ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Վաղը թերեւս նոր կռիւ ունենանք – Եթէ յաղթուենք եւ Սասունը ոչնչանայ, թող ուրիշներ լուծեն մեր վրէժը

Kura-Araxes Ancient Culture Traces at Gegharot Complex

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Վաղը թերեւս նոր կռիւ ունենանք – Եթէ յաղթուենք եւ Սասունը ոչնչանայ,
թող ուրիշներ լուծեն մեր վրէժը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Վաղը թերեւս նոր կռիւ ունենանք։
Եթէ յաղթուենք եւ Սասունը ոչնչանայ,
թող ուրիշներ լուծեն մեր վրէժը»։

16 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ իրենց գարուն կեանքը անսակարկ զոհաբերած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒ ապրող՝ ներշնչող եւ առաջնորդող ԱՒԱՆԴին։

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդէն «յաւելեալ արիւն»ի հարկ պահանջող բռնակալներուն դէմ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐՈՅԿԸ անմար՝ մշտարծարծ պահող ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌՈՒԻ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնց արժանաւոր ներկայացուցիչներէն ՎԱՀԱՆ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆի մարտիրոսացման 116րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք Մայիս 16ի այս օրը։

Յուշատետրը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է կեանքն ու գործը, մանաւանդ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՏԱՂԱՆԴը հերոսական ՎԱՀԱՆ ՓԱՇԱՅԻՆ, որ ըստ արժանւոյն մարմնաւորեց Հայկական Յեղափոխութեան ՍԱՆՁՈՂ եւ ՊԱՏԺԻՉ ՈՒԺԸ՝ Ազգի ու Հայրենիքի ոսոխներու կեղեքումներուն եւ կոտորածներուն թումբ կանգնելով։

Բարի լոյս՝ Վահան Մանուէլեանի օրինակով հայ ժողովուրդի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ճանապարհին ինկած այն բոլոր ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք իրենց թանկագին արեամբ ոռոգեցին ու աւելիով սրբացուցին ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԸ՝ մեր սերունդներուն մէջ վառ պահելով վերջնական ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ անպայման հասնելու անխախտ ՀԱՒԱՏՔը։

Աւելի՛ն․ Վահան Մանուէլեան երիտասարդ իր աչքերը փակեց՝ պատգամելով, որ ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՂՆԵՐԸ պիտի լուծեն ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ինկած հերոսներուն ՎՐԷԺը։

Բարի լոյս՝ «Վէրքերով լի ջան ֆէտայի»ներու ՅՈՅՍը անպարտելի պահող եւ մեր ժողովուրդի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ կռիւը մինչեւ վերջին շունչ յառաջ մղող ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ յառաջամարտիկներուն, որոնց ուղին իր կարմիր արեամբ ՀՈՒՆԱՒՈՐԵՑ Սասնոյ անպարտելի ՎԱՀԱՆ «Փաշան»։

Վաղը թերեւս նոր կռիւ ունենանք – Եթէ յաղթուենք եւ Սասունը ոչնչանայ, թող ուրիշներ լուծեն մեր վրէժը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail