ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»

23 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ ՍԵՓԱԿԱՆ ՈՒԺին մէջ իր գոյատեւման անփոխարինելի ԵՐԱՇԽԻՔը տեսնող եւ անոր ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾՈՒՄՈՎ պատմութեան քառուղիներուն յաղթահասակ կանգնող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։

Մայիս 23ի այս օրը, 102 տարի առաջ, Արարատեան Դաշտի մէջ ծուարած հայ ժողովուրդի վերջին բեկորները, ազգովին գոյատեւելու իրենց ԻՐԱՒՈՒՆՔը եւ հայրենի հողի իրենց վերջին ՏԱՐԱԾՔը ցեղասպան թուրք զօրքին դէմ ԱՐԵԱՆ ԳՆՈՎ պաշտպանելու վճռականութեամբ՝ մէկ մարդու պէս ծառացան եւ բոլոր-բոլորով լծուեցան հայոց նորագոյն պատմութեան ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի եւ ԻՆՔՆԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ յաղթական գրոհին։

Բարի լոյս՝ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի պատմակերտ կոչին ընդառաջելով անհաւասար ուժերով կռուի դաշտ նետուած ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ մեր սերունդներուն ՈՒՂԵՑՈՅՑ դարձուց ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏը նուաճող ԱՐԱՄԵԱՆ ՔԱՋԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆը՝
«Ամէն ոք իր մասին է մտածում: Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Ո՛չ ոք ո՛չ մի մարդ չի ուղարկի տաճկական ճակատ` տուն գնացող ռուսներին փոխարինելու: Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրւում` շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:

Բարի լոյս՝ ամէնէն վհատեցուցիչ ՊԱՀԵՐՈՒՆ անգամ ԵԼՔ ու հնար գտնող հայոց ԽԵՆԹԵՐՈՒՆ, որոնք 102 տարի առաջ Մայիս 23ի այս օրը յաղթական գրոհի անցան թրքական զօրքին դէմ, ետ քշեցին զայն՝ հաւանաբար չնախատեսելով անգամ, որ սոսկ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏէ մը անհաւատալիօրէն եւ անհամեմատօրէն ՄԵԾԱԿՇԻՌ, այլեւ ԴԱՐԱԿԱԶՄԻԿ ՇՐՋԱԴԱՐՁ մը կը պարգեւէին ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ՝ Ազատ ու Անկախ Հայկական Պետականութեան ստեղծման ԵՐԱՇԽԻՔ ՅԱՂԹԱՆԱԿը նուաճելով։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail