Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ԱՄԵՆԱՎՏԱՆԳԱՒՈՐԸ ԱՆՈՆՔ ԵՆ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ ԻՐԵՆՑ ՍՈՒՏԵՐՈՒՆ

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ԱՄԵՆԱՎՏԱՆԳԱՒՈՐԸ ԱՆՈՆՔ ԵՆ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ ԻՐԵՆՑ ՍՈՒՏԵՐՈՒՆ

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

22 ՄԱՅԻՍ 2020 – Նամակ երկրէն

ԱՄԵՆԱՎՏԱՆԳԱՒՈՐԸ ԱՆՈՆՔ ԵՆ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ ԻՐԵՆՑ ՍՈՒՏԵՐՈՒՆ

Այս օրերուն, երբ ֆէյք-նիուզն ու քաղաքական ստախօսութիւնը մեր կեանքի անբաժան մասը դարձած են, յաճախ կը յիշեմ ընկերոջս պատմած՝ Ղաուար Դոշէին պատմութիւնը: Ղաուար, բուն անունով՝ Տորետ Լահհամ, սուրիացի յայտնի կատակերգակ-դերասան է, արաբական աշխարհի սիրելին:

Օր մը Ղաուար կ’երթայ շաքար եւ բրինձ վաճառող իր բարեկամին խանութը ու կը տեսնէ, որ խանութպանը տխուր-տրտում նստեր է սեղանի ետին:

– Խեր ըլլայ, ի՞նչ կայ,- կը հարցնէ Ղաուար:

– Ի՞նչ պիտի ըլլայ, գործերը վատ են: Շաքարին եւ բրինձին քիլոն ղրուշ չարժէ: Գնորդ ալ չկայ արդէն: Այսպէս եթէ շարունակուի, խանութը պիտի գոցեմ…,- կը պատասխանէ խանութպան ընկերը:

– Ատիկա՞ է տարտդ, հէչ մի մտահոգուիր, հիմա հարցերդ կը լուծեմ,- կ’ըսէ Ղաուար, ու խանութպանի զարմացկոտ նայուածքին տակ, հեռախօսը կը վերցնէ եւ կը զանգէ իր մօրաքրոջ աղջկան:

– Լսէ, քոյրիկ, մէկու մը բան չ’ըսես, յանկարծ ամէն մարդ չիմանայ,- կ’ըսէ Ղաուար: Ստոյգ աղբիւրներէ տեղեկացայ, որ շաքարի եւ բրինձին գինը շատ պիտի բարձրանայ: Շուկային մէջէն պիտի անհետանան այս ապրանքները:

Շատ արագ խանութ վազէ, մի քանի քիլօ բրինձ եւ մի քանի քիլօ շաքար գնէ, ինչ կ’ըլլայ-ինչ չըլլար՝ Աստուած գիտէ: Շտապէ եւ ըսածս ամէն մարդու չ’ըսես հա, թէ չէ շուկան մեզի ապրանք չի մնար, կ’ըսէ Ղաուար եւ ընկալուչը տեղը կը դնէ:

– Է՞, հիմա ի՞նչ,- կը հարցնէ խանութպան ընկերը:
– Հիմա կը տեսնես,- ժպիտը դէմքին կը պատասխանէ Ղաուար: Ես ելլեմ տուն երթամ, դուն պատրաստուիր առեւտուրի:

Կ’ըսէ ու դուրս կ’ելլէ խանութէն:

Կէս ժամ չանցած հեւալով խանութ կը մտնէ Ղաուարի մորաքրոջ աղջիկը:

– Հինգ քիլօ բրինձ, հինգ քիլօ շաքար տուր, շուտ ըրէ,- կը պահանջէ խանութպանէն: Կանխիկ կը վճարէ ու կը մեկնի տուն:

Քանի մը րոպէ յետոյ խանութ կը մտնէ մօրաքոյրը, յետոյ՝ հօրեղբօր աղջիկը, յետոյ՝ միւս ազգականները: Յետոյ խանութ կու գան դրացիները, դրացիներուն ազգականները, ազգականներուն դրացիները եւ բոլորն ալ 5, 10, 15 քիլօ շաքար ու բրինձ կը գնեն…

Եւ այսպէս ամբողջ քաղաքի բնակչութիւնը կը սկսի շուկայ վազել՝ շաքար ու բրինձ գնելու: Մինչ այդ, Ղաուար արդէն տուն հասած էր ու հանգիստ նստած սուրճ կը խմէր: Պատուհանէն կը տեսնէ, որ մարդիկ տոպրակներ շալկած կ’երթան-կուգան փողոցին մէջ:

Քիչ-քիչ շուկայ գացողներուն թիւը կ’աւելնայ, գնում ընող ընողի, շաքար ու բրինձ փնտռող-փնտռողի, փողոցին մէջ պոռոց-կանչոց, վլվլուք, շաքար ու բրինձ իրարմէ խլելու փորձեր, աղմուկ աղաղակ…

«Վա՜յ, այս ի՞նչ եղաւ, չըլլա՞յ իրական է բրինձի ու շաքարի տագնապը, երթամ ես ալ մի քանի քիլօ գնեմ բերեմ», կը մտածէ Ղաուար ու խուճապի մատնուած դուրս կը սուրայ դէպի խանութ՝ շաքար ու բրինձ գնելու…

Հիմա մեր քաղաքական դաշտն ալ նոյնն է: Խումբ մը մերժուած քաղաքական գործիչներ, կուսակցական շէֆեր ու նախկին իշխանաւորներ երկու տարի է գիշեր-ցերեկ սուտեր կը տարածեն. ամէն ինչ փուլ կու գայ եղեր, երկիրը քար ու քանդ է եղեր, ու յեղափոխութիւնը խաբկանք էր, ժողովուրդը ոչխար է, դրամները գողցան տարին, Արցախը յանձնեցին ու… մասամբ նորին:

Այս մարդոց յոյսն է, որ ժողովուրդը հաւատայ սուտերուն եւ խուճապի մատնուի, աշխարհը իրար անցնի… Ժողովուրդը որքանո՞վ կարեւորութիւն կու տայ այս սուտերուն՝ չեմ գիտեր, բայց կարծես թէ սուտեր տարածողներն ու անոնց հետեւորդները առաջինը իրե՛նք սկսած են հաւատալ իրենց սուտերուն եւ հիմա մեսիայի դերին մէջ մտած, կը պատրաստուին մեր հայրենիքն ու երկիր մոլորակը փրկել սատանայէն եւ ամենայն չարեաց նոքա…

Ըսեր են ասկէ առաջ՝ ամենավտանգաւոր ստախօսները անոնք են, որոնք կը կարծեն, թէ ճշմարիտ է իրենց ըսածը: Հիմա մենք գործ ունինք քաղաքական ամենավտանգաւոր գործիչներու հետ, որոնք արդէն չեն տեսներ սուտի եւ ճշմարիտի սահմանագիծը: Ժպրան Խալիլ Ժպրանը լաւ խօսք մը ունի ստախօսներուն մասին. «A thief is a man in need. A liar is a man in fear…»:

Մեր քաղաքական գործիչները գողցան՝ նոյնիսկ երբ այլեւս կարիքաւոր չէին: Թալանելը դարձաւ կենսակերպ ու քաղաքական արժէք: Իսկ հիմա անոնք ամէն ինչ կորսնցնելու, ուշ կամ կանուխ արդարութեան առջեւ յայտնուելու սարսափը կ’ապրին եւ փրկուելու համար՝ ստախօսութենէ զատ այլ ելք չեն գտներ:

Այս տեսակ մարդոց հետ զգուշութեամբ, շատ մեծ զգուշութեամբ պէտք է վերաբերինք, որովհետեւ իրենց մաշկը փրկելու համար ատակ են ամէնամեծ սուտերուն եւ ամէն տեսակի չարագործութեանց:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail