ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Համահայկական Հայաստանի պետականութեան շուրջ համախմբման – ՕՐԱԿԱՐԳը – Համահայկական Հայաստանի պետականութեան շուրջ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Համահայկական Հայաստանի պետականութեան շուրջ համախմբման – ՕՐԱԿԱՐԳը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Համահայկական Հայաստանի պետականութեան շուրջ համախմբման – ՕՐԱԿԱՐԳը – Համահայկական Հայաստանի պետականութեան շուրջ համախմբման – ՕՐԱԿԱՐԳը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

25 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Համահայկական Հայաստանի պետականութեան շուրջ համախմբման» ՕՐԱԿԱՐԳը

24 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ «ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Հայաստանի պետականութեան շուրջ համախմբման» ՕՐԱԿԱՐԳին, որուն ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐը շեշտելու ծառայեց Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդընտիր, այլեւ ազգընտիր վարչապետ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆի ԱՊՐԻԼ 24ի այսօրուան ՈՒՂԵՐՁը։

Բարի լոյս՝ հայոց պետականութեան շուրջ համահայկական համախմբման հրամայականին տրուած Հ․Հ․ վարչապետի հիմնաւորումին՝

«Ո՞րը պէտք է լինի Ապրիլի 24ից մեր հետեւութիւնը. Առաջինը, 1915 թուականին երիտթուրքերի կառավարութեան կողմից հայ ժողովրդի նկատմամբ մահուան դատավճիռ է կայացուել, բոլոր ուժերը նետուել են այդ դատավճռի ի կատար ածմանը, 1,5 մլն․ հայի նկատմամբ այդ դատավճիռն ի կատար է ածուել, բայց հայ ժողովրդի նկատմամբ ի կատար ածել չի յաջողուել: 1,5 մլն․ մեր սրբադասուած նահատակները, ըստ այդմ, աւելի են ուժեղացրել ապրելու, արարելու, հզօրանալու, յիշելու եւ պահանջելու մեր կամքը:
«Հայ ժողովուրդը յաղթել է մահուանը:

«Երկրորդ եւ նոյնքան կարեւոր հետեւութիւնը հետեւեալն է. նախորդ դարասկզբին մեր ժողովրդին նետուած մարտահրաւէրները այսօր էլ գոյութիւն ունեն եւ այդ մարտահրաւէրներից ոչ թէ մազապուրծ լինելու, այլ դրան արդիւնաւէտ կերպով դիմակայելու միակ արդիւնաւէտ միջոցն ու գործիքը ուժեղ պետականութիւնն է, հզօր պետութիւնը, այնպիսի Հայաստանը, որը պատրաստ է դիմակայել անվտանգութեան բոլոր սպառնալիքներին»:

Բարի լոյս՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան համահայկական պայքարը ժամանակին հետ վերանորոգելու եւ վերաշխուժացնելու ՕՐԱԿԱՐԳին, որ այսօր հայ քաղաքական մտքի բոլոր հոսանքներէն կը պահանջէ քայլ պահել նոյնինքն աշխարհասփիւռ հայութեան ընտրած վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ժողովուրդին ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ հզօրացնելու ՈՒՂԻԻՆ հետ, որքան ալ խոր ցաւեր պատճառէ Ազգի եւ Հայրենիքի ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ երկունքը։

Հինգ տարի առաջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, մեր ժողովուրդը իր մէջ չգտաւ բաւարար ուժը՝ «100ամեակը ԱՌԱՆՑ ՌԵԺԻՄ»ի ոգեկոչելու եւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ըստ այնմ յառաջ մղելու համար։

Այսօր արատաւոր իր «ռեժիմ»էն ձերբազատուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ «համահայկական պետականութեան» շուրջ բոլորուելով՝ պահանջատէր հայութիւնը ի վիճակի է աւելիով սաստկացնելու քաղաքական իր ՃՆՇՈՒՄը թուրք ցեղասպան պետութեան վրայ։

Բարի լոյս՝ մէկուկէս միլիոն մեր սուրբ նահատակներուն նկատմամբ ՄԵՐ ՊԱՐՏՔը կատարելու ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻՆ, մեր ժողովուրդի «համահայկական ամբողջ ներուժի համախմբումը» պետականօրէն զօրաշարժի մղելու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ ուղղակի փողոց իջնելով բողոքի ցոյց կատարելու հնարաւորութենէն զրկուած, բայց ամբողջ աշխարհը Հայ Դատի պահանջատիրութեան «վիրտուալ» տարածքի վերածած հայոց նորահաս սերունդներու վերանորոգ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։

25 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail