ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Հայը ձի հեծնայ՝ Աստուած կը մոռնայ. ձիէն իջնայ՝ ձին կը մոռնայ»․․

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – 24 Մայիս 2020 – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Հայը ձի հեծնայ՝

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Հայը ձի հեծնայ՝ Աստուած կը մոռնայ. ձիէն իջնայ՝ ձին կը մոռնայ»․․

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Հայը ձի հեծնայ՝ Աստուած կը մոռնայ.
ձիէն իջնայ՝ ձին կը մոռնայ»․․․

24 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան պահապան ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնց արժանաւոր անմահներէն է «ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵՑՈՅՑ»ը անունով հայոց գրական-մշակութային ու ազգային-հասարակական տարեգիրքներու մեծարժէք շարքին հեղինակ հանրագիտակ հսկան՝ ԹԷՈԴԻԿ։

Մայիս 24ի այս օրը, 92 տարի առաջ, առյաւէտ փակուեցան խուզարկու աչքերը հայ մտքի, մշակոյթի եւ գրականութեան գանձերը լուսարձակի տակ բերող, հայու ստեղծագործական վերաթարմացման երկունքը խրախուսող եւ մեր սերունդները ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔՈՎ պատուաստող անկրկնելի ԹԷՈԴԻԿի, որու կեանքին ու վաստակին նուիրուած է Յուշատետրի այսօրուան փոստը։

Բարի լոյս՝ հանրագիտական իր վաստակէն անդին ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՀԱՅՈՒ թէոդիկեան Աւանդին, որ ցիրուցան մտքերու հասկաքաղով տրուած է Յուշատետրով։

Բարի լոյս՝ յատկապէս ՀԱՅՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՈԳԵԿԵՐՏՈՒԱԾՔԻՆ մասին Թէոդիկի կատարած եւ այսօրուան «Բարի Լոյս»ին խորագիր ընտրուած դիպուկ ախտաճանաչումին, որ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ առումով խոկումի կարեւոր պահ կը ստեղծէ բոլորիս համար։

Անշուշտ որ ԴՐԱԿԱՆ նշանակութիւն ունի իր ձեռնարկած իրագործումին խանդավառութեամբ փարելու եւ ինքնամոռաց նուիրուելու ՀԱՅՈՒՆ ազգային առանձնայատկութիւնը, բայց ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ տանող նման հոգեխառնութիւն անպայման ՉԱՐԻՔի կը վերածուի, երբ մոռացութեան կը մատնուին հիմնական ու կենսական արժէքներ։

Բարի լոյս՝ «ձիու վրայ արշաւելու» ժամանակ զԱստուած չմոռնալու եւ «ձիէն իջնելէ ետք» սեփական կոչումին կռնակ չդարձնելու․․․ ազգային ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ ժողովուրդի վստահութեան միշտ արժանի մնալու ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻՆ, որ հնարաւոր է միայն այն ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ պարագային, որոնք ի վիճակի են ՄԱՔՈՒՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ վարելու Ազգի եւ Հայրենիքի ՂԵԿը։

Որպէսզի իշխանութեան ղեկին գտնուելու ժամանակ թէ պաշտօնէ դադրելէ ետք՝ սեփական ժողովուրդին կարենան ներկայանալ բաց ճակատով ու մաքուր խիղճով։

Հայը ձի հեծնայ՝ Աստուած կը մոռնայ. ձիէն իջնայ՝ ձին կը մոռնայ»․․

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail