ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Առանց Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին՝ ոչ թէ այսօրուայ Խորհրդային Հայաստանը, այլեւ այդ երկրամասի վրայ այսօր ապրող հայութիւն չէինք ունենայ․․․
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Առանց Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին՝ ոչ թէ այսօրուայ Խորհրդային Հայաստանը, այլեւ այդ երկրամասի վրայ այսօր ապրող հայութիւն չէինք ունենայ»․․․
27 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ սեփական Ազգի ու Հայրենիքի պատմութեան էջերուն միշտ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՆՈՐ ԼՈՅՍ գտնելու հայ մարդու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ եւ հպարտութեան։
Բարի լոյս՝ Մայիս 27ի այս օրը ՂԱՐԱՔԻԼԻՍԷԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻՆ 102րդ տարեդարձը ոգեկոչող հայոց սերունդներուն, որոնք ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ իրենց ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆը ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼՈՒ պատեհութիւնը ունեցան՝ անգամ մը եւս յիշելով Հայաստանի եւ Հայութեան վերջին բեկորին վրայ 1918ին արշաւած թուրք ցեղասպան պետութեան զօրքերու հրամանատարին՝ ՎԵՀԻԲ ՓԱՇԱՅԻ խոստովանութիւնը․-
«Ղարաքիլիսան բացառիկ ճակատամարտ էր համաշխարհային այս պատերազմի պատմութեան մէջ։ ․․․Ղարաքիլիսայի տակ հայերը ցոյց տուեցին, որ կարող են լինել աշխարհի լաւագոյն զինուորները»:
Բարի լոյս՝ հին աշխարհի «ՀԻՒԱՆԴ ՄԱՐԴՈՒՆ» զօրքերը պարտութեան մատնած ՋԱՐԴԱԿՈՏՈՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ ժամանակի պատմագիրին վկայութեամբ՝
«Հայ-թուրքական կռիւներում ոչ մի տեղ հայկական զօրքերը այնպիսի խիզախ, անձնուրաց դիմադրութիւն չցուցաբերեցին, ինչպէս այդ արին Ղարաքիլիսայի մօտ հայ գիւղացիները. այդ լեռնական, երկրագործ եւ հովիւ մարդիկ»։
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ ԵՒ ՈՒԺԻՆ ծանրութեան ու ձգողութեան անփոխարինելի պահուստը հանդիսացող ՀԱՅ ՄՇԱԿԻՆ ՈՒ ՌԵՆՉՊԷՐԻՆ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԶԱՆԳՈՒԱԾԻՆ, որ թաւալգլոր անկումի հայոց պատմութեան անիւը շրջելու ԱՐԱՄՆԵՐՈՒ դարակազմիկ ՀՐԱՇՔԸ հնարաւոր դարձուց իր հերոսական ԾԱՌԱՑՈՒՄՈՎ ու օրհասական ՄԱՔԱՌՈՒՄՈՎ։
Եւ ի զուր չպատգամեց ՄԵԾՆ ՆԺԴԵՀը հայոց սերունդներուն, որ՝
«1918թ. Մայիսի վերջերին վարել եմ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտը: Առանց Ղարաքիլիսայի ճակատամարտի ոչ թէ այսօրուայ Խորհրդային Հայաստանը, այլեւ այդ երկրամասի վրայ այսօր ապրող հայութիւն չէինք ունենայ: Ղարաքիլիսայի եռօրեայ հերոսականը գլխովին ոչնչացումից փրկեց Արարատեան հայութեանը եւ հիմքը դրեց Հայկական Պետութեան»:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ