Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՈՂՋԻԷՆ ՈՍԿԵՊԱՐ՝ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՈՂՋԻԷՆ ՈՍԿԵՊԱՐ՝ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն

ՈՂՋԻԷՆ ՈՍԿԵՊԱՐ՝ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

25 ՄԱՅԻՍ 2020

Տղաս՝ Ռուբէնը, «Անանիա Շիրակացի» ճեմարանի աշակերտ, յառաջիկայ Սեպտեմբերին արդէն աւագ դպրոց պիտի անցնի, 10-րդ դասարան: Աւագ դպրոց (high school) անցնելէ առաջ, 9-րդ դասարանի բոլոր աշակերտները պէտք է անպայման համայնաքային ծրագիր մը իրականացնեն:

Աշակերտներէն ոմանք ընտրած էին օգնել ծերանոցներուն եւ մանկատուներուն (որբանոց), ուրիշներ բնապահպանական՝ ծառատունկի ծրագիր որոշած էին իրականացնել, իսկ Ռուբէնն ու իր դասընկերը՝ Հայկը, որոշած էին իրենց դպրոցի աշակերտներէն օգնութիւն՝ գիրք, խաղալիք, գրենական պիտոյքներ եւ այլ իրեր հաւաքել ու տանիլ յանձնել սահմանային երկու գիւղերու դպրոցներուն:

Անոնք ընտրեր էին Թուրքիոյ սահմանէն մի քանի քիլոմեթր հեռու գտնուող Շիրակի մարզի Ողջի գիւղը եւ ադրբեջանական յաճախակի գնդակոծութեան ենթարկուող Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղը:

Մարտի սկիզբը Ռուբէնն ու Հայկը երկու մեծ արկղ զետեղեցին դպրոցին մէջ, որպէսզի նուէրներ հաւաքեն աշակերտութենէն, բայց վրայ հասաւ չարաբաստիկ կորոնա ժահրը եւ դպրոցները փակուեցան: Տղաքը մէկ-երկու շաբաթ սպասեցին եւ երբ տեսան, որ ամբողջ տարին դպրոցը փակ պիտի մնայ, որոշեցին առցանց (online) շարունակել իրենց նուիրահաւաքը:

Մի քանի օրէն բազմաթիւ մարդիկ արձագանգեցին իրենց նախաձեռնութեան, եւ երկու օր շարունակ՝ Ռուբէնն ու ես, ինչպէս նաեւ Հայկն ու իր հայրիկը, Երեւանի տարբեր թաղամասերէն խաղալիքներ, գիրքեր ու այլ իրեր հաւաքեցինք Ողջիի եւ Ոսկեպարի դպրոցներուն համար:

Ընկերս՝ Զօհրապ Գահուէճեանը եւ իր դուստրն ու նշանածը, դիմատետրէն տեղեկանալով այս նախաձեռնութեան մասին, 500 տոլար ուղարկեցին Լոս Անճելըսէն: Գումարային նուէրներ ուղարկեցին նաեւ Հայկի հարազատները՝ Նորվեկիայէն եւ Աւստրալիայէն:

Ռուբէնն ու Հայկը այդ գումարներով 20 հեռախօս եւ գրենական այլ պիտոյքներ գնեցին աշակերտներուն համար եւ Շաբաթ օր, Մայիս 23-ին, երկու լաւ բեռնաւորուած մեքենաներով ճամբայ ելանք դէպի Ոսկեպար, Հայկը, իր հայրիկին՝ Երեւանի Ամերիկեան Համալսարանի Քաղաքական Գիտութիւններու Ամբիոնի վարիչ Վահրամ Տէր Մաթեւոսեանի, իսկ Ռուբէնը՝ իմ հետ:

Ճանապարհին կանգ առինք Դիլիջան, սուրճ ու ջուր խմելու: Ծանօթանալու եւ մտերմիկ զրուցելու հաճելի առիթ էր: Երեխաները մանրամասներ պատմեցին իրենց այս ծրագրին մասին: Մեզի համար ալ, երեւի, հաճելի նորութիւն էր տեսնել այդքան արագ հասունցած եւ Հայաստանի մասին ահագին տեղեկութիւն հաւաքած մեր զաւակները:

Նոյնքան հաճելի էր զրոյցը Թուրքիոյ արդի պատմութիւնը խորապէս ուսումնասիրող Վահրամին հետ: Չէի գիտեր, որ Վահրամը Գիւմրիէն է եւ երկրաշարժի վերապրողներէն: Տեղեկացայ, որ ան երեխայ էր, տարրական դպրոցի աշակերտ, երբ երկրաշարժը քանդեց իր քաղաքը՝ Գիւմրին, եւ ան 18 ժամ մնաց դպրոցի փլատակներուն տակ, մինչեւ որ աւերակներու տակէն փրկարարները դուրս հանեցին զինք…

Սուրճէն յետոյ ճանապարհը շարունակեցինք ու մէկ ժամ եւ քիչ մը աւելի քշելէ ետք հասանք սահմանամերձ Ոսկեպար գիւղը: Ճշդուած ժամէն շուտ հասած էինք: Գացինք գիւղի հրապարակ, ուր գիւղապետարանին մէջ պիտի հանդիպէինք գիւղապետին եւ դպրոցի տնօրէնին:

Մինչեւ իրենց ժամանելը, զրուցեցինք ծառի մը շուքին նստած երկու տարեց գիւղացիներու՝ Հրանդին եւ Պայքարին հետ՝ 91 եւ 83 տարեկան: Անոնք մեզի պատմեցին պատերազմէն, գիւղի անցեալէն, մութ ու ցուրտ օրերէն, ադրբեջանական յարձակումներէն: Իմացանք, որ ժամանակին գիւղը ունեցած է աւելի քան 1500 բնակիչ, իսկ այսօր՝ մօտ 600, դպրոցը ունեցած է աւելի քան 265 աշակերտ, իսկ այսօր՝ միայն 65…

Մարդիկ չդիմացան, գացին ռուսաստաններ, անոնցմէ շատեր արդէն ետ գալու մտադրութիւն չունին, իսկ ուրիշներ ամէն ամառ կու գան ու իրենց արձակուրդը կ’անցնեն հարազատներուն հետ…

Պատերազմին ծանր օրեր տեսած են գիւղի բնակիչները: Գնդակոծում, ռմբակոծում, սով, մութ ու ցուրտ օրեր, վիրաւորներ ու զոհեր: Բայց յաղթահարած էին բոլոր դժուարութիւնները, դիմադրած էին բոլոր յարձակումներուն ու պարտութեան մատնած էին թշնամին:

Երկուքն ալ հարազատներ կորսնցուցած էին, երկուքն ալ, խոր ծերութեան այս օրերուն, կարօտներով ու յիշատակներով կ’ապրին, ու դեռ կը հաւատան, որ գիւղը շուտով պիտի վերագտնէ իր անցեալի փառքը:

Հայկն ու Ռուբէնը հետաքրքրութեամբ կը լսէին տարեցներուն պատմութիւնները, իրենց համար սա ուրիշ Հայաստան էր, սա թուրիստներով ու ճաշարաններով յագեցած Երեւանը չէր…

Գիւղապետն ու տնօրէնը երբ եկան հրապարակ, ցտեսութիւն ըսինք ծերունիներուն եւ գացինք գիւղապետարան: Անոնց հետ զրուցելէ եւ մեր ընելիքները ճշդելէ ետք, Հայկին ու Ռուբէնին բերած իրերը իջեցուցինք ինքնաշարժերէն եւ տեղաւորեցինք գիւղապետարանի ժողովասրահին մէջ:

Մինչ այդ, տնօրէնը հեռախօսով գիւղապետարան հրաւիրեց առաջին դասարան անցնող աշակերտները, անոնց ծնողները եւ դպրոցի ուսուցիչները: Երբ բոլորը հաւաքուեցան գիւղապետարան, Ռուբէնն ու Հայկը բացատրեցին, թէ ի՞նչ նպատակով եկած են Ոսկեպար եւ ի՞նչ աշխատանք կատարած են:

Ապա հեռախօսներ յանձնեցին առաջին դասարանի աշակերտներուն, նաեւ խաղալիքներ, գիրքեր ու գրենական պիտոյքներ՝ դպրոցի տարբեր դասարաններուն եւ նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն:

Աշակերտները մայրիկի ու հայրենիքի նուիրուած երգեր երգեցին եւ ասմունքեցին բոլորիս համար: Անպատրաստից հանդէս մըն էր, որ տեղի ունեցաւ համայնքապետարանին մէջ՝ երգով, ասմունքով, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու, գիւղապետի, տնօրէնի քաղցր խօսքերով:

Կրնայինք երկար մնալ, բայց արդէն վերադառնալու ժամը հասած էր: Ցտեսութիւն ըսինք բոլորին ու դժուարութեամբ համոզեցինք ոսկեպարցիներուն, որ պէտք է մերժենք աղբիւրի եզրին իրենց հետ կտոր մը հաց կիսելու առաջարկը: Ճամբայ ելանք դէպի Երեւան ու քիչ ժամանակ անց, տղաքը արդէն մեզի յիշեցուցին, որ առաւօտէն ի վեր բան չեն կերած…

Կանգ առինք ճանապարհի վրայ գտնուող ճաշարաններէն մէկուն մօտ՝ կտոր մը հաց ուտելու: Վայելեցինք գիւղական պանիր, քամած մածուն, կանաչիներ ու խորոված: Տղաքը ուրախ էին, որ իրենց ծրագրի առաջին փուլը յաջողութեամբ աւարտած էր:

Մենք ալ գոհ էինք, որ Հայկն ու Ռուբէնը ամէն ինչ լաւ կազմակերպած էին: Իսկ ամէնէն կարեւորը, ինչպէս ըսաւ Հայկի հայրիկը՝ Վահրամը, ուրախ էինք, որ երկուքն ալ աւելի լաւ սկսած էին ճանչնալ Հայաստանը՝ հեռաւոր գիւղերով, քաջ ու չարքաշ գիւղացիներով…

Յաջորդ ուղեւորութիւնը՝ Ողջի, Վահրամի բացատրութեամբ՝ «հեռաւոր ու մոռացուած մի անկիւն…»: Կը գրեմ այս մասին:

Րաֆֆի Տուտագլեան – ՈՂՋԻԷՆ ՈՍԿԵՊԱՐ
Րաֆֆի Տուտագլեան – ՈՂՋԻԷՆ ՈՍԿԵՊԱՐ
Րաֆֆի Տուտագլեան – ՈՂՋԻԷՆ ՈՍԿԵՊԱՐ

Մինչ այդ՝ գրեցէք ինծի՝
rafdoud@aol.com

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail