ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888) – Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին եւ մարտունակ «կայծերուն» հանճարեղ վիպասանը

ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888) – Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին եւ մարտունակ «կայծերուն» հանճարեղ վիպասանը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888) – Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին եւ մարտունակ «կայծերուն» հանճարեղ վիպասանը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888).
Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին եւ մարտունակ «կայծերուն» հանճարեղ վիպասանը

Ն. Պէրպէրեան

25 Ապրիլ 2020

Ապրիլ 25ի այս օրը հայ ժողովուրդը կ՚ոգեկոչէ մահուան 132րդ տարելիցը իր մեծանուն անմահներէն ՐԱՖՖԻի, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ վառ կը մնայ իբրեւ հանճարեղ երգիչը հայ ժողովուրդի ազգային ծառացումին եւ արդար ըմբոստացման ոգիին։

Րաֆֆի կը հանդիսանայ Հայկեան Հանճարի վիպագրական ճառագայթումին արժանաւոր առաքեալը, որ իր արուեստով ու շունչով՝ հայոց ազգային-ազատագրական դիւցազնամարտին անթեղուած, այլեւ անշէջ կայծերը մաքրեց դարաւոր ստրկութեան մոխիրներէն եւ, իբրեւ գաղափարական անզսպելի խարոյկի, բոցավառեց՝ դառնալով անզուգական պատգամաբերը նոր ժամանակներու խիզախ, խրոխտ եւ անպարտելի ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։

19րդ դարավերջի Հայկական Յեղափոխութեան ֆետայական մեծ պոռթկումը ներշնչման իր վարար աղբիւրը գտաւ Րաֆֆիի կերտած «Խենթ» հերոսներուն ու «Կայծեր» հրավառող գաղափարներուն մէջ։

Օտարի լուծին տակ ճնշուած, հարստահարուած եւ զգետնուած հայութեան առջեւ՝ Րաֆֆի բացաւ «Խաչագողի յիշատակարանը», որպէսզի գերագոյն սրբութեան՝ ազատութեան ու արդարութեան բագինին մարդու գերագոյնը զոհաբերելու գաղափարապաշտութեան դասերը սորվեցնէ հայոց գալիք սերունդներուն։

Րաֆֆի երկրպագեց մէկ ու միակ դաւանանքի, որու ուսմունքով՝ «Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը»։

ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888)

*
* *

Հայոց բնաշխարհին, շինական հայու բարոյական վեհութեան եւ հայոց պատմութեան դիւցազնական խոյանքներուն անխոնջ ունկնդիրն ու անյագ վերծանողը եղաւ Րաֆֆի, որ իր ամբարած գիտութիւնն ու իմաստութիւնը, երկնատուր իր ստեղծագործ տաղանդին ուժով, անմնացորդ բաշխեց հայոց սերունդներուն։
Պատահական չէ, որ հայ մարդը իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շրջանին կը կարդայ Րաֆֆին, կը կապուի անոր պատգամին եւ Րաֆֆիի շունչով կը լեցնէ Հայու իր ներաշխարհը։

Հայոց Աշխարհի իր խոր ճանաչողութեամբ Րաֆֆի հունաւորեց ազգային դաստիարակի իր սրբազան առաքելութիւնը՝ լուսաւորելով գերութեան անտանելի խաւարին մէջ հայոց անվեհեր պայքարն ու անշեղ երթը դէպի աղբիւրը լոյսին՝ դէպի ազգի ազատութիւն եւ հայրենիքի անկախութիւն։

Յատկապէս Րաֆֆի ի՛նք սորվեցուց, որ՝
– «Ով չի ճանաչում իր հայրենիքը, նա չի կարող ճշմարիտ սիրել այն»։
– «Ինչ մարդ, որ չէ ճանաչում եւ չէ սիրում իւր ազգութիւնը, նա վերջանում է մարդ լինելուց»։

– «Կայ մի բան, որ աշխարհի զանազան ծայրերից կարող է միաւորել հայերը հոգուով, մտքով եւ արիւնով. այն է՝ ազգային սէրը»։
– «Օտարի օգնութիւնից մեզ շահ չկայ։ Դժբախտ է այն ազգը եւ դժբախտ կը մնայ, որ օտարի օգնութեան կարօտ կը լինի։ Ոչ ոք իր հոգու համար մեզ չի օգնի։ Նա պէտք է տասը բան առնէ մեզանից, որ մի բան տայ»։

*
* *

Աւազանի անունով Յակոբ Մելիք-Յակոբեան՝ Րաֆֆի ծնած էր 1835ին, Սալմաստ գաւառի Փայաջուկ գիւղը (ներկայիս Պարսկաստան), հարուստ եւ ազնուական ընտանիքի յարկին տակ։ Հայրը՝ Մելիք Միրզան, 13 զաւակներ ունէր։

Րաֆֆի իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ գիւղի ծխական ուսումնարանին մէջ, ուր տիրող կրօնական խստութեան եւ խաւարամտութեան տէր-թոդիկեան մթնոլորտին դէմ մանուկ տարիքէն ծառացաւ Րաֆֆի՝ իր կեանքին իտէալը դարձնելով հայոց նորահաս սերունդներու հոգեմտաւոր լուսաւորութեան մեծ գործը։

1847ին ղրկուեցաւ Թիֆլիս՝ Կարապետ Բելախեանցի դպրոցին մէջ ուսում ստանալու համար։ 1852ին ընդունուեցաւ ռուսական պետական գիմնազիայի չորրորդ դասարանը, ուր չորս տարուան իր ուսումնառութեան շրջանին կազմաւորուեցան Րաֆֆիի գրական նախասիրութիւնները՝ Շիլլերի եւ Հիւկոյի օրինակով եւրոպական մեծ գրողներու արուեստին, ինչպէս եւ ռուսական այդ ժամանակի գրականութեան գեղարուեստական նորարարութեանց ուղղութեամբ։

1856ին, գիմնազիայի դասընթացը չաւարտած, Րաֆֆի վերադարձաւ Փայաջուկ՝ տնօրինելու համար իր գերդաստանի տնտեսութեան կառավարման գործը։ Սակայն ազգային-ազատագրական բուռն գաղափարներով տոգորուած Րաֆֆին այլ ասպարէզի համար էր նախակոչուած։

Իր ծրագիրներուն իրականացման համար կարեւորագոյն նշանակութիւն տալով «կեանքի ուսումնասիրութեան»՝ 1857-58ին, Րաֆֆի ուղեւորութեան մը ձեռնարկեց Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ գրաւման տակ ինկած հայկական գաւառներուն մէջ՝ գրի առնելով մեր ժողովուրդի նիստ ու կացին, բնաշխարհագրական առանձնայատկութեանց, պատմական յիշողութեանց վերաբերեալ իր հարուստ տպաւորութիւնները, որոնք հետագային լայն չափով ու մանրամասնօրէն տեղ գտան իր վէպերուն եւ ակնարկներուն մէջ։

1860ականներու վերջերուն Մելիք-Յակոբեաններու ընտանեկան տնտեսութիւնը լուրջ դժուարութեանց մատնուեցաւ եւ Րաֆֆի որոշեց, 1872էն սկսեալ, մշտական բնակութիւն հաստատել Թիֆլիսի մէջ եւ ամբողջապէս նուիրուիլ գրական աշխատանքի։

Այդ օրերուն Գրիգոր Արծրունի նոր սկսած էր հրատարակել «Մշակ» օրաթերթը, որուն մշտական աշխատակիցը ըլլալու հրաւէր ստացաւ Րաֆֆի՝ նոյնինքն Արծրունիի կողմէ։

Այդպէս սկսաւ եւ աւելի քան 15 տարի շարունակուեցաւ հայ ազգային-ազատագրական զարթօնքի երկու այս մեծ ռահվիրաներուն գործակցութիւնը։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Րաֆֆի ստեղծեց իր գրական-բանասիրական եւ ակնարկագրական պատկառելի հարստութիւնը, որ իր մնայուն եւ հպարտառիթ տեղը գտած է հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր անկորնչելի ժառանգութեան մէջ։

Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը

*
* *

Րաֆֆիի պատկառազդու ժառանգութիւնը կազմող գործերուն սոսկ թւումը կրնայ էջ լեցնել։ Միայն իր գլխաւոր երկերը ինքնին բաւարար են՝ մեծ գրադարանի մը լայն դարակը լեցնելու համար.- «Ջալալէդդին», «Կայծեր» (մաս 1 եւ 2), «Յուշագրութիւններ», «Սալբի», «Սամուէլ», «Հրապարակախօսութիւններ, յօդուածներ», «Խենթը», «Ոսկէ աքաղաղ», «Զահրումար», «Հարէմ» եւ տակաւին բազում գործեր։

Րաֆֆի վախճանեցաւ 1888ի Ապրիլ 25ին եւ աճիւնը ամփոփուեցաւ Թիֆլիսի Խոջիվանքի հայկական գերեզմանատան մէջ։
Հայկական վիպագրութեան անվիճելի վարպետի յիշատակին նուիրուած յարգանքի վկայութեան մը սահմաններուն մէջ մնալով՝ կ՚արժէ Ապրիլ 24ի խորհուրդին առնչաբար ընթերցողի ուշադրութեան յանձնել Րաֆֆիի կերտած կերպարներուն բերնով յաւերժին փոխանցուած բոցաշունչ պատգամներու փունջ մը.-
«Ջալալէդդին» վէպի հերոսներէն Դալի-Բաբա գաւաթ կը բարձրացնէ անցեալի մեր նահատակներու յիշատակին եւ ցասումով կը դատապարտէ ստրկութեան համակերպելու ազգային մեր տկարութիւնը։ Կը դատապարտէ մանաւանդ հայերու այլասերումը Հայու աստուածավախութենէն եւ քրիստոնէական հաւատքէն։

Այլասերում՝ որուն հետեւանքով հայոց եկեղեցին եւ անոր սպասարկուները դարձան ծառայամիտ պաշտօնեաները կայսեր, սուլթանի, խանի կամ ցարի բռնակալութեանց։

Այլասերում՝ որուն հետեւանքով եկեղեցիներով ու վանքերով ծածկուեցաւ Հայոց Աշխարհը եւ աւերուեցան մեր բերդերն ու ամրոցները, որոնք միակ ապաւէնն ու երաշխիքը պիտի ըլլային ազգային մեր մարտունակութեան պահպանումին ու ջրդեղումին։
Ահա՛ Րաֆֆիի պատգամը.

«Ո՜վ հայրեր, ո՜վ պապեր, այս գաւաթը խմում եմ, բայց առանց նուիրելու ձեր ոսկորներին։ Եթէ դուք այս վանքերի տեղը, որոնցմով լիքն է մեր երկիրը, բերդեր շինէիք,- եթէ դուք սուրբ խաչերի եւ անօթների փոխարէն, որ սպառեցրին ձեր հարստութիւնը, զէնքեր գնէիք,- եթէ դուք այն անուշահոտութեանց տեղ, որ խնկւում են մեր տաճարներում, վառօդ ծխէիք,- այժմ մեր երկիրը բախտաւոր կը լինէր։ Այլեւս քուրդերը մեր երկիրը չէին քանդի, մեր որդիքը չէին կոտորի եւ մեր կանայքը չէին յափշտակի…։ Այս վանքերից ծագեց մեր երկրի կործանումը, նրանք խլեցին մեր սիրտը ու քաջութիւնը, նրանք ձգեցին մեզ ստրկութեան մէջ, սկսած այն օրից, երբ Տրդատը թողեց իր սուրը եւ թագը, առեց խաչը եւ մտաւ Մանիա այրում ճգնելու համար…

«Ո՜վ հայոց հին աստուածներ, ո՜վ Անահիտ, ո՜վ Վահագն, ո՜վ Հայկ, նուիրում եմ այս բաժակը ձեր սուրբ յիշատակին, դուք փրկեցէք մեզ…»։

Հայ ժողովուրդն այն բազմագլխեան առասպելական վիշապն է, որ կոչւում է հիդրա, որի իւրաքանչիւր ջախջախուած եւ կտրուած գլխի տեղ բուսնում է նորը եւ աւելի զօրաւորը

*
* *

Իսկ «Սալբի» վէպին մէջ, հայոց կերուխումի աւանդական սեղանի մը շուրջ արտասանուած հայկական կենացներ բանաձեւելով՝ Րաֆֆի իր կերպարներու բերնով կը պատգամէր.

– «Տէր Աստուած, պահպանիր հայոց ազգը քո ամենախնամ աջովդ. ուր ուրեք որ կան նրանք աշխարհի երեսին՝ ուղարկիր նրանց քո սուրբ հոգւոյդ շնորհը, թող ծագէ նրանց հոգու մեջ Աւետարանի լոյսը: Տէր աստուած, հալածիր տգիտութեան խաւարը այդ թշուառ ազգից. փայլեցրու նրանց մէջ մտաւոր եւ բարոյական լուսաւորութեան արեգակը: Տէր, դու օրհնէ մեր ազգը, մեր սուրբ հայրենիքը, եւ մեր ազգայնութիւնը անջնջելի պահպանիր՝ քանի արեւը լոյս է տալիս երկնակամարի վրայ:

– «Տէր Աստուած, դու վե՜ր կանգնեցրու մեզանից մի ծիրանազգեստ հզօր իշխան. տո՜ւր նրան ուժ եւ յաղթող գաւազան. Թող նա ազատէ մեր ազգը գերութեան շղթաներից. թող նա վերականգնէ Հայաստանը իւր աւերուած փոշիներից եւ ժողովի մեզ, որպէս թխսամայր, իւր հանգիստ եւ ապահով թեւքերի տակ: Տէ՜ր, դու ազատիր մեր հայ ազգը իւր պանդխտութեան գերութիւնից, տո ՜ւր մեզ Մովսէսներ եւ Նոյեան որդի Յեսուներ, որ առաջնորդեն դէպ նոր Քանանը՝ դէպի Հայաստան»։

– «Տէր Աստուած, պահպանիր հայը իւր ազգային հիման վրայ. տո՜ւր նրան հանճար, լուսաւորութիւն եւ կրթութիւն, որպէսզի հայը, առանց ուրիշի կարօտութեան, ինքնուրոյն շինէ՜ եւ նորոգէ իւր դրութիւնը, իւր կեանքը, եւ հետեւելով լուսաւոր ազգերի օրինակին՝ աշխարհի տան մէջ իւր համար ձեռք բերէ մի անկիւն, մի կտոր հող՝ իւր որդոց արմատը նրա վրայ ձգելու համար:

– «Տէր Աստուած, մեր սուրբ հայրերի բարեխօսութեամբ պահպանիր հայոց ազգը, առաջնորդէ նրան քո սուրբ հոգու շնորհիւ, որ անմոլոր ընթանան իրանց հարենական կրօնքի, Գրիգորեան սուրբ եկեղեցու ընթացքով: Տո՜ւր երկար կեանք եւ անփշրելի գաւազան ազգի հովուապետին, վեհափառ կաթողիկոսին, նրա աթոռը միշտ հաստատ պահպանիր սուրբ Էջմիածնում, որով մեր սուրբ ազգը եւ մեր սուրբ լեզուն մնա անխափան»…

ՐԱՖՖԻ (Յակոբ Մելիք-Յակոբեան, 1835-1888) – Հայ ժողովուրդի ըմբոստ ոգիին եւ մարտունակ «կայծերուն» հանճարեղ վիպասանը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail