ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի

Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը»

25 Ապրիլ 2020

Բարի լոյս՝ ՄԱՐԳԱՐԷԱՇՈՒՆՉ մեր ԱՆՄԱՀ ՄԵԾԵՐՈՒՆ, որոնք ոչ միայն ՅԱՒԵՐԺԻ ՃԱՄԲՈՐԴԻՆ՝ Հայաստանի եւ Հայութեան ՈՒՂԻՆ կը լուսաւորեն պատմութեան ամէնէն ՄՈՒԹ Պահերուն, այլեւ՝ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ կորովն ու մարտունակութիւնը ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆ հայոց սերունդներուն։

Ապրիլ 25ի այս օրը, 132 տարի առաջ, մարմնեղէն իր վերջին շունչը փչեց մեր սերունդներուն մինչեւ այսօր ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ եւ ԸՄԲՈՍՏ ՈԳԻ ներշնչող անզուգական վիպագիրը՝ ՄԵԾՆ ՐԱՖՖԻՆ։

Բարի լոյս՝ ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ ԿԱՅ ՀԱՅՈՑ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ գաղափարական խարոյկը բոլորիս մէջ վառած, ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ եւ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԱՅԾԵՐը բոլորիս մէջ մշտարծարծ պահած Րաֆֆի ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐԻՆ, որու կեանքին եւ վաստակին ամփոփ ներկայացումը կատարուած է Յուշատետրի այսօրուան փոստով։

Րաֆֆի իր աչքերով չտեսաւ, բայց մարգարէական իր յայտնատեսութեամբ կանխատեսեց մեր ժողովուրդին Գողգոթան ու Յարութիւնը, ցեղասպանութեան Արհաւիրքն ու ազատ եւ անկախ Հայաստանի վերստեղծումը։

Աւելի՛ն․ Րաֆֆի հայոց ՓՈՔՐ ԱԾՈՒԻՆ ներշնչեց ՄԱՍԻՍի պէս ՅԱՂԹԱՀԱՍԱԿ եւ ԿԱՆԳՈՒՆ մնալու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ, որ ահա 2020 թուականին աշխարհին կը պատգամէ՝
– ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ ու ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ։

Կրնան ռուսներն ու միւս մեծերը քմծիծաղով նայիլ ԱՐՑԱԽը մայր հողին ՎԵՐԱՄԻԱՑՆԵԼՈՒ մեր ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՆ վրայ։

Մեր ժողովուրդին մէջ ծուարած վնասակար ցեցերը կրնան հեգնանքով նայիլ թաւշեայ յեղափոխութիւն նուաճելու ՀԱՅՈՒն մերօրեայ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ վրայ։

Մեծերու ԽԱՂԱԴԱՇՏԻՆ խաղականոնները չյարգելու ՀԱՅՈՒ մեր ԾԱՌԱՑՈՒՄԻՆ համար կրնան նաեւ մեզ ԳԼԽԱՏԵԼ փորձել։

Բայց Ո՛Չ ՈՔ եւ Ո՛Չ ՄԷԿ ՈՒԺ կրնայ մեր սերունդներէն խլել Րաֆֆիի «ԽԵՆԹ»ին եւ անոր վառած «ԿԱՅԾԵՐ»ուն ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ, այլեւ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ ԱՆԸՆԿՃԵԼԻ ՈԳԻՆ։

Բարի լոյս՝ իր իւրաքանչիւր ինկող գլուխին տեղ նորով եւ աւելի զօրաւորով վերականգնող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻԴՐԱՅԻՆ, որ անկորնչելի ԱՒԱՆԴն է ԱՆԼՌԵԼԻ ՐԱՖՖԻԻՆ։

Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail