ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 23 Յունիս 1919. Ազատ ու Անկախ Հայաստանի խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
23 Յունիս 1919.
Ազատ ու Անկախ Հայաստանի խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները
23 ՅՈՒՆԻՍ 2020
Ն. Պէրպէրեան
23 Յունիսի այս օրը, 1919ին, աւարտեցան խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
Հայ քաղաքական մտքին համար ՄԱՅԻՍ 28ի աւանդը անփոխարինելի հարստութիւն է եւ ներշնչման ոգեւորիչ աղբիւր նաեւ ա՛յս առումով՝ ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ու արմատաւորման ուղղութեամբ հայ հասարակութեան արձանագրած յառաջխաղացքէն դասեր քաղելու իմաստով։
Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման առաջին երկուքուկէս տարիները ուսանելի կենսափորձ եւ առաջնորդող ուղի հանդիսացան ոչ միայն սեփական միջոցներով պետականութիւն կերտելու եւ ժողովուրդ պահպանելու, այլեւ բռնատիրական կարգերէ դէպի ժողովրդավարութիւն անցնելու հայ քաղաքական մտքի հաստատակամութիւնը ջրդեղելու ճակատին վրայ։
Առաջին հերթին ուշագրաւ իրողութիւն է, որ Հայաստանի անկախութեան նուաճումէն շուրջ 13 ամիս ետք կատարուեցան ժողովրդավարական առաջին ընտրութիւնները հանրապետական Հայաստանի մէջ։
Հիմնական պատճառը, անշուշտ, Հայաստանի Հանրապետութեան ինչպէս ծնունդը, այնպէս ալ կայացումը յատկանշող մեծ դժուարութիւններն էին։
Փաստօրէն կենաց-մահու՝ օրհասական կռուի մէջ նուաճուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը հռչակող 28 Մայիս 1918ի յայտարարութիւնը, Թիֆլիսի մէջ գործող Հայոց Ազգային Խորհուրդին կողմէ, խորքին մէջ պարզապէս կը հաստատէր, որ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ 1917ին կազմուած Անդրկովկասեան Սէյմի իրողական լուծարումով, Մայիս 1918ի վերջերուն, Հայոց Ազգային Խորհուրդը իրողապէս կը դառնար հայկական գաւառներուն միակ եւ գերագոյն իշխանութիւնը…
1918ին իրապէ՛ս «Անձեւ քաոս» մը կը պարզէին ամբողջ Ռուսաստանը, մանաւանդ՝ Անդրկովկասը եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանը, ուր պատերազմը դեռ աւարտած չէր։ Իսկ փլուզուած Ցարական Կայսրութեան փլատակներուն վրայ, անկախ Հայաստան եւ հայոց պետականութիւն կերտելու Մեծ Երթը սկսած էր՝ շրջապատուած ներքին թէ արտաքին թշնամիներով։
Այդ պայմաններուն մէջ, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը նախ նշանակեց Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութիւնը՝ իր կազմէն Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ, ապա նաեւ իր բազմակուսակցական բաղադրութեամբ առաջացուց Հայաստանի Խորհուրդը, որ նորաստեղծ հայոց պետականութեան օրէնսդրական հիմերը մշակելու առաքելութիւնը ունէր։
Թէեւ Դաշնակցութիւնը տիրական մեծամասնութիւն ունէր թէ՛ Քաջազնունիի կառավարութեան եւ թէ Հայաստանի Խորհուրդին մէջ, այսուհանդերձ՝ յատկապէս օրէնսդիր իշխանութեան ձեւաւորման կոչուած Հայաստանի Խորհուրդի պարագային, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով ընթացան ժողովրդավարական քննարկումներ ու պարզուեցան տեսակէտներու եւ ընտրանքներու բազմակուսակցական բուռն բախումներ։
Սոցիալիստ-Յեղափոխականները, Ժողովրդականները (հետագայ Ռ.Ա.Կ.ի հայաստանեան կորիզը) եւ անկուսակցականները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրական հիմերու ճշդորոշման եւ մշակումին մէջ։
Օրէնսդրական իր բոլոր քայլերուն մէջ, Հայաստանի Խորհուրդը կարեւորութեամբ շեշտեց Սահմանադիր Ժողովի գումարման հրամայականը, որպէսզի Հայաստանի ներ-քաղաքական դաշտը ներկայացնող քաղաքական հիմնական ուժերու եւ կուսակցութիւններու կողքին՝ նոյնինքն ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը ունենայ եւ վճռորոշ խօսքը ըսէ հայոց նոր պետականութեան Հիմնական Օրէնքին եւ սահմանադրական օրէնքներու որդեգրման վերաբերեալ։
Այսպէ՛ս, միաժամանակ ընթացան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու ընդարձակումը, ներքին դժուարութեանց յաղթահարումը (սովահարներու սնունդով ապահովումը, համաճարակներու դէմ պայքարը եւ գաղթականներու պատսպարումը), պետական վարչամեքենայի կառուցումը, ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ պաշտպանութեան կռուաններու ամրապնդումը եւ, մանաւա՛նդ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական հիմերու ճշդորոշումը։
*
* *
Բազմակուսակցական բուռն քննարկումներու արդիւնքով՝ Հայաստանի Խորհուրդը համաձայնութիւն գոյացուց պետական իշխանութիւնը խորհրդարանական կառավարման համակարգով ձեւաւորելու սկզբունքին շուրջ։
Լրացուցիչ՝ որոշում կայացուց նաեւ Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգի որդեգրման շուրջ։
Այդ զոյգ ուղղութիւններով համաձայնութեան յանգելէ ետք, Մարտ 1919ին, Հայաստանի Խորհուրդը որոշեց Մայիսին կատարել տեղական ինքնակառավարման համաժողովրդական ընտրութիւնները, իսկ Յունիսի 21էն 23՝ հանրապետական ընդգրկումով ունենալ խորհրդարանական ընտրութիւններ։
Հայաստանի նորաստեղծ խորհրդարանը պէտք է ունենար 80 պատգամաւոր։
Մարտ 12ին կառավարութիւնը հաստատեց համապատասխան ընտրական օրէնքը, որ հիմնուած էր 1917ի համառուսական ընտրութեանց համար որդեգրուած օրէնքին վրայ։
Ընտրելու իրաւունք ստացան 20 տարիքը լրացուցած բոլոր քաղաքացիները՝ առանց սեռի, դաւանանքի եւ ազգային պատկանելութեան խտրութեան։
Կատարուեցաւ ընտրողներու ստուգման մարդահամար եւ հաստատուեցաւ, որ առանց Կարսի եւ Շարուր-Նախիջեւանի պատերազմական պայմաններու մէջ գտնուող շրջաններուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը օրին ունէր 385.780 քուէարկող։
Կառավարութիւնը նշանակեց նաեւ ընտրական կեդրոնական յանձնաժողովը, որ իր կարգին առաջացուց տեղական համապատասխան յանձնաժողովները եւ ամբողջ երկիրը թեւակոխեց նախընտրական պայքարի բուռն հանգրուանը։
*
* *
Մայիսին կայացած տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւնները աւարտեցան Դաշնակցութեան ընտրացուցակներու ջախջախիչ յաղթանակով, ինչ որ իր անդրադարձը ունեցաւ խորհրդարանական ընտրապայքարի հետագայ ընթացքին վրայ։
Յատկապէս Ժողովրդական Կուսակցութիւնը, որ մինչ այդ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր թէ՛ Հայաստանի Խորհուրդի աշխատանքներուն եւ Քաջազնունիի կառավարութեան, թէ՛ տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններուն, որոշեց պոյքոթի ենթարկել խորհրդարանական ընտրապայքարը։
Ժողովրդականներու այս քայլը ունէր նաեւ հիմնական քաղաքական պատճառներ, որոնց շարքին կարեւորագոյնը Պօղոս Նուպար փաշայի բուռն ընդդիմութիւնն էր Հայաստանի Խորհրդարանի կազմութեան գաղափարին։
Այսուհանդերձ՝ Յունիսի 21էն 23 տեղի ունեցան Հայաստանի անդրանիկ Խորհրդարանի ընտրութեան քուէարկութիւնները, որոնց արդիւնքով՝ պատգամաւորական 80 տեղերէն Դաշնակցութիւնը տիրացաւ 72ին (ստանալով 230.272 քուէ)։
Սոցիալիստ-Յեղափոխականները ունեցան 4 պատգամաւոր, թուրքերը՝ 3, իսկ անկուսակցականները՝ 1 պատգամաւոր։
Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Օգոստոս 1ին։
*
* *
Դաշնակցութեան ընտրական փայլուն յաղթանակն ու նորաստեղծ խորհրդարանէն ներս գերակշիռ ներկայութիւնը հիմնաւոր պատճառներ ունէին։
Անկախ Հայաստանի ստեղծման եւ հայոց պետականութեան կերտման առաջին տարին մեծ յառաջընթաց արձանագրած էր եւ, առ այդ, հայ ժողովուրդը անվերապահօրէն իր վստահութեան քուէն տուաւ Հայաստանի անկախութեան կռիւը գլխաւորած եւ հայոց պետականութեան վերականգնումի ուղին հարթած կուսակցութեան։
Մանաւանդ որ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելու Մեծ Ոճիրէն ետք՝ համաժողովրդային իւրաքանչիւր ընտրութեան արդիւնքով, հայ ժողովուրդը իր մեծամասնութեան վստահութեան քուէին արժանացուց Դաշնակցութիւնը։
Դաշնակցութիւնը կառավարող կամ իշխանաւոր ուժ չէր 28 Մայիս 1918էն առաջ, երբ Արեւմտահայոց թէ Արեւելահայոց իրերայաջորդ Համագումարներուն, այլեւ Փետրուար 1917ի համառուսաստանեան պետական ընտրութիւններուն հայ ընտրազանգուածը մեծաւ մասամբ Դաշնակցութեան տուաւ վստահութեան իր քուէն։
Այդ առումով պատմութենէն դաս չեն ուզեր քաղել նաեւ 1988էն ասդին Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ յայտնուած կուսակցութիւններէն կամ քաղաքական գործիչներէն, նոյնիսկ նորաթուխ դաշնակցականներէն բոլոր անոնք, որոնք կուսակցական իրենց ինքնասիրութեան յագուրդ տալու համար՝ երեք տասնամեակէ ի վեր կը փորձեն թերագնահատել, այլեւ անարգել քաղաքացիական հասունութիւնը մեր ժողովուրդի յեղափոխական պոռթկումներուն՝ տարածելով այն ամբոխային տրամաբանութիւնը, թէ՝ կառավարական ղեկին գտնուող ուժը «ոչխարի հօտ»ի պէս իր ուզած կողմը «կը քշէ, կը տանի» մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը․․․
Մեր ժողովուրդի քուէին ու կամքին նկատմամբ անյարգալիր վերաբերում ունեցող շրջանակները այսօր ալ կը պնդեն, որ 1919ին Դաշնակցութիւնը – իբր կառավարութեան ղեկին գտնուող ուժ – բռնացաւ մեր ժողովուրդի ընտրազանգուածին վրայ եւ իր ընտրացուցակներուն յաղթանակը պարտադրեց՝ կաշառքով կամ․․․ «մաուզեր»ով։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ