ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէութեան այժմէականութիւնը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէութեան այժմէականութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէութեան այժմէականութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ

Յուշատետր

Ապրիլ 1915․

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէութեան այժմէականութիւնը

Ն. Պէրպէրեան

23 Ապրիլ 2020

Ապրիլ 24ի նախօրէին, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր նորագոյն պատմութեան էջերը թերթատելու ընթացքին, հայ մարդոց ուշադրութիւնը վստահաբար պիտի գրաւէ Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակներէն Ա. Վռամեանի հռչակաւոր մարգարէական կանխատեսումը.

«- Թուրքիոյ, Կովկասի եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող հայը գիտնալու է այսօր, որ ահեղ դաւադրութիւն մը կայ իրեն դէմ, միլիոնաւոր մոլեռանդներու լռելեայն համաձայնութիւնը կռնակ ունենալով. Թաթարներու այսօրուան արարքներն եւս Կովկասի մէջ, որոշ ծրագրի մը գոյութիւնը կը մատնեն՝ տնտեսապէս ջախջախել հայերը, անոնց երիտասարդ ուժերը սպառել եւ մնացորդը մղել գաղթելու։

«- Հայութեան բնաջնջումի ծրագիրը ի գլուխ պիտի հանեն, եթէ յարմարագոյն առիթը ներկայանայ։ Իսկ այդ առիթը կամ պատեհ րոպէն միջազգային բարդութիւններն են, որոնք գոնէ կարճ ժամանակի մը համար պիտի կրնան Եւրոպայի ուշադրութիւնը Արեւելքէն հեռու պահել եւ թողուլ, որ դահիճն ու զոհը մնան առանձին, դէմ դիմաց։

«- Ահա այդ ահաւոր րոպէին է, որ հայաջնջումի ահեղ ծրագիրը պիտի իրականանայ առանց դժուարութեան եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած ողբերգութեամբ»…

1905ին գրուած են Ա. Վռամեանի մարգարէական այս մտածումները։ Գրուած են Արեւելահայաստանի մէջ եւ Անդրկովկասի տարածքին ցարական իշխանութեանց դրդած հայեւթաթարական ընդհարումներու օրերուն եւ ազգամիջեան այդ արիւնալի գրգռութեանց լոյսին տակ։

Վռամեան այդ ժամանակ կը գտնուէր Պոսթըն՝ Մ. Նահանգներ հաստատուած հայ պանդուխտները կազմակերպելու դաշնակցական գործիչային առաքելութեամբ եւ մարգարէական իր կանխատեսումը հրապարակած էր տեղւոյն «Հայրենիք» օրաթերթի 28 Հոկտեմբերի թիւով լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ։

Ուշագրաւը այն է, որ Ա. Վռամեան մարգարէական այդ կանխատեսումով կը բացատրէր ու կը հիմնաւորէր այդ ժամանակաշրջանին հայ յեղափոխական շարժման որդեգրած քաղաքական ռազմավարութիւնը։

Ինկած թրքական, պարսկական եւ ռուսական տիրապետութեանց տակ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը կը դիմագրաւէին բնաջնջման եւ անհետացման օրհասական վտանգը։ Ելքը պանդխտութիւնն ու հայրենալքութիւնը չէին կրնար ըլլալ։ Ելքը – եւ միակ յոյսը – զէնքով հայոց փրկութեան նուաճումն էր։

Իսկ հայ ազգային-ազատագրական շարժումը յաջողութեան եւ յաղթանակի յոյս կրնար ունենալ միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ, Պարսկաստանի թէ Ռուսաստանի մէջ վերջ տրուէին ամէն կարգի բռնատիրութեանց՝ քաղաքական զարթօնքի եւ պետական ղեկավարութեան կոչելով երիտասարդ ու յեղափոխական ուժեր, որոնք ազգերու միջեւ համերաշխութեան գաղափարին զինուորագրուած պիտի ըլլային եւ ոչ թէ ազգամիջեան հակամարտութիւններ հրահրէին…

Այդ ներշնչումով ու հաւատամքով՝ Ա. Վռամեան եղաւ դրօշակիրը հայեւթուրք յեղափոխական դաշնադրութեան եւ իր կեանքի գնով գործեց ի խնդիր այդ գործակցութեան ամրապնդումին։

Վռամեան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ էր, ընտրուեցաւ նաեւ Օսմանեան Խորհրդարանի դաշնակցական պատգամաւոր՝ Վանի շրջանէն, պարտութեան մատնելով իթթիհատական թեկնածուն։ Իբրեւ այդպիսին, Մեծ Եղեռնի նախօրէին, հաստատուեցաւ Վանի մէջ, ուր Արամի եւ Իշխանի (Նիկոլ Միքայէլեան) հետ ղեկավարեց Վասպուրականի հայութեան քաղաքական պայքարը՝ ի սպաս հայկական լայն ինքնավարութեան ձեռքբերումին։

Բայց Ապրիլի 3ին Վանի կուսակալ Ճեւտէթ պէյը դաւադրաբար սպաննել տուաւ Վանայ Իշխանին, իսկ երկու օր ետք՝ Ապրիլի 5ին, երբ Իշխանի սպանութեան յանցագործները պատժելու պահանջով կուսակալին քով գացած էր, Ա. Վռամեան իր կարգին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ՝ ճամբու ընթացքին նահատակուելու համար։

Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան, 1871-1915)

*
* *

Աւազանի անունով Օննիկ Դերձակեան՝ 1871ին Պոլիս ծնած եւ պատանի տարիքին, Կոմիտասի ու Լեւոն Շանթի հետ, Էջմիածին ղրկուած եւ «Գէորգեան» Ճեմարանը աւարտած ներհուն մտաւորական եւ եռանդուն հասարակական գործիչ էր Արշակ Վռամեան։ 1889ին Պոլիս վերադարձած եւ 1894ին Դաշնակցութեան անդամագրուած էր։

Յեղափոխական իր անձնուէր գործունէութեամբ՝ Վռամեան անմիջապէս դարձաւ Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ. Կոմիտէի սիւներէն մէկը։ Բաբգէն Սիւնիի հետ ծրագրեցին ու նախապատրաստեցին Պանք Օթոմանի գրաւումը։

Այնուհետեւ, Վռամեան ձերբակալուեցաւ ու մահապատիժի դատապարտուեցաւ օսմանեան իշխանութեանց կողմէ, բայց կրցաւ փախուստ տալ եւ հեռանալ Պոլիսէն։

Երկու տարի կազմակերպական գործիչի աշխատանք տարաւ Պուլկարիոյ մէջ, ուրկէ անցաւ Ժընեւ՝ միանալու համար «Դրօշակ»ի խմբագրութեան։ 1898ին ներկայ գտնուեցաւ Թիֆլիսի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. Երկրորդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Բիւրոյի անդամ։

Տարի մը ետք գործիչային առաքելութեամբ ղրկուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր հիմնեց «Հայրենիք» թերթը եւ վարեց անոր խմբագրութիւնը մինչեւ 1907։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Վռամեան վերջնականապէս վերադարձաւ Պոլիս եւ կուսակցական ու պետական բարձրագոյն պատասխանատուութիւններ ստանձնեց մինչեւ 1915ի իր նահատակութիւնը։

Այսպէս, մարգարէական իր կանխատեսումին առաջին զոհերէն մէկը եղաւ ինք՝ Վռամեան, հայեւթուրք համերաշխութեան համար իր ցանած գաղափարապաշտ սերմերուն փոխարէն քաղելով… դառնագոյն պտուղը թրքական եղեռնագործութեան։

Եւ այսօր ալ, հայոց ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցի սեմին, Վռամեանի օրինակն ու մարգարէական կանխատեսումը նորովի կը յուշեն հայոց սերունդներուն, աշխարհի չորս ծագերուն, թէ թուրք պետական մտածողութիւնը որեւէ «յարմար» պահու պատրաստ է «ամբողջացնելու» հայկական «սեպ»էն ձերբազատուելու իր ցեղասպանական վարքագիծը՝ իբրեւ չքմեղանք գործածելով ներքին թշնամին «մաքրած ըլլալու» պատճառաբանութիւնը։

Հայաստանն ու հայկական հողերը, իբրեւ հայ ազգի պատմական սեփականութիւնը, «գոյութեան իրաւունք» չունին յաչս թրքական պետութեան, որ սեփական ցեղին բռնագրաւած հողերը թրքացնելու միակ կոչումով կ՚առաջնորդուի եւ, այդ ճամբուն վրայ, ոչ մէկ քաղաքական, իրաւական կամ մարդկային կաշկանդում կը ճանչնայ, ոչ մէկ խոչընդոտ կ՚ընդունի…

Իսկ հայ ժողովուրդը, անկախաբար ազգային-քաղաքական ինքնահաստատման իր բնական ձգտումներէն եւ սեփական անկախ հայրենիքի ու պետականութեան իրաւունքէն, սոսկ քաղաքակրթական իր կենսունակութեամբ, կամայ թէ ակամայ, կ՚արգելակէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը»…

Հետեւաբար, ինչ որ ալ ըլլան պատմական զարգացումներու հետեւանքով առաջացած աշխարհաքաղաքական պայմանները, թրքական պետութիւնը դատապարտուած կը զգայ ինքզինք շարունակելու հայաջնջումի ծրագրին գործադրութիւնը։

Թուրք պետութիւնը կրնայ միայն ու պարզապէս հայաջնջման ծրագրին գործադրութեան ձեւերը փոփոխութեան ենթարկել՝ արտաքին պայմաններուն համապատասխան յառաջ ընթանալու համար։

Եւ վերապրող հայութիւնը իրաւունք չունի փայփայելու Ա. Վռամեանի եւ իր սերունդին դառն ու ողբերգական երազը՝ թուրք ցեղասպան պետութեան բարեկարգման վերաբերեալ։

Տեսնելով հանդերձ թրքական պետութեան հետապնդած հայաջնջումի ծրագրին վտանգը, որ շեշտուեցաւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան յաջորդած Ատանայի կոտորածներով, ատենի հայ ղեկավարութիւնը շարունակեց փայփայել այն ցնորքը, թէ թուրք ժողովուրդի ծոցէն կրնայ երեւան գալ երիտասարդ սերունդ մը, որ հայ ժողովուրդին մէջ փնտռէ իր ճակատագրակիցն ու գործակիցը։

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի սոսկ գոյութեան մէջ անգամ իր համաթրքական աշխարհակալութեան սպառնալիք եւ վտանգ տեսնող ցեղասպան Թուրքիան կառչած մնաց հայաջնջման իր պետական ծրագրին, իսկ Հայաստանն ու հայութիւնը ծանրագոյն գին վճարեցին ցեղասպան պետութեան բարեկարգումին համար հայեւթուրք համերաշխութիւն առաջացնելու յոյսերու փայփայումին։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէութեան այժմէականութիւնը

*
* *

105 տարիներու վրայ երկարած ժամանակը ամենայն դաժանութեամբ եկաւ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդի քաղաքական ճակատագիրը առաջնորդելու կոչուած ազգային ոեւէ ղեկավարութիւն, մանաւանդ երբ ի մտի կ՚ունենանք 1918ին Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումէն ասդին գործած հայ պետական ղեկավար ուժերը, դատապարտուած է միշտ զգօնութեամբ դիմակալելու եւ բնաւ մտահան չընելու Դահիճին պետական քաղաքականութեան առանցքը կազմող հայկական սեպէն ձերբազատուելու «քաղաքակրթական» մտասեւեռումը։

Չի բաւեր, որ հայ ժողովուրդը պատրաստակամութիւն ունենայ ներելու թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճիրը, եթէ անշուշտ կրնայ այդպէս՝ առանց իրաւունքի ու արդարութեան վերականգնումին ու քաղաքական հատուցումին ներել…

Անհրաժեշտ է ու նախապայման, որ թրքական պետութիւնը հաշուի նստի իր պատմութեան հետ եւ ընդունի, որ քաղաքակրթական ծանրագոյն մոլորանք էր ու ոճիր՝ աշխարհի այս գօտիէն ներս թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը» Հայաստանի ու հայութեան գերեզմանումին վրայ խարսխելու քաղաքականութիւնը։

Միայն այդ պարագային նախ թուրք ժողովուրդը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ իր պետական ղեկավարութենէն հաշիւ պահանջելու, ապա՝ սնուցանելու այն յոյսը, որ կարելի է եւ պէտք է հայ ժողովուրդին հետ համատեղ կեանքի ու բարի-դրացիական յարաբերութեանց քաղաքակրթական նոր էջ բանալ։

Անհող մտամարզանք եւ անհեռանկար ինքնախաբէութիւն մնալու դատապարտուած են մնացեալ բոլոր վերլուծութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները, թէ ժամանակները կը փոխուին եւ ազգերն ու պետականութիւնները զարգացում կ՚ապրին եւ թէ, մինչեւ իսկ, պատմականօրէն իրարու հակադրուած ազգերու եւ պետութեանց նորահաս սերունդները ի վերջոյ անցեալի բեռէն լիցքաթափուելու ուղին պէտք է գտնեն։

Դժուար չէ Զոհը դուրս հանել «զոհ»ի հոգեբանութենէն, անոր հաւաքական յիշողութեան եւ գիտակցութեան վրայ ճնշող ցեղասպանութեան ահաւոր բեռէն։

Դժուարը եւ այս պարագային նախապայմանը յաղթահարումն է Դահիճին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան զգացումին։
Իսկ թրքական պետութեան երէկուան թէ այսօրուան ղեկավարութիւնը դոյզն անդրադարձումն իսկ չունի, աւելին՝ կը մերժէ ունենալ, խոստովանելու համար, որ ինք ժառանգորդն է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կործանման վրայ խարսխուած ցեղապաշտ պետութեան մը։

Թուրքիան ճշմարտութեան ա՛յս պատին առջեւ պէտք է կանգնեցնեն աշխարհի ճակատագիրը տնօրինող մեծերը, եթէ անկեղծ են իրենց արձակած դիւանագիտական պսպղուն կարգախօսքերուն մէջ։

Այլապէս, հայ ժողովուրդին նորահաս սերունդները անվարան պիտի ձայնակցին Ա. Վռամեանի պատգամին.

«Իրաւունքը, ինչպէս առաջ, այսօր ալ սուրին ծայրն է, այսինքն՝ անոնք միայն իրաւունք ունին, որ սուր ունին կամ եաթաղանին դէմ գէթ զմելի մը։ Իրաւունքը արցունքոտ թաշկինակին ծայրը կապեցինք մենք, փոխանակ սուրին ծայրը դնելու։ Պոռացէք ուզածնուդ չափ, թէ իբր մարդ, ուրիշներու վայելած ազատութիւնը դուք ալ ստանալու իրաւունք ունիք։ Կոկորդնիդ ու արցունքնիդ մեղքցէք։ Պարապ խօսքեր են ատոնք՝ ինչպէս դատարկ փամփուշտ մը առանց վառօդի»…

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ Ա. Վռամեանի մարգարէութեան այժմէականութիւնը

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail