ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Վահան Նաւասարդեան (1886-1956). Հայ Յեղափոխական Շարժման եւ Դաշնակցութեան բոցաշունչ գաղափարախօսը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշատետր
Վահան Նաւասարդեան (1886-1956).
Հայ Յեղափոխական Շարժման եւ Դաշնակցութեան բոցաշունչ գաղափարախօսը
24 Յունիս 2020
Ն. Պէրպէրեան
64 տարի առաջ, Գահիրէի մէջ, 24 Յունիս 1956ի վաղ առաւօտեան, անակնկալ անհանգստութեամբ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ, նոյն կէսօրին, մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ Հայ Յեղափոխական Շարժման եւ Դաշնակցութեան բոցաշունչ գաղափարախօսը։
«Ընկեր Վահան Նաւասարդեան ոչ եւս է»՝ գուժեց «Յուսաբեր», Հ.Յ.Դ. Եգիպտոսի պաշտօնաթերթը, որ ձեռակերտն ու միանգամայն պատուանդանը հանդիսացաւ մարտունակ Հրապարակագրին։
Աշխարհով մէկ, Միջին Արեւելքի հայօճախներէն մինչեւ Յունաստան, Ֆրանսա, Մ. Նահանգներ ու Հարաւային Ամերիկա, Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը՝ իր շարքերով եւ կառոյցներով, գաղափարակից միութիւններով ու ուղեկից ազգային իշխանութիւններով՝ պաշտօնական սուգ պահեց օրերով։
Այդպէ՛ս հանդիսաւոր շուքով վարագոյրը իջաւ կեանքին ու գործունէութեան վրայ գաղափարական պայքարի այն անխոնջ Դրօշակիրին, որուն աշխատունակութիւնը առասպելական էր՝ օրական մինչեւ 16 ժամի հասնելով։
Անցեալ դարու քսանականներու երկրորդ կէսէն մինչեւ 1956, Վահան Նաւասարդեան անվիճելիօրէն հանդիսացաւ Հայ Յեղափոխական Շարժման եւ անոր ամէնէն մարտունակ ու կազմակերպ հոսանքին՝ Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական-ռազմավարական ուղին վերանորոգող, Ազգի եւ Հայրենիքի դիմագրաւած նորայայտ խութերը յաղթահարող գաղափարապաշտութեան եւ լուսաւոր գալիքին հանդէպ հաւատք ու ինքնավստահութիւն ներշնչող Յառաջամարտիկ Պատգամաբերը։
*
* *
Հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս տարագիր հայութեան կեանքի աւելի քան երեսնամեայ` 1921էն մինչեւ 1950ականներու կէսերը երկարած այդ ամբողջ ժամանակաշրջանը, փաստօրէն, դրոշմուեցաւ տիրական ու ղեկավար ներգործութեամբը Վահան Նաւասարդեանի եւ դաշնակցական մեծանուն միւս Հսկային՝ իրմէ միայն երեք ամիս առաջ մահացած ԴՐՕի։
Հ.Յ.Դ. իրերայաջորդ Բիւրոներուն իրենց երկարամեայ անդամակցութեամբ եւ առանձնայատուկ սերտ գործակցութեամբ՝ ԴՐՕ իբրեւ մրրկածին մարտիկ եւ Նաւասարդեան իբրեւ մարտունակ գաղափարախօս, տիրական ու ղեկավար ներկայութիւն դարձան այն աստիճան, որ ուժի եւ իշխանութեան կեդրոնացման վատառողջ նախադէպ առաջացուցին Դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքին մէջ՝ երբեմն նաեւ անձնակեդրոն ղեկավարման վտանգին ու տագնապին մատնելով ապակեդրոնացման իր աւանդներով միս ու ոսկոր կապած Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը։
Այդուհանդերձ՝ տարագիր հայութեան եւ Դաշնակցութեան կեանքի այդ դժուարին ու բախտորոշ հանգրուանին, քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդին, Նաւասարդեան եւ ԴՐՕ երկեակը հիմնական դերակատարութիւն ունեցան ոչ միայն խորհրդայիններու ծաւալած հակադաշնակցական կրքոտ պայքարը ըստ ամենայնի դիմագրաւելու, այլեւ՝ նորակազմ Սփիւռքը զինք ներքնապէս կրծող վտանգաւոր ցեցին՝ տեղայնամտութեան եւ մասնատման չարիքին դէմ պաշտպանելու առումներով։
Նման տարողութեամբ եւ դերակատարութեամբ դաշնակցական ղեկավար գործիչը եղաւ Վահան Նաւասարդեան, որուն մահուան 64րդ տարելիցը կ՚ոգեկոչենք 24 Յունիսի այս օրը։
*
* *
Ղարաբաղի ծնունդ է Վահան Նաւասարդեան։
29 Նոյեմբեր 1886ին ծնած է Շուշի, որուն ռէալական վարժարանը աւարտելէ ետք, յաճախած է Պաքուի առեւտրական վարժարանը։
Բարձրագոյն իր ուսումը ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ՝ վկայուելով Տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն։
Ուսանողական տարիքէն իսկ՝ Նաւասարդեան դրսեւորած է հռետորական եւ հրապարակագրական իր տաղանդը։ Յանդուգն նկարագրի եւ յախուռն գաղափարներու տէր երիտասարդ՝ ան կանուխէն, Շուշիի մէջ, անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան ու կազմակերպական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց աշակերտական եւ ուսանողական շրջանակներու մօտ։
Իբրեւ այդպիսին՝ 1905ին ան ընտրուեցաւ երիտասարդ պատգամաւոր, մասնակցելու համար Էջմիածնի մէջ գումարուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, որուն կը նախագահէր Սիմոն Զաւարեան։
Հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ հայկական ընդվզումի, ինչպէս եւ համառուսական առաջին յեղափոխութեան ու հայ-թաթարական ընդհարումներու բուռն եւ խառն ժամանակաշրջանն էր։ Հարիւրաւոր պատգամաւորներու ներկայութեան երիտասարդ Նաւասարդեանի բոցաշունչ ելոյթը՝ ցարական իշխանութեանց հակահայ եւ գրգռիչ քաղաքականութեան դէմ, արժանացաւ ոչ միայն Ժողովի գնահատանքին, այլեւ ցարական ոստիկանութեան ուշադրութեան, որուն արձակած ձերբակալման հրամանագրէն Նաւասարդեան մազապուրծ ազատեցաւ՝ փախուստի դիմելով։
Ս. Փեթերսպուրկէն վերադառնալով Պաքու՝ Նաւասարդեան լծուեցաւ կազմակերպական աշխատանքի, միաժամանակ աշխատակցելով շրջանի դաշնակցական մամուլին – Պաքուի «Արեւ»ին, Թիֆլիսի «Հորիզոն»ին եւ Շուշիի «Ապառաժ»ին։ Այս շրջանին ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Ոսկանապատի (Պաքուի) Կ. Կոմիտէի անդամ, որ օրին արեւելահայ իրականութեան մէջ գործող դաշնակցական ամէնէն ծանրաբեռնուած մարմինն էր։
1917ին, Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանի տեսուչ Գարեգին Եպիսկոպոսի հրաւէրով, ուսուցչական ծառայութեան կոչուեցաւ եւ, նորահաս սերունդի գաղափարական պատրաստութիւն ջամբելու կողքին, կազմակերպական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց իբրեւ Հ.Յ.Դ. Մրգաստանի (Երեւան) Կ. Կոմիտէի անդամ։
Վահան Նաւասարդեան արդէն հասած էր քաղաքական եւ գաղափարական իր կենսունակութեան բարձրակէտին։
Ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով քայքայուող կովկասեան ռազմաճակատի վերաշխուժացման դրօշակիրներէն մէկը ըլլալով՝ Նաւասարդեան քաղաքական ու կազմակերպական մեծ ներդրում ունեցաւ դասալիք կամ «տուն կանչուած» ռուս զինուորներու դիրքերը հայ կամաւորական ուժերով փոխարինելու եւ պահպանելու դժուարին գործի իրականացման մէջ։
Հուսկ ընտրուեցաւ անդամ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) Քաղաքային Վարչութեան, որուն նախագահն էր, այդ օրերուն, Ալեքսանդր Խատիսեան։ Իսկ երբ Խատիսեան կանչուեցաւ Թիֆլիս՝ Նաւասարդեանի վստահուեցաւ Ալեքսանդրապոլի քաղաքապետի պատասխանատուութիւնը։
Քաղաքապետի այդ առաքելութիւնը եւս Նաւասարդեան յաջողութեամբ պսակեց՝ իր կարեւոր ներդրումը ունենալով Ղարաքիլիսայի հերոսամարտի կազմակերպման մէջ։
*
* *
Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք, Վահան Նաւասարդեանի յանձնուեցաւ Թիֆլիսի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը։
Հայ-ռուսական եւ հայ-վրացական յարաբերութիւններու կանոնաւորման լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Վահան Նաւասարդեանի վիճակուեցաւ, թէ՛ գաղափարական եւ թէ քաղաքական առումներով, Թիֆլիսի մէջ հայանպաստ հող պատրաստելու դժուարին, այլ զգայուն պատասխանատուութիւնը։
Երբ հայ-վրացական յարաբերութիւնները վատթարացան եւ պատերազմը անխուսափելի դարձաւ հայկական ու վրացական զօրքերու միջեւ, Նաւասարդեան ենթարկուեցաւ Թիֆլիսի ոստիկանութեան հետապնդումին։ Ստիպուեցաւ ընդյատակ անցնիլ եւ իր թագստոցէն վարել հայ-վրացական հաշտութեան բանակցութիւնները։
Այնուհետեւ ընտրուեցաւ Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւոր եւ փոխադրուեցաւ Երեւան։ Օրէնսդրական աշխոյժ գործունէութեան կողքին՝ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին-դիւանագիտական աշխատանքներու հունաւորումին, յատկապէս հայեւռուսական բանակցութիւններու շրջագիծէն ներս։
1920ի աշնան սաստկացած քեմալական ներխուժման շրջանին, Նաւասարդեան ամբողջութեամբ լծուեցաւ ռազմաճակատի կազմակերպման ու ամրապնդման աշխատանքներուն։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք, որոշեց արտասահման անցնիլ, բայց վրացական սահմանի վրայ ձերբակալուեցաւ եւ Երեւան բերուեցաւ ու բանտարկուեցաւ։
Յաջողեցաւ բանտէն փախուստ տալ, Պաթումի վրայով արտասահման անցաւ, կարճ ժամանակով գործեց Պոլսոյ մէջ եւ, 1923էն ետք, վերջնականապէս հաստատուեցաւ Գահիրէ, Եգիպտոս։
*
* *
Վահան Նաւասարդեանի սփիւռքեան գործունէութեան աւելի քան երեսնամեայ շրջանը նոյնացաւ Եգիպտոսի հայ գաղութի, յատկապէս «Յուսաբեր»ի պատմութեան հետ։
Ստանձնելով «Յուսաբեր»ի խմբագրութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, օգտուելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարագիր ղեկավարութեան Գահիրէ կեդրոնացումէն՝ Նաւասարդեան յաջողեցաւ գաղափարական ճառագայթումի գլխաւոր կեդրոնի մը վերածել Եգիպտոսի դաշնակցական կազմակերպութիւնը։
Իր շուրջ համախմբելով տեղական թարմ ուժեր եւ հաւատաւոր երիտասարդներ՝ Նաւասարդեան կրցաւ ոչ միայն «Յուսաբեր»ը վերածել պատուաբեր հաստատութեան մը, այլեւ՝ թափ տալ համասփիւռքեան ընդգրկումով ազգային-հասարակական եւ մշակութային-կրթական ծաւալուն գործունէութեան։
Այդ ճամբուն վրայ հիմնական նուաճում մը հանդիսացաւ «Համազգային» Հայ Մշակութային Միութեան հիմնադրութիւնը, որուն նախաձեռնողները գլխաւորաբար Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանն էին, իսկ Համօ Օհանջանեանի, Գասպար Իփէկեանի եւ Ստեփան Եսայեանի պէս հեղինակութեանց կողքին, նաեւ ու մանաւանդ, Նաւասարդեան եւս իր կարեւոր աջակցութիւնը բերաւ։
Ե՛ւ եգիպտահայ գաղութի, ե՛ւ «Յուսաբեր»ի (իր օրաթերթով, յաւելուածներով ու հրատարակչականով) կեդրոնական դերակատարութիւնը աւելիով շեշտուեցաւ 1933ի Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդհանուր Ժողովէն ետք։
Նորընտիր Բիւրոյի նստավայրը Փարիզէն Գահիրէ տեղափոխուեցաւ, իսկ 1933ի Յունուարին փարիզեան իր հրատարակութենէն դադրած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի երկարատեւ (ի դէպ, մինչեւ 1969ի Պէյրութ վերահրատարակութիւնը) բացը լեցնելու եկաւ «Յուսաբեր»ը, իբրեւ անպաշտօն Հ.Յ.Դ. կեդրոնական օրգան։
Սփիւռքեան աւելի քան երեսնամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շուրջ քառորդ դարու անդամակցութիւնը Վահան Նաւասարդեանի անունին կապեցին գաղափարական եւ քաղաքական աշխատութիւններու ամբողջ ժառանգութիւն մը։
Իր աշխատունակութեան շնորհիւ, Նաւասարդեան յաջողեցաւ թէ՛ հասնիլ օրաթերթի հեւքոտ ու մաշեցնող առօրեայ պարտաւորութեանց, թէ՛ հայ քաղաքական մտքի գանձարանը հարստացնել մնայուն արժէք ներկայացնող երկերով։
«Ի՞նչ չէր եւ ի՛նչ պիտի լինէր մեր ուղին», «Հ.Յ.Դաշնակցութեան Անելիքը», «Դաշնակցութեան «Լիկվիտացիան», «Ընկերվարութիւնը եւ Դեմոկրատիզմը», «Դաշնակցութեան քաղաքական ուղին», «Եղիշէ Չարենց», «Աշխարհի նոր բաժանումը», «Նեղուցները», «Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը», «Մեր աննման տղաքը», «Գաղափարների Ոգին», «Հ.Յ.Դ. Գաղափարաբանութիւնը» եւ այլ խորագիրներու տակ առանձին հատորով լոյս տեսած Վահան Նաւասարդեանի գործերը, ինչպէս նաեւ դաշնակցական մամուլի էջերուն ցրուած անոր յօդուածաշարքերն ու ուսումնասիրութիւնները անկորնչելի հարստութիւնը դարձան դաշնակցական մտածողութեան։
*
* *
Նաւասարդեանի գործերը հունաւորեցին Դաշնակցութեան տարագիր շրջանի քաղաքական ռազմավարութիւնը՝ հակահամայնավար գաղափարական պայքարի, արեւմտամէտ կողմնորոշումի եւ ժողովրդավարական արժէքներու պահպանման ուղղութեամբ։
Անոնք եղան նորահաս սերունդներու ազգային-քաղաքական եւ յեղափոխական-դաշնակցական կազմաւորման հիմնական աղբիւրներ։ Նաեւ ու մանաւանդ՝ քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդի գաղափարական շարժումներու վերանորոգման ընդհանուր հունին մէջ, Նաւասարդեանի գաղափարները վերաթարմացուցին հայ քաղաքական միտքը՝ դաշնակցական աշխարհայեացքն ու մտածողութիւնը դարու ոգիին հետ այժմէականացնելով։
Նոյնիսկ այսօր, իր մահէն 64 տարի ետք ալ, Վահան Նաւասարդեան այժմէական իր պատգամը ունի հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն։
Հայաստանի անկախութեան պահպանումն ու հայոց ազգային պետականութեան ամրապնդումը ամէն բանէ վեր դաւանող Նաւասարդեանի կտակը այսօր եւս, աւելի քան երբեք, կ՚առաջնորդէ հայ քաղաքական միտքը։
Ժողովրդավարական արժէքներու վրայ խարսխուած ընկերվարական արդարութեան եւ հաւասարութեան ձգտելու Նաւասարդեանի կտակը, նոյնպէս, համահունչ է եւ ներշնչման աղբիւր կը մնայ՝ 21րդ դարու գաղափարական որոնումներու կիզակէտին հետ քայլ պահելու առումով։
Իսկ գաղափարներու ոգիով սեփական կեանքն ու ամբողջ ազգի եւ հասարակութեան լինելիութիւնը հարստացնելու Նաւասարդեանի կտակը, անկասկա՛ծ, բոլոր ժամանակներուն եւ սերունդներուն համար ուսանելի պատգամ է եւ մտքերու քննարկման ու բիւրեղացման սատարող մտաւորական սնունդի յորդառատ աղբիւր է։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ