ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ – …Ես անոյժ եմ առանց ձեզ: Հերոսը ինքը ժողովուրդն է – Դէպի գործ եւ աշխատանք, ու յաղթողը մենք ենք լինելու
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ․
– «…Ես անոյժ եմ առանց ձեզ: Հերոսը ինքը ժողովուրդն է։
– «Դէպի գործ եւ աշխատանք, ու յաղթողը մենք ենք լինելու»:
28 Մայիս 2020
Բարի լոյս՝ ՄԱՅԻՍ 28Ի գաղափարական ԱՒԱՆԴով ոչ միայն Ազգն ու Հայրենիքը ապրեցնող ու շէնացնող, այլեւ Հայաստանի եւ Հայութեան ԱՅՍՕՐն ու ԳԱԼԻՔը վերանորոգման հունի մէջ պահող եւ յառաջ մղող մեր ժողովուրդի ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։
Բարի լոյս՝ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՄԲ հզօրացնելու ուղին հարթած մեր ժողովուրդի ոչ-բռնի ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, որուն ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ եւ ՈՒԺԻՆ ամրագրումը կատարելով ՄԱՅԻՍ 28ի իր այսօրուան ուղերձին մէջ՝ Հ․Հ․ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ աւետեց ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի ողջ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ․-
«Արամ Մանուկեանը ասում էր. «…դուք պիտի իմանաք, որ ես անոյժ եմ առանց ձեզ: Հերոսը ինքը ժողովուրդն է եւ եթէ ժողովուրդը պատրաստակամութիւն ունի… աշխատել ու փրկել հայութիւնը վերահաս կործանումից, ապա իմ ու ինձ նման շատերի աշխատանքը ապարդիւն չի անցնի»:
Բարի լոյս՝ ՄԱՅԻՍ 28ի ՊԱՏԳԱՄը իր հարազատութեամբ ու մաքրութեամբ ընկալող եւ իբրեւ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔ սերունդէ սերունդ փոխանցող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք սեփական ժողովուրդին մէջ կը տեսնեն ԱՂԲԻՒՐը ամէն բարիքի ստեղծման եւ ամենայն ուժի սխրանքին։
Եւ վայ այն Ազգին ու Հայրենիքին, որու ՂԵԿին անարժանօրէն կը յայտնուին ԻՇԽԱՆԱՒՈՐՆԵՐ, որոնք ՄԱՅԻՍ 28ն այցեքարտի վերածած եւ ԱՐԱՄԻ անունը յանկերգ դարձուցած իրենց շրթներուն՝ պարզապէս կ՚արհամարհեն ու կ՚անարգեն ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔը եւ իբրեւ ոչխարներու հօտի կը վարուին սեփական ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ հետ։
Բարի լոյս՝ Ամբողջական Հայաստանի ու Ամբողջական Հայութեան մեծ տեսլականը իրականացնելու ՀԱՍՏԱՏԱՔԱՅԼ ԵՐԹԻՆ, որու ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ անփոխարինելի ՎԷՄՆ է ՄԱՅԻՍ 28ն։
Ի վերջոյ՝
«Այսօր մենք հաւատարիմ ենք Սարդարապատի եւ Արցախի յաղթական աւանդներին ու պատգամներին, հաւատացած ենք՝ ունենալո՛ւ ենք մեր երազանքների Հայաստանը՝ արդար, բռնութիւնից զերծ, առաջխաղացման ու փոփոխութեան ձգտող ստեղծագործ հասարակութեամբ, ուժեղ տնտեսութեամբ ու էլ աւելի ուժեղ ու արդիական բանակով»,- ինչպէս որ կը շեշտէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ՄԱՅԻՍ 28ի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ուղերձը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ