ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – «Հայ երգի անշփոթելի գոյութեան ու անփոխարինելի գեղեցկութեան» մշտանորոգ զօրութիւնը
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Հայ երգի անշփոթելի գոյութեան ու անփոխարինելի գեղեցկութեան» մշտանորոգ զօրութիւնը
22 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ» պատգամով մահը յաղթահարելու եւ ՄԱՀԷՆ ՎԵՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ոգեղէն հզօրանքին, որ բազմաչարչար հայ ժողովուրդին ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ վարար աղբիւրը եղած է հազարամեակներու իր երթի ընթացքին։
Բարի լոյս՝ հայ երգին եւ երաժշտութեան միջոցաւ ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ ազնուացնող, այլեւ ամէն կարգի ընկրկումի ու անկումի մղձաւանջներէ ազատագրող ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐՈՒՆ, որոնց համաստեղութեան մէջ իր արժանի տեղը ունի Մայիս 22ի այս օրը, 113 տարի առաջ, Պարտիզակի մէջ լոյս աշխարհ եկած ԳՈՒՐԳԷՆ ԱԼԷՄՇԱՀ։
Յուշատետրը համառօտակի ներկայացուցած է կեանքն ու վաստակը միայն քառասուն տարի ապրած հայ մեծարժէք երգահանին ու երաժշտութեան վարպետին։ Խոկումի այս պահը կը ծառայէ լրացուցիչ շեշտելու, որ Ալէմշահի ստեղծած ու հայոց սերունդներուն կտակած Երգն ու Երաժշտութիւնը անբաժան մասը կը կազմեն Ազգի եւ Հայրենիքի ՈԳԵՂԷՆ ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ անփոխարինելի՝ ՀԶՕ՜Ր ԶԻՆԱՆՈՑԻՆ։
Ինչպէս որ Ալէմշահի մահուան առիթով ատենին «ՅԱՌԱՋ» թերթը ընդգծած էր՝ ՎԱՐՊԵՏԸ իրաւա՛մբ «Մարդն էր՝ սիրուն ու կորովի, սրտով վեհանձն եւ նկարագրով ազնուական, ընկերական ու միշտ լաւատես: Կեանքի հիմնական արժէք կը դաւանէր բարին ու գեղեցիկը: Արուեստագէտ մըն էր՝ կատարելագործուած, տէրն էր՝ մեր արուեստին, խորապէս ուսեալ եւ լայնօրէն օժտուած:
Խորապէս համոզուած հայ երգի անշփոթելի գոյութեան ու անփոխարինելի գեղեցկութեան, իր հեղինակութիւնները մնայուն կոթողներ են իր դաւանանքին եւ արտայայտութեան նուրբ, զգայուն եւ պայծառ ներշնչումին»:
Այդպէ՛ս, Գուրգէն Ալէմշահ մեր սերունդներուն ԱՒԱՆԴ յանձնեց հոգեմտաւոր ՆԵՐՈՒԺը նոյնինքն հայ ժողովուրդի ՎԵՀԱՆՁՆ ՍՐՏԻՆ եւ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐԻՆ, որոնց իւրովի մարմնաւորումն էր անձամբ ԻՆՔ՝ իբրեւ տարագրութեան մէջ նետուած արժանահաւատ ու հոգեհարազատ մէկ ՀԻՒԼԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ու ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ իւրաքանչիւր ՀԻՒԼԷԻ մէջ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՆ վաւերական ԽՏԱՑՈՒՄը որոնող եւ ամրապնդող ՈՒՂԻԻՆ։ Ինչպէս որ նահատակ մեր ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍը՝ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ կը սիրէր կրկնել ընդհանրացումը մեծ իմաստասէրի մը՝ «Ովկիանոսի ջուրին բաղադրութիւնը գիտնալու համար պէտք չկայ ամբողջ ովկիանոսը տարրալուծելու․ մէկ կաթիլն իսկ բաւարար է ատոր համար»։
Այո՛, Գուրգէն Ալէմշահ իր ԱՆՁով ու ԱՐՈՒԵՍՏով խտացուց ՀԻՒԼԷՆ մեր ժողովուրդին վերապրումի ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ՝ ամէնէն մահացու հարուածներէն անգամ վերականգնելու ՀԱՅ ՀՈԳԻԻՆ ներքին զօրութեան՝ հայ երգին ու երաժշտութեան ազնուացնող ու ազատագրող շունչը անմնացորդ բաշխելով մեր սերունդներուն, այլեւ հանուր մարդկութեան։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ