ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – «Թուրքիան բացառապէս թուրքերու երկիրը դարձնելու թրքական քաղաքականութեան հետեւանք»ն է,

Kura-Araxes Ancient Culture Traces at Gegharot Complex

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – «Թուրքիան բացառապէս թուրքերու երկիրը դարձնելու թրքական քաղաքականութեան հետեւանք»ն է, հայերու կողքին, նաեւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Թուրքիան բացառապէս թուրքերու երկիրը դարձնելու թրքական քաղաքականութեան հետեւանք»ն է, հայերու կողքին, նաեւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը

19 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ Փոքր Ասիոյ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔը միշտ օրակարգի վրայ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ կարեւորութեամբ պահելու, այլեւ ամբողջ աշխարհամաս մը ԹՐՔԱՑՈՒՑԱԾ ցեղասպան պետութիւնը միջազգային ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ճնշումին տակ առնելու ազգային-քաղաքական ԱՆԴՈՒԼ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ։

Մայիս 19ի այս օրը միջազգային հանրային կարծիքը կ՚ոգեկոչէ անմոռանալի յիշատակը աւելի քան կէս միլիոն պոնտացի յոյն նահատակներուն, որոնք 1914էն 1923 զոհ գացին թրքական պետութեան կատարած ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ։

Յուշատետրը ներկայացուցած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի բախտակից Պոնտոսի յոյներուն ողբերգութիւնը, այլեւ յատուկ կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ առած է Հայաստանի Հանրապետութեան ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին զօրակցութիւնը՝ թրքական պետութեան ցեղասպանական միեւնոյն վարքագծին ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԵԱՆ ահաւոր տուրք վճարած պոնտացիներուն, ասորիներուն եւ եզիդիներուն․․․

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի ՑԱՒն ու ԻՐԱՒՈՒՆՔը, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆն ու ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆը ամէն կարգի «ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԵԱՆ» սեղաններէն, մինչեւ անգամ սեփական պետութեան ղեկին կանգնած քաղաքական որեւէ ուժի «ԱՌԵՒՏՈՒՐ»էն վեր ու հեռու պահող ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ հայ, յոյն, ասորի, եզիտի թէ ալաուի, կամ՝ մինչեւ իսկ ի վերջոյ ինքնախաբէութենէ սթափած քիւրտ ԻՐԱՒԱՏԷՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր արդէն կը փնտռեն իրարու եւ միասնաբար ՀԱՅՐԵՆԻՔ կը պահանջեն ցեղասպան պետութենէն։

Որքան ալ Էրտօղանները իրենց ձեռքին ունենան թուրք հասարակութեան լայն խաւերուն ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԱՆՁը, այլեւ որքան ալ իրենց կողքին ունենան մեծապետական ուժերու յենարանն ու հովանին՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ հետ խաղ չկայ, այնքան ատեն որ կանգուն են ու մարտունակ իրե՛նք՝ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐՆԵՐը։

Բարի լոյս՝ Օսմանեան Կայսրութեան մօտ Մ. Նահանգներու ատենի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի տրամաբանութեամբ ՉԱՐԻՔԻՆ ԱՐՄԱՏը մտահան չընողներուն, մանաւանդ գիտակցողներուն, որ՝
«Հայերը Թուրքիոյ ենթակայ միակ ժողովուրդը չէին, որ տառապեցան Թուրքիան բացառապէս թուրքերու երկիրը դարձնելու թրքական քաղաքականութեան հետեւանքով։ Հայերու մասին իմ պատմած վկայութիւնները, որոշ պատշաճեցումներով, ես կրնամ կրկնել նաեւ յոյներուն եւ ասորիներուն համար»։

Բարի լոյս՝ ամբողջ այս աշխարհամասը ԹՐՔԱՑՄԱՆ ոճիրին դէմ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ ու ԱՐԹՈՒՆ ՀՍԿՈՂՆԵՐՈՒՆ եւ անոնց ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ ԶԻՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ։

«Թուրքիան բացառապէս թուրքերու երկիրը դարձնելու թրքական քաղաքականութեան հետեւանք»ն է, հայերու կողքին, նաեւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail