ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 19 Յունիս 1920. Արամ Երկանեան կ՚ահաբեկէ Շուշիի եւ Պաքուի հայութեան ջարդարար Խան-Խոյսկին

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 19 Յունիս 1920. Արամ Երկանեան կ՚ահաբեկէ Շուշիի եւ Պաքուի հայութեան ջարդարար Խան-Խոյսկին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 19 Յունիս 1920. Արամ Երկանեան կ՚ահաբեկէ Շուշիի եւ Պաքուի հայութեան ջարդարար Խան-Խոյսկին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

19 Յունիս 1920.
Արամ Երկանեան կ՚ահաբեկէ Շուշիի եւ Պաքուի հայութեան ջարդարար Խան-Խոյսկին

19 Յունիս 2020

Ն. Պէրպէրեան

Յունիս 19ին, հարիւր տարի առաջ, Ատրպէյճանի մուսաւաթական առաջին կառավարութեան նախագահը՝ Ֆաթալի Խան Խոյսկի ահաբեկուեցաւ Թիֆլիսի Գոլովինսկի փողոցին (այժմ` Ռուսթավելլի պողոտայ) վրայ։

Ահաբեկիչը Արամ Երկանեան անունով դաշնակցական երիտասարդ մըն էր, որ իր յանդուգն գործողութեամբ առաջին եւ կարեւոր քայլ մը նետեց թուրքեւազերի հայասպան ջարդարարներուն արդար դատաստանի եւ մահապատիժի արժանացնելու Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշած «Նեմեսիս» ծրագրի գործադրութեան ուղղութեամբ։

Խան-Խոյսկի կը հանդիսանար, Ատրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ճիվանշիրի հետ, գլխաւոր պատասխանատուն իթթիհատական թուրքերու ձեռակերտ նորաստեղծ Ատրպէյճանի տարածքին հայութիւնը կոտորելու եւ տեղահան դարձնելու ցեղասպանական ծրագրի մշակումին ու գործադրութեան։

Պատմութենէն ծանօթ է, որ 1918ի առաջին ամիսներուն, օգտուելով ռուսական զօրքերը ռազմաճակատներէն տուն կանչող Լենինի մարտավարական նահանջէն, իթթիհատական Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, Առաջին Աշխարհամարտը արդէն կորսնցնելու պահուն, որոշեց իր ուժերը վերախմբել ու կեդրոնացնել Անդրկովկասի ճակատին վրայ։

Վերագրաւելով Արեւմտեան Հայաստանը` թրքական զօրքերը արշաւեցին Այսրկովկաս: 1918ի Մայիսին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսաի ճակատամարտներու ընթացքին թրքական 3րդ եւ 4րդ զօրախումբերու կրած պարտութենէն յետոյ, թրքական երկրորդ զօրախումբը Ջաջուռ-Համամլու-Ղարաքիլիսա-Դիլիջան-Ղազախ-Ելիզավետպոլ գիծով արշաւեց դէպի Պաքու:

Թուրքերու Պաքու մուտքը մեծ օժանդակութիւն ստացաւ Գանձակի մէջ գտնուող Ատրպէյճանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան մուսաւաթական նորաստեղծ կառավարութեան (նախագահը` Մ. Ֆաթալի Խան-Խոյսկի) կողմէ: Թուրք-մուսաւաթական գործակցութիւնն աւելի ակնառու դարձաւ, երբ 1918ի Մայիսի 27ին Մոսուլէն Գանձակ ժամանեց Կովկասեան թրքական բանակի գլխաւոր հրամանատարը՝ զօրավար Նուրի Փաշա:

Մայիսի վերջերուն Պաքուի ճակատին վրայ գտնուող թրքական ուժերուն ընդհանուր թիւը արդէն հասած էր 18-20 հազարի եւ օրէ օր կ՚աւելնար։ Այդ օրերուն գումարուած՝ Գանձակ գտնուող Ատրպէյճանի կառավարութեան ու Մուսաւաթ կուսակցութեան գործիչներու գաղտնի խորհրդակցութեան ժամանակ, մշակուեցան Նուխիի, Արէշի, կէօքչայի, Շամախի եւ Պաքուի գաւառներու հայութեան կոտորածներու ծրագիրներ:

*
* *

Պատմութեան համար ուշագրաւ է ընդգծել, որ հայութեան դէմ ծրագրուած կոտորածներու գործադրութենէն առաջ, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Բէյբուդ Խան-Ճիվանշիր Նուխիի, Շամախի եւ Պաքուի քաղաքապետներուն ուղղեց գաղտնի հրաման մը, որ կը հրահանգէր.- «Անհրաժեշտ է ոչնչացնել հայերը՝ անոնց դիակներու վրայէն անցնելով մեր նպատակներուն հասնելու համար: Մի՛ խնայէք ոչ ոքի եւ հաւատարմօրէն կատարեցէք ձեզի տրուած հրահանգները»։
Որքա՜ն նման կը հնչէ Հայոց Ցռղասպանութեան ազդանշանը արձակած Թալէաթի հրամանագրին։

Պաքուի հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը (Պոլշեւիկ ղեկավար գործիչ Ստեփան Շահումեանի եւ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր Ռոստոմի միացեալ ղեկավարութեամբ) առանձին անդրադարձի նիւթ է։ Այսօր կը կեդրոնանանք այդ օրհասական կռիւներու ընթացքին, յատկապէս թրքական զօրքերու Պաքու մուտքէն ետք, հայ ժողովուրդին դէմ մոլեգնած ցեղասպանական ոճիրներուն վրայ, որոնց գլխաւոր պատասխանատուներէն էր Խան-Խոյսկին եւ, այդ պատճառով ալ, 1920ի Յունիս 19ին, Արամ Երկանեանի ձեռամբ ստացաւ իր արդար պատիժը։

Այդ օր, ինչպէս պատմական արխիւները կը հաստատեն, «Թիֆլիսի Գոլովինսկու փողոցում անշուք արտաքինով բակապանի վրայ ոչ ոք ուշադրութիւն չդարձրեց: Ծուլօրէն յօրանջող բակապանը յանկարծ կերպարանափոխուեց, երբ երեւաց Խան-Խոյսկին` իր ղոչիներով: Մի պահ միայն թուրք դահիճը տեսաւ ահեղ վրիժառուին ու այլեւս… ոչինչ չտեսաւ:

«Պայթեց Արամի մաուզերը եւ հայակեր դահիճը ընկաւ ջախջախուած գանկով: Եւս երկու կրակոց, ու էլի երկու ղոչիներ հետեւեցին իրենց առաջնորդի օրինակին: Արամը ինքն էլ վիրաւորուեց, սակայն կարողացաւ խուսափել հետապնդումից` ապացուցելով, որ որքան քաջ, նոյնքան էլ հնարամիտ է»։

Ահա՛ ամփոփ ու խիտ նկարագրականը 19 Յունիս 1920ի ահաբեկչական այն հատու գործողութեան, որ առաջին ազդանշաններէն մէկը դարձաւ 1915ի Հայասպանական մեծ Ոճիրով սկսած Հայկական Արհաւիրքի թուրք եւ թաթար պատասխանատուներու արդարահատոյց «Նեմեսիս» գործողութեան։

Աւելի քան ինը տասնամեակ անցած է Հայաստանի եւ հայութեան համար պատմական տարողութեամբ բախտորոշ վերիվայրումներու այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։

Հայասպանութեան արհաւիրքին, ՄԱՅԻՍ 28ի հրաշափառ Յարութեան եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի թուրքեւխորհրդային կործանումին զուգահեռ, հայ ժողովուրդը պատմութեան էջերուն արձանագրեց, Հայկական «Նեմեսիս»ի շնորհիւ, իր մէջքը շտկող եւ ազգային ինքնավստահութիւնը կոփող էջը, որուն առաջին ազդանշաններէն եղաւ 19 Յունիս 1920ին Պաքուի հայասպան Խան-Խոյսկիի ահաբեկումը՝ Արամ Երկանեանի ձեռամբ։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 19 Յունիս 1920. Արամ Երկանեան կ՚ահաբեկէ Շուշիի եւ Պաքուի հայութեան ջարդարար Խան-Խոյսկին

*
* *

Դար մը անցած է Արամ Երկանեանի արդարահատոյց՝ հերոսական քայլէն ասդին։

Հայոց սերունդներու Ազգային Յիշողութեան ու Գաղափարական Ինքնաճանաչման մէջ մինչեւ այսօր տակաւին կ՚արձագանգէ ՊԱՏԳԱՄը Հայոց Վրէժի Անմահ Ահաբեկիչին՝
«Մեր մեռելները հեռու-հեռու անապատների մէջ են, եւ նրանք մեզանից ծաղիկ չեն սպասում, այլ՝ ոճրապարտ գանգերի արիւնը»:

Եւ Հայութեան Վրիժառու Բազուկին Արդար Հարուածը անհրաժեշտ պահուն միշտ ալ իջած է անարգ ոսոխին՝ ՀԱՅԱՍՊԱՆի գլխուն:

Հայոց «Նեմեսիս»ի մեծագոյն վրիժառուներէն է Արամ Երկանեան:
Շուշիի հայութեան ջարդարար Ֆաթալի Խան-Խոյսկիի սպանութեան վերաբերեալ հարկ է նշել, որ մինչ այդ` Հայոց «Նեմեսիս»ը երեք անյաջող փորձ կատարած էր տապալելու Խան-Խոյսկին: Գործը յաջողութեամբ գլուխ հանեց Արամ Երկանեան:

1922 թուականէն սկսեալ, Արամ Երկանեան հաստատուեցաւ արտասահման: Խորհրդային բռնապետութիւնը Հերոսին թոյլ չտուաւ բնակելու իր Հայրենիքին մէջ: Սկիզբը ան ապրեցաւ Ռումանիա, ապա անցաւ Լատին Ամերիկա` հանգրուանելով Արժանթինի Քորտոպա քաղաքը:

Ա․ Երկանեան Գարեգին Նժդեհի մտերիմ ընկերն ու զինակիցն էր, եւ ուր որ ալ գտնուէր՝ կը տարածէր Նժդեհի գաղափարներն ու հաւատամքը՝ Ցեղակրօնութիւնը:

Արտասահմանի մէջ ան գործուն մասնակցութիւն բերաւ հայ հասարակական կեանքին` ողջ եռանդը ներդնելով հայապահպանութեան ու ազգային վերածնունդի գործին մէջ:
Արամ Երկանեան կարճատեւ կեանք ապրեցաւ, բայց ապրեցաւ իմաստալից ու նուիրական կեանքով:

Անոր գաղափարական ուսուցիչը` Շահան Նաթալին, այսպէ՛ս է բնորոշած ԱՐԴԱՐԱՀԱՏՈՅՑ ՀԵՐՈՍԻՆ.

– «Դիտեցէ՛ք իր պատկերը: Եւ անոր ճակատը, աչքերը, դէմքը պիտի պատասխանեն` Հայ Նեմեսիս մը… Զինքը ճանչցայ Պոլիս: Չէի հանդիպած իրեն: Հոգիներու ճանաչողութիւնը ժամանակով չի չափուիր: Բաց գիրք մը, որ ինձ թուեցաւ, թէ ծնած օրէս կարդացած էի: Պարզունակ, անխաթար, սիրտն ու հոգին՝ շրթունքին, բաց ճակատին վրայ եւ հայու աչքերուն մէջ: Կարնեցի տղան ուրիշ բան էր, վկայեց իմ հոգին»:

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 19 Յունիս 1920. Արամ Երկանեան կ՚ահաբեկէ Շուշիի եւ Պաքուի հայութեան ջարդարար Խան-Խոյսկին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail