ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 24 Ապրիլ 1915 – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան կիզակէտը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 24 Ապրիլ 1915 – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան կիզակէտը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 24 Ապրիլ 1915 – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան կիզակէտը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

25 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

24 Ապրիլ 1915.
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան կիզակէտը

Ն. Պէրպէրեան

Ապրիլ 24ին կը բացուի հայոց օրացոյցին ամէնէն սեւ ու արիւնալի էջը։

Տարուան այս օրը, ահա 105 տարիներէ ի վեր, երկրագունդի ամէնէն կորսուած անկիւնն ինկած հայ բեկորն անգամ, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ապրի, նոյնիսկ համավարակի համերկրային մղձաւանջին մէջ, տեղը եւ ձեւը կը գտնէ միաժամանակ՝

– թէ՛ յարգելու յիշատակը բիւրաւոր մեր նահատակներուն,
– թէ՛ անմիջական շրջապատին ու ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու, որ տակաւին անպատիժ կը մնայ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրը,
– թէ՛ նոյնինքն թուրք պետական մտածողութենէն պահանջելու, որ խոստովանի իր գործած ոճիրը եւ ստանձնէ ինչպէս շարունակուող Ցեղասպանութեան հետեւանքներու դարմանման, այնպէս եւ հայ ժողովուրդի ոտնակոխուած իրաւունքներուն ամբողջական վերականգնման ուղղութեամբ իր անժամանցելի պատասխանատուութիւնը։

Ապրիլ 24 է դարձեալ՝ սեւ ու արիւնալի խորհրդանիշ թուականը հայ ժողովուրդի նահատակութեան կիզակէտին։

Այս տարի նաեւ՝ 105րդ տարելիցը Հայոց Ցեղասպանութեան։
Անմիջապէս նշենք, որ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը, Մեծ Եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներու ոգեկոչման Սուգի օր հռչակելով հանդերձ Ապրիլ 24ը, տարիներու եւ տասնամեակներու թաւալումին հետ աստիճանաբար իր մէջ զարգացուց եւ արմատաւորեց այն համոզումը, թէ Հայաստանի եւ հայութեան համար տարուան բոլոր օրերը Ապրիլ 24 են այնքան ժամանակ, որքան Իրաւունքի եւ Արդարութեան դատաստանին առջեւ բերուած չէ ցեղասպան թուրք պետութիւնը, այլեւ դեռ չէ հնչած Մեծ Հատուցման ժամը։

Նոյնպէս ընդգծենք, որ միայն 24 Ապրիլ 1915ին չսկսաւ գործադրութիւնը թուրք պետական մտածողութեան յղացած Հայաջնջման Ոճիրին, ոչ ալ 1915ի համատարած տարագրութեամբ եւ ջարդերով իր աւարտին հասաւ հայ ժողովուրդի կործանման ու բնաջնջման, այլեւ Հայաստանի հայաթափման եւ վերջնական իւրացման միտող թուրք ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։
24 Ապրիլ 1915ին թրքական պետութիւնը պարզապէս պատռեց ցեղասպանի իր բուն դէմքը ծածկող խաբէութեան քողը՝ պաշտօնապէս պետական քաղաքականութիւն հռչակելով իր իշխանութեան ենթակայ հողերուն վրայ ապրող հայերուն բնաջնջումը։

Հետեւաբար, նահատակուած հայ ժողովուրդին ազգային յիշողութիւնը կը խոցեն բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն «անցեալի տխուր դէպքեր» որակել կամ, լաւագոյն պարագային, «Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործուած հայոց մեծ ջարդ» կոչել կատարուածը։

Անցեալը անցեալին մէջ ձգելու եւ սեփական գլուխը աւազին մէջ խրելով թաքնուելու ջայլամի քաղաքականութիւն է այդ մօտեցումը, որ խորքին մէջ, ազգային մեր յիշողութեան հետ ու կողքին, խաթարել կը փորձէ ամբողջ մարդկութեան յիշողութիւնը։

Այդպէ՛ս, 105 տարի է, որ մեծապետական աշխարհի «ներողամիտ» ու «հասկացող» հայեացքին տակ՝ թրքական պետութիւնը ոչ միայն կը շարունակէ իր գործած ցեղասպանական ոճիրին մեղքի պտուղները անարգել վայելել, այլեւ՝ ամենայն կամակորութեամբ եւ Միջազգային Օրէնքի ու Իրաւունքի արհամարհական անտեսումով՝ յառաջ մղել Մեծ Ուրացման իր քաղաքականութիւնը։

25 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

*
* *

Այդ առումով պատմական ճշմարտութեան ամրագրման օրն է Ապրիլ 24ը։

Օրն է նախ հաստատելու, որ 24 Ապրիլ 1915ին կատարուեցաւ զանգուածային ձերբակալութիւնը Պոլիս ապրող հայ ժողովուրդի ներկայացուցչական դէմքերուն։

Աւելի քան 250 հոգեւորական, ազգային-քաղաքական, գրական-մտաւորական եւ մշակութային ղեկավար գործիչներ, մէկ գիշերուան մէջ, նախապէս պատրաստուած եւ հայ դաւաճան-մատնիչներով ստուգուած ցանկերու հիման վրայ, ձերբակալուեցան ու աքսորուեցան Չանղրի եւ Այաշ, որպէսզի ճամբու ընթացքին կամ վախճանին ամենայն վայրագութեամբ մորթուին…

Բառին բուն իմաստով՝ հայ ժողովուրդի գլխատման թուրք պետական ոճրագործութիւն էր կատարուածը, որ միաժամանակ պիտի ծառայէր գաւառներու մէջ ամիսներ առաջ սկսած հայութեան զինաթափման եւ հայ զինուորագրեալներու գաղտագողի սպանդին շուրջ լռութեան պատ հիւսելու նպատակին։

Պատմութիւնը բաւարար ու անհրաժեշտ ամէն արձանագրութիւն ունի, որպէսզի հաստատէ, թէ պետականօրէն ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ճամբով հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Հայաստանը իւրացնելու ահաւոր ծրագիրը եղած է մտասեւեռումը թուրք պետական մտածողութեան ամէն գոյնի եւ բոլոր ժամանակներու ներկայացուցիչներուն։

Նոյնիսկ Ապտիւլ Համիտով չսկսաւ, ինչպէս որ Իթթիհատով վերջ չգտաւ Հայասպանութեան ահաւոր ծրագրին հետապնդումը թրքական պետութեան կողմէ։

Մինչեւ Համիտ, թուրք օսմանցի սուլթանները վարեցին ե՛ւ ամէնօրեայ կեղեքումներու, ե՛ւ պարբերական կոտորածներու ճամբով հայկական հողերը հայաթափման ենթարկելու քաղաքականութիւն։ Համիտ պարզապէս փորձեց կազմակերպուած հունի մէջ դնել դարաւոր այդ քաղաքականութիւնը։

Իսկ Իթթիհատը մեկնակէտ ունեցաւ այն համոզումը, որ հայաջնջումի Համիտեան քաղաքականութիւնը անյոյս էր միջազգային արգելքի եւ ճնշումի պայմաններուն մէջ։
Հետեւաբար, թուրք պետական մտածողութեան համոզումով՝ հարկ էր մշակել եւ պատրաստ վիճակի բերել Հայասպանութեան պետական ծրագիրն ու ցեղասպանական լարուած մեքենայ մը, որպէսզի համաշխարհային իրարանցումի «յարմար» պահուն կարելի ըլլար ամբողջ թափով շարժման մէջ դնել հայերու բնաջնջման ծրագրին արմատական իրականացումը։

Աւելի՛ն. Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն վրայ թրքական պետութեան վերականգնումին ձեռնարկած Մուսթաֆա Քեմալն անգամ չվարանեցաւ յոխորտալու, որ Թալէաթի կիսատ թողած գործը ինք աւելի ձեռնհասօրէն «աւարտուն տեսք»ի բերաւ։

Ինչպէ՞ս…

– Մէկ կողմէ Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութեան հետ գործակցութիւն հաստատեց եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանները տարածեց Արեւելահայաստանի վրայ՝ հարիւր-հազարաւոր հայերու յաւելեալ արիւն հեղելով։
– Միւս կողմէ՝ գաղութարար Ֆրանսայի հետ սադրանքի եւ մութ գործարքի մէջ մտնելով՝ ձեռք ձգեց նաեւ Կիլիկիոյ վերջնական հայաթափումը։

Պատմաբանները ամենայն ձեռնհասութեամբ իրազեկ են այս բոլորին։ Ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան արխիւները, այլեւ մեծապետական բոլոր երկիրներու ազգային արխիւները յագեցած են համապատասխան փաստաթուղթերով։

Աւելորդ է, հետեւաբար, պատմական արխիւներու փնտռտուքն ու բացայայտումը։

Կարեւորը յաղթահարումն է թրքական պետութիւնը անպարտ հռչակելու բուն չարիքին, որ կը յամենայ, ահա՛ 105 տարիներէ ի վեր, Հայասպանութեան սեւ ու արիւնալի թղթածրարին վրայ հակող մեծապետական աշխարհի տիրական մօտեցումին մէջ։

Այլապէս, եթէ մեծապետական աշխարհը յաղթահարէ այդ ներքին կաշկանդումը եւ զգայ անհրաժեշտութիւնը թրքական պետութիւնը արդար դատաստանի յանձնելու քայլին, այդ պարագային մեծերը իրենք պատրաստի բոլոր արխիւներն ու եզրայանգումները ունին, որպէսզի նախ իրենք հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրը կոչեն իր բուն անունով՝ Ցեղասպանութիւն եզրով, ապա՝ թրքական պետութենէն պահանջեն, որ նախ անսայ պատմական ճշմարտութեան ձայնին եւ վերջ տայ Մեծ Ուրացումին, ապա մանաւանդ՝ տէր կանգնի ամբողջական Հատուցման իր պարտաւորութեան։

Այդ պարագային նոյնինքն թուրք պետական վերնախաւը, բոլորէն առաջ, ի վիճակի պիտի ըլլայ խոստովանելու, որ Թուրքիոյ պետական արխիւներուն մէջ պահպանուած են արձանագրութիւնները Իթթիհատական կառավարութեան ցեղասպանական ոճիրը դատելու կոչուած 1919ի Պոլսոյ Զինուորական Ատեանին, որ ի բացակայութեան մահուան դատապարտեց Իթթիհատի պարագլուխները։

Աւելի՛ն. թրքական պետութիւնը Հայաստանի հայաթափման քաղաքականութիւն սկսած է վարել Ասիական տափաստաններէն գալով Փոքր Ասիոյ մէջ տեղաւորուելու իր արշաւանքներու ժամանակաշրջանէն՝ բռնագրաւեալ հայկական հողերը թրքացնելու մտասեւեռումով։

Սուլթանները բարբարոսաբար գերեվարած են հայ ժողովուրդը՝ ժամանակի մաշեցման գործօնին վստահելով հայերու թրքացումը կամ հեռացումը հայկական հողերէն, ի հարկին կոտորածի զէնքով արագացնելով Հայաստանի ու հայութեան կործանումը։

Իսկ հայաջնջումի պետական ծրագրի մշակման ու գործադրութեան յարմարագոյն եղանակի փնտռտուքը սկսաւ ա.) Ապտիւլ Համիտի զանգուածային կոտորածներով, բ.) իր ամբողջական գործադրութեան յարմար պահը գտաւ Իթթիհատի օրով Թուրքիոյ Առաջին Աշխարհամարտ մուտք գործելով եւ գ.) քաղաքական աւարտուն վարքագծի վերածուեցաւ Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ։

Այդ հիմնաւորումով ալ, Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրին գործադրութեան սկզբնաւորումը պէտք է կապել 1894ի Համիտեան կոտորածներուն, իսկ 1909ի Ատանայի եւ ամբողջ Կիլիկիոյ Աղէտը պէտք է նկատել Հայասպանութեան Ծրագրի վերամշակման փուլի սկիզբը։

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Համահայկական Հայաստանի պետականութեան շուրջ համախմբման – ՕՐԱԿԱՐԳը

*
* *

Այսօր արդէն պատմաբաններուն համար պարզ է, որ 1914ի Օգոստոսէն իսկ թրքական պետութիւնը, նոր սկսած Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին միանալով Գերմանիոյ կողքին, մինչեւ 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութիւնը, աքսորը եւ սպանդը, թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ՛ Արեւմտահայաստանի տարածքին գործադրութեան յանձնեց հայ զինծառայողներու զինաթափումը, հայերու զանգուածային տարագրութիւնները եւ հայ յեղափոխական ղեկավար գործիչներու դաւադրական սպանութիւնները։

24 Ապրիլ 1915ին առանձնայատուկ ահաւորութիւնը եւ խորհրդանշական իմաստը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ Պոլսոյ հայութիւնը գլխատելու իր քայլով՝ թրքական պետութիւնը ծալլեց եւ մէկդի նետեց մեծ տէրութեանց հաշիւ տալու իր պարտաւորութիւնը եւ, «Զոհ»ին հետ առանձին մնացած «Դահիճ»ի վայրագութեամբ, անձնատուր եղաւ հայաջնջումի իր ծրագրին արմատական գործադրութեան։

Եւ մինչեւ 1923 թուի Լօզանի դաշնագրին ստորագրութիւնը, թուրք պետական ղեկավարութիւնը ետ պատեանի մէջ չդրաւ իր արիւնոտ սուրը։

Իսկ առանց սուրի, 1923էն սկսեալ, աշխարհաքաղաքական նորաստեղծ պայմաններուն համահունչ, պետական-քաղաքական ճնշումներու հունով շարունակուեցաւ թուրք պետական մտածողութեան մէջ արմատացած՝ այսպէս կոչուած «հայկական սեպ»էն ձերբազատուելու ցեղասպանական վարքագիծը։

Այդ պատճառով է, որ Հայաստանն ու հայկական հողերը, իբրեւ հայ ազգի պատմական սեփականութիւնը, գոյութեան իրաւունք չունին յաչս թրքական պետութեան այժմու վարիչներուն, որոնք թուրք ցեղին բռնագրաւած հողերը թրքացնելու եւ թրքական գերիշխանութիւնը ամրապնդելու միակ կոչումով կ՚առաջնորդուին եւ, այդ ճամբուն վրայ, ո՛չ մէկ քաղաքական, իրաւական կամ մարդկային կաշկանդում կը ճանչնան, ոչ մէկ խոչընդոտ կ՚ընդունին…

Իսկ հայ ժողովուրդը, անկախաբար ազգային-քաղաքական ինքնահաստատման իր բնական ձգտումներէն եւ սեփական անկախ հայրենիքի ու պետականութեան իրաւունքէն, սոսկ քաղաքակրթական իր կենսունակութեամբ, կամայ թէ ակամայ կ՚արգելակէ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ թրքական գերիշխանութեան «պահպանումը»…

Ինչ որ ալ ըլլան պատմական զարգացումներու հետեւանքով առաջացած աշխարհաքաղաքական պայմանները, թրքական պետութիւնը դատապարտուած կը զգայ ինքզինք շարունակելու հայաջնջումի ծրագրին գործադրութիւնը։

Կրնայ միայն ու պարզապէս հայաջնջման ծրագրին գործադրութեան ձեւերը փոփոխութեան ենթարկել՝ արտաքին պայմաններուն համապատասխան յառաջ ընթանալու համար։
Ապրիլ 24 է դարձեալ եւ իրաւատէր հայը ամէն պատճառ եւ հիմք ունի պահանջելու, որ Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման թուրք պետական ոճրագործութիւնը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ ցեղասպանական յանցագործութիւն։

Որպէսզի արար աշխարհին հետ նաեւ թուրք ժողովուրդը գիտնայ ամբո՛ղջ ճշմարտութիւնը։

Որովհետեւ թրքական պետութեան որդեգրած Մեծ Ուրացումին յաղթահարումը այն նախապայմանն է, որ կրնայ մեկնակէտ ծառայել ոչ միայն միջազգային հանրութեան ջատագոված հայեւթուրք երկխօսութեան, այլեւ՝ Հայկական Հարցի քաղաքական արդար լուծումին։

25 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J’EXIGE

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail