ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մեծ էր նրա բարոյական ուժը․ չարչի յեղափոխականների չափով չէր կարելի չափել նրան
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Մեծ էր նրա բարոյական ուժը․ չարչի յեղափոխականների չափով չէր կարելի չափել նրան»։
20 Յունիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏը ամէն կարգի թունաւոր ապականման դէմ պաշտպանող ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ անկեղծ զինուորներուն՝ յեղափոխական յառաջամարտիկներուն։
Բարի լոյս՝ հայ քաղաքական միտքը յուզող եւ տագնապեցնող հարցերու շուրջ բանավէճերը ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐի կրթիչ մակարդակին վրայ պահելու ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ առաջնորդուող ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք պարբերաբար ահազանգ կը հնչեցնեն համացանցը այս օրերուն ողողած հայհոյանքի եւ ցեխարձակումներու ԿԵՂԾ «ՄՇԱԿՈՅԹ» մը տարածող վնասակար տարրերու գաղափարական ԱՒԵՐին դէմ։
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՆԵՐՈՒՆ կառչած նորահաս սերունդներուն, որոնց ուղղուած է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ անկորնչելի արժէքներուն գաղափարականօրէն տէր կանգնելու ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐը։
Հայ ազատագրական շարժման անզուգական ֆետայիներէն ՊԵՏՕ երեւոյթին նուիրուած Յուշատետրի այսօրուան՝ Յունիս 20ի վկայութիւնը կ՚եզրափակուի Հ․Յ․Դ․ Օրգան «ԴՐՕՇԱԿ»ի 1896ի առաջնորդող յօդուածի այն շեշտադրումով, թէ՝
«Այսպէ՛ս էր Պետօն․ նա իր ամբողջ գործունէութեան շրջանում մարմնացեալ ոգեւորութիւն էր։ Ոչինչ չէր կարող նրան թուլացնել։ Կեանքի ձախողութիւնները, կրած հալածանքները աւելի էին ամրացնում նրա ոգին, աւելի մեծ ուժով էին նրան առաջ մղում։
«Մեծ էր նրա բարոյական ուժը․ չարչի յեղափոխականների չափով չէր կարելի չափել նրան»։
Պատահական չէ, որ Հայկական Յեղափոխութեան առաջին իսկ քայլերէն հայոց ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐը իբրեւ գերագոյն արժեչափ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆը փնտռած են յեղափոխական սուրբ գործին նուիրաբերուող հայ երիտասարդներուն մէջ, աւելին՝ ահազանգ հնչեցուցած են հայկական միջավայրը արատաւորող «չարչի յեղափոխականներ»ուն դէմ․․․
Բարի լոյս՝ հայ յեղափոխական շարժման ՄԱՔՐԱԿՐՕՆ աւանդներու պահպանման ի խնդիր՝ մեր ժողովուրդին ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆը «սեփականաշնորհող» մերօրեայ փառքի վաշխառուներուն դէմ այսօր ծաւալած գաղափարական պայքարին։
Յեղափոխութեան ժամանակը ոչ միայն չէ անցած հայ ժողովուրդին համար, այլեւ՝ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆը այսօր նորովի կը դիմագրաւէ «չարչի յեղափոխականներ»ը Հայաստանի ու Հայութեան ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՏԱՃԱՐԷՆ դուրս քշելու ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ՑԱԽԱՒԵԼԻՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆը։
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ թեր եւ/կամ դէմ լուտանքով ու կեղտաջուրով հայ մտքի հրապարակը ողողելու եւ վարկաբեկելու սադրանքը հին, այլեւ սպառած ԳՐԱՒ է՝ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ կենսայորդ բարիքէն ու ներգործութենէն զրկելու մեր կեանքը։
ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԻՐ․․․
ԿԱՓԱՐԻՉԸ ԲԱՑՈՒԱԾ է։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ