Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ – ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ – ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ – ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ – ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ – ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ – ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՆԱՅԵՔ Ո՞Վ Է ՔՆՆԱԴԱՏՈՂԸ

05 ՄԱՅԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Ես յաճախ հաճոյքով կը կարդամ այս իշխանութիւններու հասցէին կատարուած լուրջ քննադատութիւնները եւ երբեմն նոյնիսկ դիմատետրի էջիս վրայ կը տեղադրեմ զանոնք:

Ի վերջոյ, բոլոր իշխանութիւններուն նման, այս նորերն ալ անսխալական չեն եւ երբեմն շատ լուրջ սայթաքումներ կը կատարեն:

Այո, կը սպասեմ, հաճոյքով կը կարդամ եւ էջովս կը կիսուիմ լաւ, դիպուկ քննադատութիւնները:

Բայց…

Բայց երբ քննադատական արտայայտութիւններ կը լսեմ նակիններէն եւ անոնց ծառայած ու ծառայող քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներէն, երբ կը կարդամ անոնց գրութիւնները, կամ երբ պաստառներու վրայ կը տեսնեմ ու կը լսեմ անոնց լուրջ դէմքերով խիստ մտահոգ արտայայտութիւններն ու քննադատական վերլուծականները, ահաւոր նողկանք կը զգամ:

Անմիջապէս կը յիշեմ, որ եթէ երկիրը այս վիճակին հասած է, պատասխանատուն նախ եւ առաջ նոյն այս նախկին իշխանաւորներն են, որոնք 25 տարի եւ աւելի այս երկրի միահեծան տէրերն էին եւ իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած էին քաղաքական ուժն ալ, տնտեսական հնարաւորութիւններն ալ, ուժային կառոյցներն ալ եւ գրեթէ ամէն ինչ:

Եւ հիմա ի՞նչն է, որ կը քննադատեն: Իրենց գործունէութեան պատճառով ստեղծուած աղէ՞տը թէ այդ աղէտին դուրս գալու միջոցներ որոնող նոր իշխանութիւնները:

Այնքան ատեն որ նախկինները, մեծով ու փոքրով, աւագ եւ կրտսեր գործընկերներով, ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ չեն խնդրած հայ ժողովուրդէն, ու չեն վերադարձուցած այս ժողովուրդէն կողոպտուածը, նիւթական ու բարոյական հատուցում չեն տուած իրենց գործած յանցանքներուն համար, ոչ միայն զզուանք կ’առաջացնեն իրենց քննադատական ելոյթներով, այլեւ աւելի եւս անընդունելի կը դարձնեն իրենց արդէն իսկ հեղինակազրկուած եւ մերժուած գոյութիւնը…

Ասոնք առիթը ունէին անցնող երեք տասնամեակներուն լաւ վաստակով եւ համբաւով աւարտելու իրենց գործը եւ պատիւով հեռանալու իշխանութենէն: Չըրին: Չուզեցին ընել եւ ի հեճուկս ժողովուրդի դժգոհութեան, ապօրինի միջոցներով վերարտադրեցին իրենք իրենց:

Անցեալին ձախողածը, ժողովուրդէն մերժուածը, քանի դեռ մեղայական չէ ըսած, պէտք է հեռանայ հրապարակէն եւ առիթը պէտք է տայ նորերուն: Վստահ եմ, լուրջ ընդդիմութիւն եւ լուրջ քննադատութիւն հնարաւոր է, եթէ մանաւանդ նախկինները մէկ կողմ քաշուին:

Անցեալին իշխանութիւնը սեփականաշնորհած էին, այսօր ալ իրենց նիւթական անսահման հնարաւորութիւններով մենաշնորհի վերածած են ընդդիմադիր դաշտը:

Մէկ-մէկ այն կարծիքին եմ, որ Նիկոլ Փաշինեանը գոհ է քաղաքական դաշտին վրայ նախկիններու տիրական ներկայութենէն, քանի որ անոնք արգելք կը հանդիսանան նոր, որակաւոր եւ ժողովուրդէն չմերժուած ընդդիմութեան մը ձեւաւորումին:

ARMENIA One Day Cultural Tour to Noravank

Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail