ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Հայ ժողովուրդը… պիտի նորից ապրի – Ապրի այնպէ՛ս, որ հինը երբեք չկրկնուի
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Հայ ժողովուրդը… պիտի նորից ապրի:
Ապրի այնպէ՛ս, որ հինը երբեք չկրկնուի:»
26 Ապրիլ 2020
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան եւ ազգային-քաղաքական ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԵՐԹԻՆ գլխաւոր դասերն ու գորդեան հանգոյցները ուսումնասիրելու եւ վերծանելու ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ լծուած հայոց ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնց արժանաւոր անմահներէն է ԼԷՕ։
Ապրիլ 26ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը իր մեծավաստակ պատմաբանին եւ հայ քաղաքական մտքի հեղինակաւոր տեսաբանին։ Յուշատետրի փոստը ներկայացուցած է կեանքն ու գործը Լէոյի՝ յատուկ շեշտադրումով լուսարձակի տակ առնելով անոր ոչ միայն պատմագիտական ԿՈԹՈՂԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆը, այլեւ մեր ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման վերաբերեալ Լէոյի ՀԱՐՑԱԽՆԴԻՐ, այլեւ ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ մօտեցումներն ու տեսակէտները։
Բարի լոյս՝ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ միջոցաւ Ազգի եւ Հայրենիքի երթը ամէն կարգի խարխափումներու եւ խոտորումներու՝ ընկրկումներու եւ անկումներու դէմ գաղափարականօրէն ԶԻՆԵԼՈՒ եւ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ուղին հարթող Հայ Մտքի ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, իրենց առաջացուցած եւ խորացուցած բանավէճերով հանդերձ, որովհետեւ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐը նոյնինքն ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄն է։
Մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի ԼԷՕին, որ հայ ժողովուրդի հերոսական ԵՐԹին մասին սորվեցուցած է հայոց սերունդներուն, որ՝
– «Հայոց պատմութիւնը մի հսկայական մարտիրոսութիւն է»։
– «Հերոսները երկնքից չեն ընկնում, հերոսները ծնւում են ժողովրդից»։
Իսկ Հայ գրերու գիւտին առիթով պատգամած է՝
«Մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին սա առաջին մեծ դէպքն է, երբ հայ ժողովուրդը ճշմարիտ, նշանաւոր յաղթանակ մը տարաւ։
Նոյնիսկ եթէ Տիգրանները աւելի սովորական երեւոյթ ըլլային մեր պատմութեան մէջ, դարձեալ անոնց յաղթանակները կարող չէին համեմատուիլ այս համեստ վարդապետի գործի հետ»։
«Մեսրոպն իր կատարած գործով ամենամեծն է մեր պատմական հերոսների մէջ»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ