ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Անձնական կեանք չունեցաւ Մինաս Վերածին – Ընտանիք կազմելու բախտէն զրկուեցաւ – Դաշնակցութիւնը ընտրեց իբրեւ իր ընտանիքը․․

Անձնական կեանք չունեցաւ Մինաս Վերածին - Ընտանիք կազմելու բախտէն զրկուեցաւ - Դաշնակցութիւնը ընտրեց իբրեւ իր ընտանիքը․․

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Անձնական կեանք չունեցաւ Մինաս Վերածին – Ընտանիք կազմելու բախտէն զրկուեցաւ – Դաշնակցութիւնը ընտրեց իբրեւ իր ընտանիքը․․

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

«Անձնական կեանք չունեցաւ Մինաս Վերածին։ Ընտանիք կազմելու բախտէն զրկուեցաւ։ Դաշնակցութիւնը ընտրեց իբրեւ իր ընտանիքը»․․․

26 Մայիս 2020

Բարի լոյս՝ 19րդ դարավերջին ծնունդ առած եւ հայ յեղափոխական շարժման ՈՒՂԻՆ հունաւորած պատմակերտ կուսակցութիւններուն, որոնք կոչումի ու առաքելութեան պատուանդանին բարձրացուցին Հայաստանի ու Հայութեան ծառայելու ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴը։

Մայիս 26ի օրը, 75 տարի առաջ, մեր աշխարհէն հեռացաւ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆի եւ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆի ինքնատիպ դէմք մը՝ ՄԻՆԱՍ ՎԵՐԱԾԻՆ, որուն կեանքն ու վաստակը ամփոփ ներկայացուած են Յուշատետրով։

Մ․ Վերածինի յիշատակին ՈԳԵԿՈՉՈՒՄը կ՚ընծայէ առիթը ուշադրութեան եւ խոկումի յատուկ լուսարձակի տակ առնելու ՍԵՓԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ չունենալու եւ իր ընտրած կուսակցութեան մէջ իր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԸՆՏԱՆԻՔը գտնելու ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆՈՂ յանձնառու մեր մտաւորականներուն, որոնք սերունդներ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿՈՓԵՑԻՆ՝ Հայկական Յեղափոխութիւնը մեր կեանքին կիզակէտը դարձնելու ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ, եւ ՈՒՂԵՑՈՅՑ ընտրելով ԱՆԱՆՁՆԱԿԱն ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ բոլոր ՎԵՐԱԾՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։

Այո՛, «Անձնական կեանք չունեցաւ Մինաս Վերածին։ Ընտանիք կազմելու բախտէն զրկուեցաւ։ Դաշնակցութիւնը ընտրեց իբրեւ իր ընտանիքը»։

Եւ եթէ 19րդ դարավերջին ասպարէզ իջած մեր կուսակցութիւնները կրցան երկար տասնամեակներ իրենց խօսքով ու գործով ՈԳԵՒՈՐԵԼ իրերայաջորդ ՀԱՅՈՑ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐը, այդ յաջողութեան գաղտնիքը առաջնահերթաբար պէտք է փնտռել ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ անոնց ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ վերանորոգումին ու վերաթարմացման մէջ։

Բարի լոյս՝ մեր ժողովուրդի երթին վրայ յետադարձ հայեացք նետող եւ պատմութենէն անհրաժեշտ դասերը քաղող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք անցեալի մեր ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ հպարտօրէն ՓԱՐԵԼՈՎ՝ նաեւ կ՚անդրադառնան, որ ԱՐԺԷՔՆԵՐը ՊԱՀԵԼՈՒ համար անհրաժեշտ ու անխուսափելի պայման է անոնց նկատմամբ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆը՝ ե՛ւ բանիւ, ե՛ւ գործքով։

Բարի լոյս՝ իրենց Վարքին ու Բարքին մէջ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԸՆՏԱՆԻՔի իրենց ԱՐԺԷՔՆԵՐը ԱՆՁՆԱԿԱՆ, ԿԵՆԴԱՆԻ՛ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ԱՊՐԵՑՆՈՂՆԵՐՈՒՆ։

Անձնական կեանք չունեցաւ Մինաս Վերածին – Ընտանիք կազմելու բախտէն զրկուեցաւ – Դաշնակցութիւնը ընտրեց իբրեւ իր ընտանիքը․․

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail