ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – «Կարիպալտին՝ Հռովմինն է, եւ Բոնաբարդ՝ Ոճիրին.- Կը պատկանիս դո՛ւն միայն Ազատութեան Ոգիին։ Ըզքեզ խրճիթ մը ծընաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց.- Այդ վշտին չափ եղար մեծ»:
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
«Կարիպալտին՝ Հռովմինն է, եւ Բոնաբարդ՝ Ոճիրին.-
Կը պատկանիս դո՛ւն միայն Ազատութեան Ոգիին։
Ըզքեզ խրճիթ մը ծընաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց.-
Այդ վշտին չափ եղար մեծ»:
20 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ՑԱՒԸ ՏԱՆՈՂ «անկեղծ զինուոր»ներուն, որոնց ամէնէն առինքնող դէմքերէն է Մայիս 20ի այս օրը, ռազմի դաշտի վրայ, հերոսաբար ինկած անմահն ԵՓՐԵՄ։
Դաշնակցական պատանիի կազմաւորում ստացած մեր սերունդներուն միշտ ալ յուզած է միեւնոյն ՀԱՐՑԱԿԱՆը, թէ Իրանի մէջ անծանօթ տեղ մը՝ Սուրճէի ճակատամարտին ի՜նչ գործ ունէր, այն ալ մարտիրոսանալու համար․․․ հայ պատանիի մեր հպարտութեան թեւ ու թռիչք տուող հայ ֆետային ու դաշնակցական յեղափոխականը, միշտ ճերմակ ձիու վրայ – յանուն Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան – գրոհելու պատրաստ ԵՓՐԵՄ ԽԱՆը։
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստան Աշխարհի ՑԱՒն ու ՎԻՇՏը իրենց արեան յետին հիւլէին եւ մարմնի յետին բջիջին մէջ ՍՐԲԱՀՈՍ ՄԻՒՌՈՆի երկիւղածութեամբ պաշտամունքի արժանացնող ՀԱՅՈՑ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք հանուր ԵՐԿՐԱԳՈՒՆՏի եւ համայն ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ցաւն ու վիշտը կրնան ամէնէն աւելի զգալ, որովհետեւ ՄԻՍԸ ՄԻՍԷՆ եւ ՈՍԿՐԸ ՈՍԿՈՐԷՆ հարազատ ժառանգորդներն են Ազատութեան եւ Արդարութեան համար պայքարող ԹՈՒՈՎ փոքր, բայց ԳՈՐԾՔՈՎ մեծ ԱԾՈՒԻՆ։
ԵՓՐԵՄ հայ յեղափոխականի իր կեանքը կապեց Իրանի մէջ Ազատութեան եւ Արդարութեան յաղթանակին համար պայքարող Սահմանադրական Շարժումին, որովհետեւ նախ ամբողջ տարածաշրջանի ազատագրումին ծարաւ էին բռնակալութեանց տակ մեռնող իրաւազրկեալ բոլոր ազգերու զաւակները։
Ապա՝ յատկապէս Կարմիր Սուլթանի արհաւիրքին դէմ Ազատագրութեան կենաց-մահու կռիւ մղող հայ ժողովուրդը իրանեան Ատրպատականէն Դէպի Երկիր ազատ շարժումի ռազմավարական հնարաւորութեան պէտք ունէր ամէն բանէ վեր․․․
Բարի լոյս՝ ամբողջ երկրագունտին հետ իբրեւ ԲՈԼՈՐԻՍ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՏՈՒՆը վարուող եւ, հանուր մարդկութեան հետ, որոշապէս սեփական՝ ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ ցաւը տանող ԵՓՐԵՄներուն, որոնք Ազատութեան եւ Իրաւունքի, Արդարութեան եւ Իրաւահաւասարութեան ԴԱՏԵՐՈՒՆ համար պատրաստ են ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆՈՒԹԵԱՄԲ զոհաբերելու իրենց ԳԵՐԱԳՈՅՆը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ