ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Պատմութեան Մեծ Համաճարակները – Պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն մարդկութիւնը տառապած է վարակիչ հիւանդութիւններէ

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Պատմութեան Մեծ Համաճարակները – Պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն մարդկութիւնը տառապած է վարակիչ հիւանդութիւններէ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Պատմութեան Մեծ Համաճարակները – Պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն մարդկութիւնը տառապած է վարակիչ հիւանդութիւններէ

11 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն մարդկութիւնը տառապած է վարակիչ հիւանդութիւններէ եւ համաճարակներէ, որոնք մեծաթիւ զոհեր խլած են:

Այս գրութեամբ անդրադառնանք պատմութեան ընթացքին արձանագրուած համաճարակներէն գլխաւորներուն:

* * *

Հռոմէական կայսրութեան մէջ դէպի Արեւելք կատարուած արշաւանքներուն ընթացքին մեծաթիւ զինուորներ վարակուեցան, հաւանաբար` բնական ծաղիկով, եւ վերադարձին, 165-ին պատճառ դարձան համաճարակի: Մինչեւ 180-ական տարիները տեւած համաճարակը խլեց հինգէն տասը միլիոն զոհ:

* * *

Պատմութեան մէջ արձանագրուած ժանտախտի առաջին մեծ համաճարակը սկսաւ 541-ին, Բիւզանդական կայսրութեան մէջ, Յուստինիանոս Ա. կայսեր օրով եւ արձանագրուեցաւ իբրեւ Յուստինիանոսի ժանտախտ:

Ժանտախտը 542-ի գարնան հասաւ Կոստանդնուպոլիս եւ տարածուեցաւ Միջերկրական ծովուն շուրջ, այնուհետեւ արեւելք` դէպի Փոքր Ասիա եւ արեւմուտք` Յունաստան ու Իտալիա:

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 544-ին օրական դրութեամբ հինգէն տասը հազար մարդ կը մահանար:

Համաճարակը հետագային տարածուեցաւ դէպի Հիւսիսային Ափրիկէ, Արաբիա եւ Կեդրոնական Ասիա:

Մինչեւ 750-ական տարիները տեւած համաճարակին զոհ գնաց 25-էն մինչեւ 50 միլիոն անձ:

* * *

Մարդկութեան պատմութեան մէջ իբրեւ Սեւ մահ արձանագրուած ժանտախտը եղաւ ամէնէն մահաբերներէն:

Համաճարակը սկսաւ Կեդրոնական Ասիայէն եւ Մետաքսի ճանապարհով 1343-ին հասաւ Խրիմ: Խրիմէն, նաւերու վրայ գտնուող սեւ առնէտներու եւ ոջիլներու միջոցով տարածուեցաւ Սեւ ծովու մերձակայքը եւ Եւրոպայի խորերը:

Համաճարակին առաջքը առնելու համար վարակուածներուն երակները կը կտրէին կամ թրջոցներով զանոնք կը ծածկէին` այդպէսով աւելի եւս տարածելով վարակը եւ վնասելով թոքերը:

Համաճարակը արագօրէն կը տարածուէր այն վայրերուն մէջ, ուր մարդիկ կը հաւաքուէին փրկուելու յոյսով:

Մինչեւ 1353 տեւած համաճարակին զոհ գնաց 75-էն մինչեւ 200 միլիոն մարդ:

* * *

Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ Արեւելքէն ժամանած «Կրան սէն Անթուան» առեւտրական նաւուն միջոցով 1720-ի յուլիսին ծայր առաւ ժանտախտի համաճարակ մը:

Բնակիչները խուճապի մատնուեցան եւ վարակուածները իրենց տուներէն եւ քաղաքէն վտարուեցան: Հիւանդները կը մահանային վարակուելէն ետք երկուքէն հինգ օրուան ընթացքին:

Փողոցները դիակներով լեցուած էին: Զանոնք հաւաքելու համար իշխանութիւնները 698 թիապարտներ աշխատանքի լծեցին:

Մահուան սպառնալիքով մարսէյցիներուն արգիլուեցաւ լքել քաղաքը, իսկ Փրովանսի բնակիչներուն արգիլուեցաւ մուտք գործել Մարսէյ:

Սակայն համաճարակը տարածուեցաւ դէպի շրջակայ բնակավայրեր` Էքս-ան-Փրովանս, Առլ եւ 1721-ին հասաւ Թուլոն:

Մինչեւ 1722 տեւած համաճարակին զոհ գնաց շուրջ հարիւր հազար անձ:

* * *

Սպանական կրիփ անունով ճանչցուած համաճարակը սկսաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի վերջին շրջանին` 1918-ի գարնան:

Ամերիկայէն Եւրոպա հասնող զինուորներու միջոցով կրիփը տարածուեցաւ: Ֆրանսայի Էթափլ շրջանի զինուորական հիւանդանոցային ճամբարը եղաւ համաճարակի տարածման կեդրոնը:

Համաճարակը արագօրէն տարածուեցաւ եւրոպական բոլոր երկիրներուն մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն:

Համաճարակի տարածման կը նպաստէին ռազմական ճամբաները եւ գաղթակայանները:

Պատերազմող երկիրներուն մէջ համաճարակի տարողութեան մասին նուազագոյն տեղեկութիւններ կը փոխանցուէին, բայց չէզոքութիւն պահպանող Սպանիոյ մէջ թերթերը ազատօրէն կը խօսէին համաճարակի մասին: Այդ պատճառով ստեղծուեցաւ այն թիւր պատկերացումը, թէ Սպանիա ամէնէն աւելի տուժած երկիրն է, ուստի հիւանդութիւնը անուանուեցաւ Սպանական կրիփ:

Սպանական կրիփով վարակուեցաւ շուրջ 500 միլիոն մարդ: Համաճարակին զոհ գնաց 50-էն 100 միլիոն հոգի:

* * *

Պատմութեան մէջ արձանագրուած են նաեւ բնական ծաղիկի, կարմրուկի, մալարիայի, դեղին տենդի, մլակային տենդի, կրիփի եւ բծաւոր տիֆի բազմաթիւ համաճարակներ:

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Պատմութեան Մեծ Համաճարակները – Պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն մարդկութիւնը տառապած է վարակիչ հիւանդութիւններէ

Aztagdaily.com/archives/474875

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail