ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ի՜նչ իրաւունք է, որ անմեղ ժողովուրդը զանազան դառն աղէտներու մատնուի, դպրոցական խեղճուկ որբեր մորթուին

Ի՜նչ իրաւունք է, որ անմեղ ժողովուրդը զանազան դառն աղէտներու մատնուի, դպրոցական խեղճուկ որբեր մորթուին, եկեղեցւոյ մեծաքանակ սպասներ կողոպտուին՝ յեղափոխականաց պատրուակով

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Ի՜նչ իրաւունք է, որ անմեղ ժողովուրդը զանազան դառն աղէտներու մատնուի, դպրոցական խեղճուկ որբեր մորթուին, եկեղեցւոյ մեծաքանակ սպասներ կողոպտուին՝ յեղափոխականաց պատրուակով

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Ի՜նչ իրաւունք է, որ անմեղ ժողովուրդը զանազան դառն աղէտներու մատնուի, դպրոցական խեղճուկ որբեր մորթուին, եկեղեցւոյ մեծաքանակ սպասներ կողոպտուին՝ յեղափոխականաց պատրուակով»։

17 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ թուրք պետական թշնամին ճանչնալով իր երթը անշեղ շարունակող պահանջատէր հայութեան, որ ծանրագոյն հարուածներու տակ իյնալով հանդերձ՝ ԿԸ ՅԻՇԷ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ։

Մայիս 17ի այս օրը, 1907 թուականին, հայոց Վանայ լիճի Աղթամար կղզին թիրախ դարձաւ թուրք պետական անարգ բարբարոսութեան՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքի եւ արդարութեան ձայնը ԱՐԵԱՄԲ ու ԱՒԵՐՈՒՄՈՎ խեղդելու թրքական զօրքի հերթական մոլեգնութեան։

Յուշատետրը համառօտ անդրադարձած է Հայկական Ազատամարտի յիշարժան այդ դրուագին, որ կը վկայէ աւելի ընդհանուրին՝ հայ ֆետայիներն ու յեղափոխականները պատրուակելով Հայաստանը ՀԱՅԱԹԱՓԵԼՈՒ եւ Հայութիւնը ԿՈՏՈՐԱԿԵԼՈՒ թուրք պետական այլամերժութեան ու ՑԵՂԱՍՊԱՆ վարքագիծին մասին։

Ինչպէս որ օրին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին ուղղուած պաշտօնական տեղեկագիրը կ՚արձանագրէ՝ թրքական անարգ լուծին համակերպելու ուղին ընտրած հայ քաղաքական մտքի պահպանողական խօսնակներն անգամ ի վիճակի չէին հասկնալու, ո՜ւր մնաց լռելու ցեղասպան պետութեան հակահայ բարբարոսութեան մասին՝

«Ի՜նչ իրաւունք է, որ անմեղ ժողովուրդը զանազան դառն աղէտներու մատնուի, դպրոցական խեղճուկ որբեր մորթուին, եկեղեցւոյ մեծաքանակ սպասներ կողոպտուին՝ յեղափոխականաց պատրուակով։ Ի՞նչ ընէ ժողովուրդը, որ իր կամքէն անկախ յեղափոխականներ կը մտնեն այսպիսի տեղեր. ինչո՞ւ պիտի տուժէ անմեղը, երբ անոր քով չը գտնուի նոյնիսկ մի վնասակար թուղթ, թերթ, գրուած մը կամ զէնք մը»…

Հայ ժողովուրդի պահպանողական նոյն այդ շրջանակները օրին ալ շատ լաւ կը գիտակցէին, այսօր ալ գիտակից են, որ Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ «ձերբազատուելու» մտօք թրքական պետութիւնը ընտրած էր «արմատական վիրաբուժութեան» բարբարոսական իր «լուծում»ը՝ հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչը քանի մը տարի ետք ի գործ դրուեցաւ արդէն, որքան ալ հայոց Պատրիարքներն ու Ազգային Իշխանութիւնները հետեւողական ճիգ թափեցին փաստելու համար, որ «իրաւունք չէր»․․․

անզէն հայութիւնը պատժել յեղափոխականներուն փոխարէն։

Բարի լոյս՝ ցեղասպան ոսոխին դէմ անդուլ պահանջատիրութեան լեզուով՝ ի հարկին ուժական պայքարով խօսող, Հայ Դատը յիշող ու պահանջող հայոց մարտունակ սերունդներուն։

Ի՜նչ իրաւունք է, որ անմեղ ժողովուրդը զանազան դառն աղէտներու մատնուի, դպրոցական խեղճուկ որբեր մորթուին, եկեղեցւոյ մեծաքանակ սպասներ կողոպտուին՝ յեղափոխականաց պատրուակով

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail