հռոմի մէջ։
Նոյնիսկ դեսպանութեան օրերուն՝ Վարանդեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Նեմեսիսի իրականացման աշխատանքներուն, յատկապէս Հռոմի մէջ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումին։
Բայց ծանրօրէն խոցուած էր գաղափարապաշտ Վարանդեանի հոգին, որ բնաւ չկրցաւ հաշտուիլ ընկերվարական իր գաղափարակիցներու դրսեւորած ազգային հողի վրայ պառակտումներու վարքագծին հետ։
Յատկապէս չկրցաւ հանդուրժել կամ տանիլ Հայոց Մեծ եղեռնին նկատմամբ Եւրոպայի անտարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ յանուն ընկերվարութեան՝ պոլշեւիկ «յեղափոխական»ներու գործած ոճիրները, որոնց ծայրայեղ դրսեւորումներէն մէկը եղաւ, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեամբ, Հայաստանի անկախութեան խորտակումը։
Այդ պատճառով ալ, իր կեանքին վերջին տասնամեակը Վարանդեան անցուց ինքնամփոփ։ Անշուշտ շարունակեց գրել, բայց քաղաքական եւ կազմակերպական երբեմնի աշխուժութիւնը չունեցաւ այլեւս։
Եւ 1934ին, երբ իրեն այնքան հոգեհարազատ ու երկարամեայ գործակիցը՝ Աւետիս Ահարոնեան Վարանդեանի նախաձեռնութեամբ դասախօսական ելոյթի համար հրաւիրուեցաւ Մարսէյլ, բայց բեմի վրայ կաթուածահար ըլլալով չկրցաւ ամբողջացնել իր խօսքը, Վարանդեան վերջնականապէս փուլ եկաւ։
Քանի մը շաբաթ ետք, Ապրիլի 22ին, Վարանդեան ունեցաւ սրտի կաթուած, որ մահացու եղաւ։
*
* *
Վարանդեան ամբողջ գրականութիւն մը կտակեց մեր սերունդներուն։
Թէեւ հիմնական գործերը լոյս տեսան առանձին հատորներով, բայց «Դրօշակ»ի եւ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած կը մնան մեծ թուով աշխատասիրութիւններ եւ հրապարակագրական էջեր, որոնք աւելի ամբողջական կ՚ընծայեն գաղափարական դիմագիծը այս մեծ հայուն, որ իր մտաւորական ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայկական յեղափոխութեան եւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարախօսական հիմնաւորումին ու հունաւորումին, տարածումին եւ ժողովրդականացումին։
Միքայէլ Վարանդեանի «Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն»ը, «Հոսանքներ»ը, «Հայկական Շարժման նախապատմութիւն»ը, «Վերածնուած հայրենիքը եւ մեր դերը», «Բողոքը նորագոյն պատմութեան մէջ», «Կրօն եւ գիտութիւն»ը, «Դաշնակցութիւնը եւ նրա հակառակորդները», «Սիմոն Զաւարեան»ը, «Մուրատ»ը, «Համայնավարութիւնը եւ միջազգային յեղափոխութիւնը» եւ բազմաթիւ միւս գործերը գաղափարական սնունդի կենսատու աղբիւր եղած են իրերայաջորդ սերունդներու համար։
Միքայէլ Վարանդեանի գաղափարապաշտ շունչով՝ մեր սերունդները գաղափարաբանական խորքով ճանչցան ու պաշտեցին հայկական յեղափոխութիւնը, յատկապէսւ անոր մարտունակութիւնը առաւելագոյնս մարմնաւորող Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։
Իր շունչով է, մանաւա՛նդ, որ՝
«Հայաստան կոչուած երկիրը դարձեր է մեզ համար աւելի քաղցր ու հրապուրիչ։ Որովհետեւ… այդ հողը սնուել, պարարտացել է գաղափարով, որ մեր ըմբոստ նահատակների արիւնն է ու նրանց աճիւնները։ Սոսկ անկենդան մի նիւթ չէ այլեւս հայկական հողը, այլ նա շնչաւորուած է, գաղափարուած։
Նա այլեւս սոսկ նիւթական քաղաքակրթութեան մի գործօն չէ, այլ կազմում է մեր իմացական քաղաքակրթութեան մի անբաժան մասնիկը, մեր նորագոյն ազգայնականութեան անկիւնաքարը»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ