ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՔԵՌԻ «կոշտ ու կոպիտ էր, ինչպէս ինքը՝ հայ ժողովուրդը – անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց…

ՄՇԱԿՈՅԹ-Իմ չքնաղ Լոռի

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՔԵՌԻ «կոշտ ու կոպիտ էր, ինչպէս ինքը՝ հայ ժողովուրդը – անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի ժայռ՝ բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

ՔԵՌԻ «կոշտ ու կոպիտ էր, ինչպէս ինքը՝ հայ ժողովուրդը – անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի ժայռ՝ բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»

15 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ Հայաստանի ու Հայութեան, Մարդկութեան եւ Աշխարհին վաղուան ՊԱՅԾԱՌ ՕՐՈՒԱՆ ի խնդիր, սեփական գերագոյնը նուիրաբերելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ իրենց կեանքի ուղին մինչեւ վերջին շունչ իմաստաւորած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնց «քաջաց քաջն՝ պանծալի՜ հերոսն է» անզուգական ՔԵՌԻն։

1916ի Մայիս 15ի այս օրը «Ռըւանտուզի ահեղ կռուին» ինկաւ հայ կամաւորներու Չորրորդ Գունդին հրամանատարը, որու կեանքն ու գործը հակիրճ ներկայացուած են Յուշատետրի այսօրուան փոստով։

Բարի լոյս՝ ամէն կարգի լուսարձակներէ հեռու, ամենայն համեստութեամբ ու ինքնահաւատարմութեամբ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ միայն ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ, ԱՆՁի եւ ԵՍի փառասիրութեանց ու շահախնդրութեանց հետ բոլոր կամուրջները ԿԱՄՈՎԻՆ ԱՅՐԵԼՈՒ անզուգական Քեռիի օրինակելի ՈՒՂԻին, որուն այնքա՜ն սուր կարիքը ունինք Հայկական Յեղափոխութեան ՍՐԲՈՒԹԻՒՆներն ու ԱՐԺԷՔները վաճառքի հանած պատեհապաշտներու եւ մակաբոյծներու նորօրեայ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ՇՈՒԿԱՅին մէջ․․․

Բարի լոյս՝ «Միայն ԶԷՆՔով կայ հայոց փրկութիւն» երդումով մինչեւ վերջին շունչ հայ ժողովուրդի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ համար յարատեւ կռուին զինուորագրուած ՀԱՅԴՈՒԿԱՊԵՏին եւ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐին, որ համեստ յարկի տակ լոյս աշխարհ եկաւ, համեստ պայմաններու մէջ ապրեցաւ եւ Ազգին ու Հայրենիքին նկատմամբ ՊԱՐՏՔը կատարող ՄԱՐՏԻԿի համեստութեամբ հայոց սերունդներուն կտակեց ՔԵՌԻԻ ԱՒԱՆԴը։

Ինչպէս որ մեծն ԱՂԲԱԼԵԱՆ վկայած է՝

«Համեստ էր ու լռակեաց, խոհուն ու աշխատասէր… Քայլում էր հանդարտ, ինքնամփոփ։ Իր վարմունքի մէջ կար հայրական խնամք ու հոգածութիւն։ Սիրում էր իր շուրջը տեսնել վաղեմի ընկերներ, համեստ ու փորձառու դասից… Չափուած, կշռուած մի մարդ էր։ Իր ուժերի ճշմարիտ գիտակցութիւնն ունէր։

«Այս համեստ մարդու մէջ ապրում էր մի հերոսական ոգի։ Հայ ժողովուրդի վերածնունդի մարմնացումն էր… Հաւատարիմ իր ժողովուրդին, անձնուէր մարտիկ, ազատութեան սիրահար, պարկեշտ ու համեստ, նա գիտցաւ անձնուիրութեամբ սիրել իր ազգը՝ իբրեւ հայ մարդ, եւ մարդկութիւնը՝ իբրեւ մարդ»։

Բարի լոյս՝ Քեռիին նուիրուած մեր ժողովուրդի սրտաբուխ երգը իր շրթներուն՝ շուրջը ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐԴու իրա՛ւ ու անկաշա՛ռ, անանձնակա՛ն, անսակարկ զոհաբերող եւ անբասիր բարոյականով ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ որոնող հայ երիտասարդութեան։

ՔԵՌԻ «կոշտ ու կոպիտ էր, ինչպէս ինքը՝ հայ ժողովուրդը – անսահմանօրէն խիզախ ու անձնուրաց… մի ժայռ՝ բռնակալութեան հողմերի հանդէպ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail