ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Բայց քանի որ պիտի ոչնչանանք, աւելի լաւ չէ՞, որ զէնքը ձեռներիս փորձենք պաշտպանել մեզ – Գուցէ յաջողուի մեզ

Բայց քանի որ պիտի ոչնչանանք, աւելի լաւ չէ՞, որ զէնքը ձեռներիս փորձենք պաշտպանել մեզ - Գուցէ յաջողուի մեզ կռուով ձեռք բերել ապրելու իրաւունքը․․․

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Բայց քանի որ պիտի ոչնչանանք, աւելի լաւ չէ՞, որ զէնքը ձեռներիս փորձենք պաշտպանել մեզ – Գուցէ յաջողուի մեզ կռուով ձեռք բերել ապրելու իրաւունքը․․․

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Բայց քանի որ պիտի ոչնչանանք, աւելի լաւ չէ՞, որ զէնքը ձեռներիս փորձենք պաշտպանել մեզ։ Գուցէ յաջողուի մեզ կռուով ձեռք բերել ապրելու իրաւունքը»․․․

25 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան պաշտպանութեան եւ ազատագրութեան կռուի, այլեւ հայ ազգի պահպանման ու վերածնունդի պայքարի բոլոր ռազմաճակատներուն վրայ զինուորագրեալ՝ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ այն ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք կը գիտակցին եւ կը գործեն իրենց ՈՒԺը սեփական ժողովուրդին մէջ գտնելու, ԱԶԳԻ հաւաքական կամքի շղթայազերծման միջոցաւ հրաշքներ գործելու ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ։

Բարի լոյս՝ Սարդարապատի պատմակերտ յաղթանակը կերտած մեր ժողովուրդի քաջարի ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնց բոլորին թարգմանը հանդիսացաւ ԶՕՐԱՎԱՐ ՍԻԼԻԿԵԱՆ՝ անհամեմատօրէն մեծաթիւ թշնամիին, թրքական հայասպան զօրքերուն դէմ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԾԱՌԱՆԱԼՈՒ ռազմի շեփորը հնչեցնելով եւ ՄԱՅԻՍ 28ի ՅԱՂԹԱՐՇԱՒԻՆ թափ տալով Մայիս 24ի իր ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ԿՈՉՈՎ։

Ռուս ցարական բանակին մէջ թրծուած հրամանատար էր Զօր․ Սիլիկեան, որ հայոց պատմութեան ԿԵՆԱՑ-ՄԱՀՈՒ այդ պահուն ՃԻՇԴ ԳՆԱՀԱՏԵՑ հայեւթուրք ԱՌՃԱԿԱՏՄԱՆ ռազմավարական իրավիճակը։ Մէկ կողմէ Զօրավարը ԳԻՏԱԿԻՑ ԷՐ, որ թշնամին ՌԱԶՄԱԿԱՆՕՐԷՆ գերակշիռ առաւելութիւններ կը ներկայացնէր, բայց եւ միաժամանակ միւս կողմէ կ՚անդրադառնար, որ թրքական զօրքը խուժած էր Հայաստանի վերջին բեկորին վրայ ոչ միայն հայ ժողովուրդին տիրապետելու ախորժակով, այլեւ հայութեան բնաջնջման իր պետական ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ՈՃԻՐը ամբորջացնելու նպատակով։

Բարի լոյս՝ ռազմավարականօրէն անյոյս նկատուած պարագաներու մէջ անգամ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒԺՈՎ զինուորական հաւասարակշռութիւններ ԳԼԽԻՎԱՅՐ ՇՐՋԵԼՈՒ հրաշքին հաւատացող ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ, որոնք հանրային իրենց գործունէութեան եւ պաշտօնավարութեան կը նային իբրեւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒՄ եւ այդ ճամբով կը սորվին, որ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ Է ԱՂԲԻՒՐԸ ամէն ուժի եւ բարիքի։

Երբ 1918ի գարնան ցարական բանակը լրիւ քայքայուած էր եւ անոր սպաներէն մինչեւ յետին զինուորները – ռուս ըլլային անոնք թէ ցարական լուծի տակ ապրող այլ ազգութեանց անդամներ – կը լքէին ռազմաճակատը եւ Լենինի հրահանգով «դէպի տուն» կ՚ուղղուէին, հայ ժողովուրդը ունեցաւ ռուսական բանակին ծառայող ՀԱՅ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐ, որոնք գիտցան ԱՐԱՄի կողքին եւ անոր ղեկավարութեան տակ սեփական ժողովուրդին պաշտպան ԿԱՆԳՆԻԼ՝ զինուորականօրէն զօրաշարժի մղելու համար մեր ժողովուրդը եւ, անոր միջոցաւ, նուաճելու ՄԱՅԻՍ 28Ի ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՐԱՇՔը։

Բարի լոյս՝ ժողովուրդին ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԵԱՆ վարակիչ օրինակ տուող եւ ժողովուրդէն հերոսական ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ստացող ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴին, որ մինչեւ մեր օրերը ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՈՒՂԻՆ կը լուսաւորէ Հայաստանի ու Հայութեան առջեւ։

Հայոց զօրքի օրհնութեան արարողութիւնը՝ Սարդարապատի ճակատամարտի նախօրէին

Բայց քանի որ պիտի ոչնչանանք, աւելի լաւ չէ՞, որ զէնքը ձեռներիս փորձենք պաշտպանել մեզ – Գուցէ յաջողուի մեզ կռուով ձեռք բերել ապրելու իրաւունքը․․․

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail